Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

November 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

 

 

Իսրայէլեան բռնարարքներու անդադար շարունակութեան լոյսին տակ, Լիբանանի մէջ միաժամանակ անընդհատ կը տարածուին հաւանական զինադադարի մասին յաջորդական եւ հակասական տուեալներ՝ անորոշութեան եւ յաւելեալ մտահոգութեան մատնելով քաղաքացիները: Այդ ծիրին մէջ, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, թէ զինադադարի առաջադրուած բանաձեւին մէջ երկու կողմերը յանձնառութիւն կը յայտնեն ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան, սակայն միաժամանակ անհրաժեշտութեան պարագային վերապահուած է երկու կողմերուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը: Ըստ իսրայէլեան կողմին, բանաձեւի սեւագիրը կը շեշտէ, թէ լիբանանեան բանակը պէտք է ըլլայ հարաւի մէջ գործող միակ ուժը՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն կողքին, իսկ Լիբանանին զէնք մատակարարելու որեւէ համաձայնութիւն պէտք է կնքուի բացառաբար բանակին հետ: Առաջարկին մէջ իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերէն կը պահանջուի լիբանանեան հողէն հեռանալ 7 օրուան ընթացքին: Այսուհանդերձ, հաւանական զինադադարի մասին բոլոր խօսքերը կը մնան ենթադրութիւններու եւ չճշդուած տուեալներու ծիրին մէջ: Երեկոյեան, CNN-ը հաղորդեց, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը լաւատես է զինադադարի ամերիկեան առաջարկի ընդունումին առնչութեամբ եւ յոյս ունի, որ Հըզպալլա համաձայնի անոր: Կ’ակնկալուի, որ 60 օր զինադադար յայտարարելու առաջարկին լիբանանեան պատասխանը ուղարկուի Երկուշաբթի օր: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ստացած է զինադադարի ամերիկեան առաջարկը, ժխտելով թէ այնտեղ իսրայէլեան ուժերուն իրաւունք կը տրուի ազատօրէն շարժելու լիբանանեան հողին վրայ: «Կը շեշտենք Լիբանանի գերիշխանութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը», հաստատեց Պըրրի:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԳԵՏՆԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ

Next Post

  ՅԱՐԳԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

  ՅԱՐԳԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.