Հետաքրքրական է այս գրութեանս պատմութիւնը, որովհետեւ 2023 Փետրուարին, Տաուտիէի մասին պատրաստած հաղորդումս ու տեսագրութիւնը, անցեալ ամսուան մէջ, երբ Վազգէն Քէլխաչերեան կ’այցելէ Ժան Տէր Գէորգեանին, իր բջիջայինով անոր ցոյց կու տայ յիշեալ տեսագրութիւնը, եւ Ժան Տէր Գէորգեան, որ Տաուտիէ ծնած է, դիտելով այդ տեսագրութիւնը՝ գոհունակութեամբ շնորհակալ կ’ըլլայ, որ այս հաղորդումն ու տեսագրութիւնը պատրաստած եմ: Վազգէն Քէլխաչերեան whatsApp-ով զիս տեղեակ պահեց իր հանդիպիպումին եւ տեղի ունեցած խօսակցութեան մասին: Իրա՛ւ որ ուրախացայ. անմիջապէս հեռաձայնեցի Վազգէնին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու: Զրոյցին ընթացքին Վազգէնէն խնդրեցի, որ իր յաջորդ այցելութեան տեղեկութիւններ քաղէ Ժան Տէր Գէորգեանի մասին՝ անոր կենսագրութեան առնչուող հարցումներ ուղարկելով: Սիրայօժար, Վազգէն ճիգ չխնայեց եւ Ժան Տէր Գէորգեանին այցելութիւններ տալով քաղեց այն ինչ որ կարելի էր նօթագրել՝ նկատի ունենալով Ժան Տէր Գէորգեանի յիշելու դժուարութիւնը՝ մոռացկոտութիւնը: Բայց տեսէք ինչ պատահեցաւ: Նախ աննկատ, բայց երբ Վագգէն կը բացատրէ Ժանին, որ Շաքէ Մանկասարեանը նպատակ ունի յօդուած մը գրել իր մասին, այդ միջոցին Ժան Տէր Գէորգեան կը յիշէ ու կ’ըսէ. «ինծի ծանօթ է այս անուն-մականունը, ո՞ւր կարդացած եմ» կը մտմտայ ու ահա կը պատահի անակնկալը. գրադարանէն կը բերէ Գէորգ Պետիկեանի գիրքը՝ ԲԱՐԵՒ ՀԱԼԷՊ, հրատարակուած 2007-ին, Համազգայինի Սուրիոյ վարչութեան հրատարակութեամբ, ուր գրուած է մեկենասներ Շաքէ Մանկասարեան եւ Մարք Կրոկըն…: Ժան հարց կու տայ Վազգէնին, թէ նո՞յն Շաքէն է, որ իմ մասիս պիտի գրէ: Այո՜..
Ժան Տէր Գէորգեան զաւակն է ծագումով այնթապցի Նազարէթ Տէր Գէորգեանի եւ Ալիս Նալպանտեանի: Հայրը՝ Նազարէթ իր մօր հետ գաղթած է Այնթապէն Հալէպ, 1920-ին:
1931-ին, Նազարէթ Տէր Գէորգեան կ’ամուսնանայ Ալիս Նալպանտեանի հետ: 1936-ին բնակութիւն կը հաստատեն Տաուիտիէ արուարձանը, ուր Վարդանեան վարժարանին եւ հոգաբարձութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Նազարէթ Տէր Գէորգեան, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն Ս. Վարդան եկեղեցւոյ խնամակալութեան: Նազարէթ եւ Ալիս կը բախտաւորուին 7 զաւակներով՝ 5 մանչ եւ 2 աղջիկ: Ժան չորրորդ զաւակն է: Նազարէթ հմուտ ձուլագործ էր:
Ժան Տէր Գէորգեան ծնած է 1938-ին, Հալէպ, Տաուտիէ արուարձան: Ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1950-1951 տարեշրջանին՝ գնահատելի յաջողութեամբ: Հակառակ իր ջերմ ցանկութեան, ան հնարաւորութիւն չէ ունեցած ուսումը շարունակելու եւ նետուած է կեանքի ասպարէզ ու դարձած՝ առեւտրական: Ինքնաշարժերու ռատիո-ժապաւէնի նորոգութեան եւ վաճառքի ասպարէզին մէջ հմտանալով, իր սեփական գործատեղին հիմնած է 1960-ին եւ նոյն ասպարէզին մէջ աշխատած մինչեւ 1999:
Ան կանուխէն իր ներդրումը ունեցած է ազգային–հասարակական կեանքին մէջ։ Եղած է Ն.Ս.Մ.Մ.–ի վարչութեան անդամ 1962–1966, Հ.Մ.Մ.–ի վարչութեան ատենապետ՝ 1967–1971, եւ Ֆութպոլի պետական համադաշնակցութեան անդամ: Ան մաս կազմած է Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ մարմինին, 1967-1971։
Մարզական կեանք
1960-1970 տարիներուն, Ժան Տէր Գէորգեան ատենապետն էր Հալէպի Հ.Մ.Մ. ակումբին: Տեղին է նշել, որ Ժան եղած է միակ հայ անդամը Հալէպի ֆութպոլի Ֆետերասիոնին 1961-1969 տարիներուն եւ Հալէպի ֆութպոլի հաւաքական խումբերուն: 60-70-ական թուականներուն, ան Լիբանան հրատարակուող «Արարատ» թերթի մարզական բաժնի թղթակիցն էր Հալէպի մէջ:
