Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇՂԹԱՅԻ ԵՐՐՈՐԴ ՕՂԱԿԸ

November 14, 2024
in Յօդուածներ
0
ՇՂԹԱՅԻ ԵՐՐՈՐԴ ՕՂԱԿԸ

Արտադրողական.- Գալիֆորնիաբնակ Մանուէլ Սարիբեկեանի 2007-ին հիմնած «ՄԱՆ» շարժապատկերի ընկերութիւնը «MAN pictures production co.) ցարդ արտադրած է կիսա-վաւերագրական բնոյթի երեք ժապաւէններ.-

1.- Փրկութեան Քարտէս (Map of Salvation), 2015, 88 վ., բեմադրիչ՝ Արամ Շահպազեան: Կը ծանօթացնէ հիւսիսային Եւրոպայէն Լիբանան եւ Սուրիա ուղարկուած հինգ միսոնար կիներ, որոնք  ղեկավարեցին որբեր եւ անոք կիներ պատսպարելու աշխատանքը: Նկատել որ խումբին մէջ չկան կաթոլիկ դաւանանքի պատկանողներ, թէեւ այդ 2 երկիրները ֆրանսական «հոգատարութեան» տակ էին:

2.- Ամերիկացի Բարի Սամարացիները (The American Good Samaritans) 2022, 68 վ.,  բեմադրիչ՝ Արա Մնացականեան: Կը խօսի մարդասէր ամերիկացիներու մասին, որոնք ցեղասպանութենէ փրկած էին օսմանեան պետութեան սպանդի ենթարկած ասորի, յոյն եւ հայ քրիստոնեայ հպատակներ: Ինչպէս որմազդը ցոյց կու տայ, փրկութիւն կը նշանակէր գաղթ դէպի Մ. Նահանգներ,  որ 20-րդ դարու սկզբին արդէն իսկ վերածուած էր հզոր պետութեան որ կարող, ուրեմն եւ տրամադիր էր ընդարձակուելու եւ նոր ձևաչափի (ոչ-դասական գաղութարար) կայսրութիւն մը հիմնելու (1): Այլ հաստատութիւններու շարքին ժապաւէնը հովանաւորած է AMAA (Ամերիկայի Հայ Միսիոնարական Ընկերակցութիւնը):

3.- Գթութեան ոսկէ շղթան (The Golden Chain of Mercy) 2024, 71վ., բեմադրիչ՝ Արման Չիլինգարեան: Շուկայադրական առաջին ցուցադրութիւնը շուրջ ամիս մը առաջ տեղի ունեցած է Աւստրալիոյ  մէջ, Հայկական Միսիոնարական Ընկերակցութեան (AMAA) տեղական մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ: Ժապաւէնը ունի երկու գլխաւոր առաջադրանք.- Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ Անզաքի Օրուան ոգեկոչումի հանդիսութիւն մը: ANZAC կրճատումն է «Australian and New Zealand Army Corps»-ի: 25 Ապրիլ 1915-ին սկսած Էգէեան Կալլիփոլի թերակղզիի ցամաքահանումի ձախաւեր գործողութեան ընթացքին զոհուած են բրիտանական բանակին ծառայող տասնեակ հազարաւոր զինուորներ (2):

Այստեղ հարկ է նշել, որ 2016-ին նոյն առաջադրանքով ցեղասպանագէտներ Վիգէն Բաբկենեան եւ Փիթըր Սթենլի հրատարակած էին «Հայաստան, Աւստրալիա եւ Մեծ Պատերազմը» (Armenia Australia & the Great WAR) վերնագրով գիրք մը (316 էջ), որ հանգամանօրէն կու տայ պատմականը: Անոնք ելոյթներ կ’ունենան նաեւ ժապաւէնին մէջ:

Զոհուած զինուորներու մեծարանքը, որու հիմնական նպատակը կը թուի ըլլալ քաղաքացիական պարտքի հատուցում, մերթ ընդ մերթ կը կրկնուի ցոյց տալով վաւերագրական հակիրճ տեսաերիզներ եւ Քանպըրի պատերազմական թանգարանէն առնուած մանրակերտ մը: Կը յիշուին հերոսական դրուագներ:

Ապա կը ներկայացուի եղեռնը սկսած Ծիծեռնակաբերդէն: Կը տեսնենք իհարկէ Աւրորա Մարտիկանեանը եւ« Հոգիներու աճուրդ» ժապաւէնէն առնուած մեզի յոյժ ծանօթ խաղարկային պատկերներ: Տեսարանին կ’ընկերակցի Եկմալեանի «Սուրբ, սուրբ»-ը, իհարկէ Լուսինէ Զաքարեանի կատարումով: Ժապաւէնին կրօնական գունաւորումը կը յստականայ երբ տեսախցիկը անտարբեր կ’անցնի հայկական ընկերվարական առաջին կուսակցութեան կարմիր դրօշներու կողքէն եւ ապա պաստառը կը լեցնէ բարձրաստիճան կրօնականի մը խաչով: Չինական առածը կ’ըսէ.- «Աչքը չի տեսներ այն` ինչ միտքը չ’իմանար»:

