ՃԱՏՐԱԿ
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱԿԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱՅԼԻՆ
Փեթրովաքի մէջ (Մոնթենեկրօ) եզրափակուեցաւ 2024-ի ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան 4-րդ փուլը:
Հայերը առաջատարներու շարքին են, յանձնինս Ռոպերթ Յովհաննիսեանի եւ Արամ Յակոբեանի, որոնք ունին 3.5 միաւոր: Այլ կրոսմայսթըրներ՝ Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան ունին 3 միաւոր:
Նշենք, որ 4 կէտով Ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան առաջատարներու շարքին են կրոսմայսթըրներ Ֆրետերիք Սվէյն (Գերմանիա) եւ Մաքսիմ Չիքաեւ (Ռուսաստան)։
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆԸ՝ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ
Ողիմպիական խաղերու եռակի, ինչպէս նաեւ աշխարհի եւ Եւրոպայի եօթակի ախոյեան, վրացի ծանրաբարձ Լաշա Տալախածէն այսուհետեւ պիտի չմասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան, քանի որ ան «Վրացական երազանք» կուսակցութեան կողմէ ընտրուեցաւ Վրաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր:
31-ամեայ Լաշան արդեօք պիտի կարենա՞յ քաղաքականութեամբ զբաղուիլ եւ միեւնոյն ժամանակ շարունակել ծանրամարտի ասպարէզը: Այս մասին վրացական «Politico» լրատուական կայքի թղթակիցը ախոյեանէն ստացաւ հետեւեալ պատասխանը.- «Ասոնք բնաւ իրար չեն հակասեր, սակայն ներկայիս երկիրս իմ կարիքը ունի: «Վրացական երազանք»ը ճիշդ այն ուժն է, որ անհրաժեշտ է մեր երկրին՝ խաղաղութիւնն ու միասնութիւնը պահպանելու համար։ Տեսնենք, թէ ապագային ինչպէս կը դասաւորուի… Ես միշտ աջակցած եմ եւ պիտի շարունակեմ աջակցիլ մեր երկրին այնտեղ՝ ուր պէտքը զգացուի»:
«ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԻԿԱ» – 5-ՐԴ ՓՈՒԼ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՖԱՐՕ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
ԱՅՍՕՐ.
Ղազախստան x Աւստրիա (17:00)
Հայաստան x Ֆարօ Կղզիներ (19:00)
Հիւսիսային Մակեդոնիա x Լաթվիա (21:45)
Յունաստան x Անգլիա (21:45)
Ֆրանսա x Իսրայէլ (21:45)
Պելճիքա x Իտալիա (21:45)
Իրլանտա x Ֆինլանտա (21:45)
Սլովենիա x Նորվեկիա (21:45)
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերին
Կիպրոս x Լիթվանիա (19:00)
Հիւսիսային Իրլանտա x Պելառուսիա (21:45)
Սան Մարինօ x Ճիպրալթար (21:45)
Լիւքսեմպուրկ x Պուլկարիա (21:45)
Սկովտիա x Խրուաթիա (21:45)
Դանիա x Սպանիա (21:45)
Ռումանիա x Քոսովօ (21:45)
Փորթուկալ x Լեհաստան (21:45)
Զուիցերիա x Սերպիա (21:45)
Յիշեցնենք Հայաստանի դիրքը դասաւորման աղիւսակին մէջ.
ՉԱԽԱԼԵԱՆ ԿԸ ՊՆԴԷ ԹԷ «ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ»
Հայաստանի ազգային հաւաքականի ժամանակաւոր գլխաւոր մարզիչ Սուրէն Չախալեան Ազգերու լիկայի նախավերջին փուլի՝ Ֆարօ կղզիներու դէմ այսօր կայանալիք խաղէն առաջ կազմակերպուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն եւ ըսաւ. «Ֆութպոլի մէջ շատ բան փոխուած է, բոլորն ալ խաղալ սորվեր են։ Ահա Ֆարօ կղզիներուն արդիւնքները. ոչ մէկ խումբ չի կրնար հեշտ յաղթանակ ապահովել անոնց նկատմամբ։ Անոնք մեծ յարգանքով կը մօտենան մրցակիցին։ Ամէն ինչ պիտի ընենք՝ յաղթելու համար։ Թէ ինչպէ՞ս կը յաղթենք՝ վաղը մենք ցոյց կու տանք խաղադաշտին վրայ»։
Աւելցնելով նաեւ. «Ցաւօք, այսօր մեր առջեւ դրուած նպատակը յառաջիկայ երկու հանդիպումներն են, պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ յաղթենք։ «Երկրպագուներուն աջակցութիւնը միշտ շատ օգնած է հաւաքականին: Անոնց գործօնը բոլորիս համար կարեւոր է: Յոյսով եմ, որ վաղն ալ անոնց աջակցութիւնը կ’ունենանք»,- ըսած է Սուրէն Չախալեան մամուլի ասուլիսի ժամանակ:
Նշենք, որ մեր ընտրանին, Ազգերու լիկայի խաղարկութեան ծիրին մէջ, 14 Նոյեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզդաշտին վրայ պիտի ընդունի Ֆարօ կղզիներուն հաւաքականը, իսկ երեք օր ետք՝ 17 Նոյեմբերին, ելոյթները պիտի եզրափակէ Լաթվիոյ մէջ նոյն հաւաքականին դէմ խաղով։