Ժան ուրախութեամբ կը վերյիշէ այդ տարիները ու կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի ֆետերասիոնին հետ համատեղ ջանքերով կը հրաւիրեն «Արարատ» խումբը: Հ.Մ.Ը.Մ-ի օրուան վարչութիւնը ընթրիքի երեկոյ մը կը սարքէ ի պատիւ «Արարատ» խումբին: Ժան կը պատմէ, թէ հրաւիրած են նաեւ Հայաստանի պասքէթպոլի խումբը, որ հանդիպումներ կ’ունենայ Հալէպի պասքէթպոլի հաւաքականին հետ, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ-ի եւ Հ.Մ.Մ խումբերուն հետ:
Առ ի հետաքրքրութիւն «Արարատ» խումբին մասին, հոս նշեմ, որ պեղումներուս շնորհիւ, «Ազդակ» օրաթերթի 24 Դեկտեմբեր 1964-ի թիւէն (էջ 2) քաղած տեղեկութեանս համաձայն, 1964-ին Հայաստանի Ֆութպոլի ախոյեան «Արարատ» խումբը իր շրջապտոյտը աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ՝ կ’անցնի Դամասկոս, ապա Հալէպի մէջ կ’ունենայ երեք հանդիպում:
Ա. հանդիպում՝ Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Բ. հանդիպում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Գ. հանդիպում՝ Արարատ ընդդէմ Հ.Մ.Ը.Մ.:
Ա. հանդիպում. Կիրակի, 13 Դեկտեմբերին, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի կ’ունենայ հանդիպումը «Արարատ»-ի եւ Հալէպի Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբերուն միջեւ, իրաւարարութեամբ պրն. Տէշշէնի: Մրցումը վերջ կը գտնէ 2-1 արդիւնքով ի նպաստ Հայաստանի ախոյեանին:
Բ. հանդիպում. Չորեքշաբթի 16 Դեկտեմբերին, տեղի կ’ունենայ «Արարատ» – Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ մրցումը, կ’աւարտի 2-1 արդիւնքով, դարձեալ ի նպաստ «Արարատ»ին:
Գ. հանդիպում . Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին, նոյնպէս Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, շուրջ 20.000 հոգիի ներկայութեան տեղի կ’ունենայ «Արարատ» – Հ.Մ.Ը.Մ. հանդիպումը, բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ն.Վ. զօրավար Մամտուհ Էլ Ճապիի: Խաղը վերջ կը գտնէ 2-1 արդիւնքով, դարձեալ ի նպաստ «Արարատ»ի (Ազդակի Թղթակից, Հալէպ, Ճանօ):
60-ական թուականներու ֆութպոլի մարզիկներէն կը յիշէ Անդրանիկ Մալեան (Հ.Մ.Ը.Մ. –ի եւ Հալէպի հաւաքականէն), Աւետիս Գաւլաքեան (Վասպուրական եւ Հալէպի հաւաքականէն), Միհրան Կոստանեան (Հ.Մ.Մ.), Հալէպի հաւաքականէն Ապտել Քատեր Մճուեզ եւ եղբայրը՝ իրաւարար Մուսթաֆա Մճուեզ:
60-ականներուն Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան ակումբը նախ գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ. ակումբի դէմի թաղը, Թիլել փողոց: 70-ականներուն սկիզբը ակումբը տեղափոխուած է կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանի դէմի շէնքը, Թիլել փողոց: Ներկայիս Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ն.Ս.Մ.Մ. ակումբը կը գտնուի Ազիզէի շրջանը:
Ժան Տէր Գէորգեան կը յիշէ նաեւ տաներէց քահանաները՝ Տէր Շահէ քնհյ. Մասոյեանը, Տէր Հայկազ քնհյ. Մասոյեանը, Տէր Գառնիկ քնհյ. Չափանեանը: Նաեւ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդները՝ Գերշ. Տաթեւ Սրբազան Սարգիսեանը (1968-1977), Սուրէն Սրբազան Քաթարոյեանը (1977-2004):
Ժան Տէր Գէորգեան ուրախութեամբ կը յիշէ նաեւ իր բնակարանին մէջ հանդիպումը լիբանանահայ հանրայայտ մտաւորական, գրագէտ ու գրականագէտ Պէպօ Սիմոնեանի ու անոր կնոջ գրող Ազատուհի Սիմոնեանի հետ, ներկայութեամբ՝ իր դրացիներէն պատուելի Պարգեւ Աբարթեանի ու անոր կնոջ՝ դաշնակահարուհի Սիւզանին: Այս հանդիպումին մասին խօսեցաւ նաեւ տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան ինծի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Թատերական կեանք