Յօգուտ օտար հանդիսատեսին, Աւստրալիացի ակադեմականներ համառօտ տեղեկութիւն կու տան Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին մասին (3): Օրինակ, թէ Թանզիմաթը սուլթանին պարտադրած են քրիստոնեայ պետութիւնները: Յաճախ կը կրկնուի, թէ կոտորուած են բոլոր քրիստոնեայ հպատակները, յատկապէս՝ ասորիներ:

Փրկուած հայերու ուղեգիծը կը ներկայացուի երկարատեւ խաղարկային բաժնով մը: Նախ կը տեսնենք գաւառական հագուկապով փոքր հայ ընտանիք կորիզ մը, որ դատած պատի քանդակազարդ որմնախորշէն, կ’ապրի հնավայրի մը մէջ: Հայրը իր պատանի որդւոյն կը նուիրէ խորհրդանշական կողմնացոյց մը: Ընտանիքը յանկարծ կը յայտնուի Տէր Զօրի անապատին  ամայի մէկ անկիւնին մէջ, ուր չկան այլ տարագիրներ, թուրք ասկեարներ եւ կամ արաբ պետուին մը: Հայրը որ կը կրէր իր թուլակազմ, թերեւս մահացած կրտսեր դուստրը, ուժասպառ կ’իյնայ այրող աւազին վրայ: Կը մահանայ նաեւ տղեկին մայրը: Հովը կը բերէ Մոհավի անապատէն պոկուած փշակոյտ մը (4):

Կը սկսի ժապաւէնին հիմնական բաժինը, որն է ներկայացնել միսիոնարներու դերը եղեռնէ փրկուած հայերու օգնութեան աշխատանքները ձեռնարկելու եւ կազմակերպելու մէջ: Առաջին հերթին կը յիշուի Երիցական (Presbyterian) վերապատուելի Ճոն Ֆերկիւսըն (1852-1925), որ ամէնէն կանուխը (1915-ին) ձեռնարկած էր հայերու օգնութեան (5): Ժապաւէնը աւելի հանգամանօրէն կը ներկայացնէ վերապատուելի Լ.Լ. Վիրթի (Rev. Loyal Lincoln Wirt  1863-1961) հիմնադրական գործունէութիւնը: Եռանդուն միսիոնարը Ամերիկայէն «Հոգիներու աճուրդը» ժապաւէնը իր հետ առած կ’երթայ հեռաւոր Աւստրալիա եւ կը ձեռնարկէ նիւթական օժանդակութիւն: Կողքի խաղարկային մասէն առնուած նկարը ցոյց կու տայ Վիրթը ալիւր կրող առագաստանաւու մը առաջ (6):

Աւարտական տեսարանները խաղարկային են: Ամերիկացի Սամարացիներ ժապաւէնի ասքի հետևողութեամբ եղեռնէն փրկուած անոք տղեկը կը յայտնուի Փիւնիկեան ափերուն, ուր կ’որդեգրուի դէպի Մ.Ն. ուղղուող ընտանիքի մը կողմէ: Տղեկը իր նոր հօր կը փոխանցէ իրեն աւանդուած խորհրդանշական կողմնացոյցը: Փրկութիւն կը նշանակէ գաղթ դէպի Արեւմուտք:

Գեղարուեստական.- Երաժշտութիւնը որակաւոր է, կոմիտասեան շունչով յօրինուած Արտաշէս Քարթալեանի կողմէ (7): Պատկերաւոր լեզուն պարզ է, յոյժ հասկնալի: Յորձանուտի վրայ կը տեսնենք թուղթէ փոքրիկ նաւակ մը: Կողմնացոյցին վրայ կը մակադրուի ամանակաչափը (մեթրոնոմ), Վեր. Վիրթ իր ձեռնափայտով կը գծէ նոր տուն: Բարի, բայց փոթորկոտ ժամանակներու ընթացքը կշռոյթաւոր չի կրնար ըլլալ եւ ինչու նոր տունը դնել աւազի՛ վրայ:

