Մայրիներու երկրին մէջ
Ծաղիկները կը թոշնին,
Դաշտերը ամայացած
Կը տարածեն մահուան բօթ,
Իսկ ցորերուն մէջ չորցած
Արցունք, արիւն կը հոսի:
Կամարին վրայ երկինքի,
Կայ կըրակ ու կայ որոտ
Փրթած թնդանօթներու
Երախներէն ահարկու
Որոնք անփոյթ, անտարբեր
Կը սփռեն մահ ու աւեր…
Մայրիներու երկրին վրայ
Աստղերէն սուգ կը շողայ…
ԲԱԶԷ
31.05.1985թ
Անտիպ քերթուածներ Երուանդ Գարաճեանէն