Ժան Տէր Գէորգեան 70-ական թուականներուն մաս կազմած է 1923-ին հիմնուած՝ Հալէպի «Անդրանիկ» թատերախումբին, ստանձնելով պատասխանատու դերեր, մասնաւորաբար Համլէթ, Օթելլօ, Վերաքննիչ եւ Վարդանանք թատերախաղերուն մէջ: Տարիներ շարունակ ստանձնած է Վարդան Մամիկոնեանի դերը «Վարդանանք» թատերախաղի մէջ, որ բեմադրիչ Աւետիս Էքմէքճեան կոչած էր «Ազգային Պատարագ»: Նոյն ներկայացումին մէջ դերեր վերցուցած են նաեւ Ճորճ Թիւֆէնքճեան, Աւետիս Էքմէքճեան, Ղեւոնդ Գաւլաքեան, Արա Տէմիրճեան, Զաւէն Հաճեան, Յարութիւն Գարամանուկեան՝ Յազկերտի դերով, Դանիէլ Գարամանուկեան՝ Յովսէփ կաթողիկոսի դերով, կը նշէ Ժան Տէր Գէորգեան:
Ժան Տէր Գէորգեան եղած է ընթերցասէր ու կը շարունակէ կարդալ: 1960-ականներուն, Հալէպի, Թիլելի վրայ գտնուող «Հոգետուն»-ի մուտքէն դէպի բակի աջ կողմի աստիճաններով տասնեակ անգամներ բարձրացած է Հ.Մ.Ը.Մ-ի «Քրիստափոր Գրադարան» ու փոխ առնելով կարդացած է գրադարանին գիրքերուն մեծ մասը: Ժան ո՛չ միայն անյագօրէն կարդացած է գիրքեր, այլեւ գիրքեր գնելով ու երբեմն ալ նուէր ստանալով պահած է իր շատ սիրելի գրադարանին մէջ: Եւ ահա՛ վաստակաշատ գրող Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» գիրքը նուէր ստանալու Ժանին պատմութիւնը:
Գէորգ Պետիկեանի սրտակից ընկեր-բարեկամ հանգուցեալ Տիգրան Թիւֆէնքճեանի կինը Սոնան, որ Ժան Տէր Գէորգեանի ազգականն է, հեղինակ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ», «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է» գիրքերը բերած է Ժանին եւ խոստացած միւս գիրքերն ալ բերել:
Ժան Տէր Գէորգեան բազմաթիւ առիթներով հրաւիրուած է հայրենիք եւ մեծապէս նպաստած Սփիւռք-Հայրենիք մշակութային կապերու ամրապնդման: Այդ տարիներուն, հանդիպումներ ունեցած է Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերու նախագահութեան անդամ ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանի հետ (ծնած Վան, 1909 –մահացած Երեւան, 2008):
1970-ին Հայաստան տարած է RUBY էսթրատային ճազ նուագախումբը, որ 9 ելոյթներով հանդէս եկած է Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ եւ ամէն անգամ ալ լեփ-լեցուն՝ ոգեւորելով Հալէպէն եւ յատկապէս Տաուտիէէն ներգաղթած հայերը: Նուագախումբը հանդէս եկած է նաեւ Կիւմրիի մէջ (Լենինական այդ օրերուն): Այդ ելոյթներուն խօսնակը եղած է Ժան Տէր Գէորգեան: RUBY ճազ նուագախումբին ղեկավարն էր յայտնի ջութակահար Սուրէն Գահվէճեան (ծնեալ՝ Հալէպ, 1923 -մահացած՝ Լոս Անճելըս, 2016), անդամներ՝ ճազմէն եւ երգիչ Մարտօ ու դաշնակահար Սագօ Սրապոնեան: Սուրէն Գահվէճեանի ջութակի դասընթացքին հետեւած է Վազգէն Քէլխաչերեան, 1968-ին:
Ժան Տէր Գէորգեան ամուսնացած է Սոնա Պէրպէրեանի հետ, 1971-ին: Բախտաւորուած են երկու դուստրով՝ Ալինա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժանմունքը: 1995-1996 տարեշրջանին, Ալինա դասաւանդած է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանին մէջ: Ալինա ամուսնացած է Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ խմբավար, երաժիշտ ու երգեհոնահար՝ Բրշ. Կարօ Կիսրկ. Պարտաքճեանի հետ եւ կը պաշտօնավարէ Աթէնքի Սոֆի Յակոբեան վարժարանին մէջ, որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութիւն ուսուցչուհի: Ունին 2 զաւակ, Սուլա՝ քիմիագէտ, եւ Ժանօ՝ տնտեսագէտ: Կասիա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի Ճարտարապետական բաժինը եւ համալսարանական 4 տարիներուն արժանացած է Սուրիոյ հանրապետութեան նախկին նախագահի ողբացեալ զաւկին՝ Պէսէլ Ասատի անուան բարձր մրցանակին: Կասիա ամուսնացած է մանկաբարձ, կանանց վիրաբոյժ Մելքոն Գալայճեանի հետ եւ ունին 2 զաւակ՝ ճարտարապետ Կարին եւ ատամնաբոյժ Ճորճ:
«Տարբերակ21»