Քաղաքական.- Քարեն Եփփէ ճեմարանի ուսանող եղած եմ: Նոյն հողաշերտին վրայ, սերունդ մը առաջ հարազատ հօրաքորս ապրուստ ապահոված է Քարեն Եփփէի վարած աշխատանոցին մէջ ասեղնագործելով: Մօտէն տեղեակ եմ թէ այդ կինը կարելի է նոյնիսկ նահատակ համարել, որովհետեւ անժամանակ մահացած է հայ անոքներու օգնելու ճամբուն վրայ: Կը պատմեն թէ խնդրած է թաղուիլ հայկական, առաքելական կարգով: Անարդար է, ուրեմն զանց առնել մարդասիրական, հայասիրական գործօնները: Այդ գնահատելի, ազնիւ գործօնը, սակայն, կը մնայ անհատական մակարդակի վրայ: Ընդարձակ գործողութիւններ կը կարօտին պետական թոյլատուութեան եւ նոյնիսկ ֆինանսաւորումի: Աւստրալիոյ մէջ հայ որբերու պատսպարման համար գումար սկսած է հայթայթուիլ Բրիտանիոյ խորհրդարանի 1916-ի «Կապոյտ Գրքի» («Հայերու հանդէպ վերաբերմունքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ») հրատարակութենէն շուրջ տարի մը ետք միայն: Աւստրալիա եւ Նիւ Զելանտա գաղութներ էին, չէին կրնար գործել առանց կեդրոնէն կանաչ լոյս ստանալու: Միսիոնար կազմակերպութիւնները, ինչ դաւանանքի որ ալ պատկանին, կը հետապնդեն զիրենք հովանաւորող պետութեան շահերը: Անոնց հիմնական առաջադրանքն է հետեւորդներու թիւի եւ ազդեցութեան աճը: Կ’իմանամ թէ ժապաւէնը արդէն իսկ ստացած է 60 մրցանակներ: Այդ պէտք է վերագրել աւելի անոր քաղաքական արեւելումին, քան գեղարուեստական նուաճումին:

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

 

  • 1860-ականներուն արդէն իսկ Ամերիկեան աւետարանական քոլեժներ հիմնուած էին Պէյրութի, Պոլսոյ, Իզմիրի եւ օսմանեան շարք մը հայաբնակ ոստաններու մէջ:
  • Թրքական աղբիւրներու մէջ որպէս «Չանաքքալէի յաղթանակ» ճակատամարտը աղէտալի եղաւ հայերու համար, որովհետեւ այդտեղ իր առաջնորդի արտակարգ յատկութիւնները ցուցաբերած Մուսթաֆա Քեմալ յաջողեցաւ կործանուած կայսրութեան մնացորդին վրայ թրքական պետութիւն հաստատել:
  • Մասնագէտներէն առնուազն երկուքը հրեայ են: Անոնցմէ մին, դոկտ. Տեպորա Մեյերսեն Աւստրալիոյ հրէական լրատուութեան յայտնած է, թէ որեւէ փաստ գոյութիւն չունի թէ Իսրայէլ պատերազմական ոճիրներ գործած է: Գործողութիւնները պարզապէս ուղղուած են Համասը զսպելու, թէ պաղեստինցիներու ցեղասպանութեան վարկածը բացառուած է: Յօդուածի վերնագիրն է «Պատերազմական ոճիրներու սահմանումի խրթնութիւնը: Dr Deborah Mayersen Complexity of war crimes definition:
  • Հոլիվուտ կը գտնուի Mojave անապատէն ոչ-հեռու: Գլորող փոշոտ փշակոյտը Western ժապաւէններու յոյժ ճանաչելի պատկերներէն մէկն է:
  • Ամերիկայի աւետարանական եկեղեցիներու մեծամասնութիւնը Երիցական է: Վեր. Ֆերկիւսըն հեղինակն է «Աւետարանի տնտեսական աԱրժէքը» (The Economic Value of the Gospel 1909) աշխատութեան:
  • Վաճառականական (ոչ-ռազմական) առագաստանաւեր հաւանաբար տակաւին կը գործէին 20-ական թուականներուն, բայց Աւստրալիայէն Միջերկրական եւ ապա Սեւ ծով ճամբորդութիւնը ամիսներ պիտի տեւէր: Այդ ամէնէն յարիր միջոցը չէր սովահարներուն ալիւր առաքելու:
  • Դոկտ. Քարթալեան նախկին տնօրէնն է Կամերային երաժշտական թատրոնի եւ Առնօ Բաբաջանեանի անուան երաժշտանոցի ճազային բաժնին:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

Next Post

ԱՍՏՂԵՐԷՆ ՍՈՒԳ ԿԸ ՇՈՂԱՅ…

Next Post

ԱՍՏՂԵՐԷՆ ՍՈՒԳ ԿԸ ՇՈՂԱՅ...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.