Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԳԵՏՆԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ

November 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԳԵՏՆԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ

 

 

ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործողութիւնները համակարգող գրասենեակը մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդային յարձակումներու բազմացումին եւ անոնց պատճառած մարդկային կորուստներու աճին առնչութեամբ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ պատերազմի զոհերուն թիւը բարձրացած է 3445-ի, վիրաւորներուն թիւն ալ՝ 15 հազարի:

Յաջորդական 4-րդ օրն ըլլալով, իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններուն գլխաւոր մասը երէկ կեդրոնացաւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մինչեւ գիշերուայ ուշ ժամերը, իսրայէլեան օդուժը ընդմիշտ ներկայ էր Պէյրութի եւ այլ շրջաններու տարածքին: Հարաւային արուարձաններուն մէջ ռմբակոծուեցան մասնաւորաբար Ղոպէյրի, Պըրժ էլ Պարաժնէ, Հարէթ Հրէյք եւ Հատաս թաղամասերը:

Իսկ հարաւի մէջ, իսրայէլեան ուժերը հրետանային եւ օդային հարուածներ տուին Նապաթիէ քաղաքին եւ մերձակայ գիւղերուն, Խիամին, Սուրի ժողովրդային տուներուն, Արապսալիմին, Պայյատային, Թըպնինին եւ շարք մը այլ շրջաններու՝ պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ մեծ կործանում: Երեկոյեան հաղորդուեցաւ, թէ ամբողջ ընտանիք մը զոհուած է հարաւային Այն Քանա գիւղին մէջ՝ բնակարանի մը ռմբակոծումին պատճառով: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ գործողութիւններուն թիրախ էին Հըզպալլայի Ռատուան յատուկ ուժերուն կեդրոնները:

Պաալպաքի մէջ հողին յանձնեցին Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութեան նահատակները, որոնք զոհուեցան ծառայութեան Պաալպաքի տարածաշրջանային կեդրոնի թիրախաւորումին պատճառով: Բժշկական մարմինները կը կատարեն DNA-ի քննութիւններ՝ պարզելու համար մնացեալ զոհերուն ինքնութիւնը: Քաղաքացիական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Ռէմոն Խաթթար տեղի ունեցածը համարեց միջազգային բոլոր ուխտերու խախտում ու վերահաստատեց, որ իսրայէլեան կողմէն որեւէ սպառնալիք չէր ուղղուած Պաալպաքի կեդրոնին:

Ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ցաւակցեցաւ զոհերու հարազատներուն եւ հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերն ու քաղաքացիական անվտանգութեան կամաւորները պիտի մնան քաղաքացիներուն կողքին՝ անհրաժեշտութեան պարագային օգնութիւն տրամադրելու համար: «Միայն դատապարտումի խօսքերը բաւարար չեն, այլ անհրաժեշտ է միջազգային անյապաղ շարժում», ըսաւ Մաուլաուի:

Իսրայէլեան գործողութիւններուն զուգահեռ, Հըզպալլա յայտարարեց շարք մը բնակավայրեր, զօրամասեր եւ զինուորական կուտակումներ թիրախաւորելու մասին: Իսկ «Ժազիրա» ցանցը հաղորդեց, թէ երկու հրթիռ արձակուած է լիբանանեան սահմանային Քֆարքիլայի այն հատուածին վրայ, ուր ներթափանցած էին իսրայէլացի զինուորներ՝ բնակարանները պայթեցնելու նպատակով:

Share62Tweet39
Previous Post

Մարզական

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

Next Post
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.