Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԱՀԻՐԷ. «ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱԴՐԻ»

November 14, 2024
in Միջազգային
0
ԳԱՀԻՐԷ. «ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱԴՐԻ»

 

Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Պատր Ապտ էլ-Աաթի երէկ զօրակցական այցելութեամբ ժամանեց Պէյրութ, ուր տեսակցեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Եգիպտացի նախարարը կոչ ուղղեց նոր նախագահի ընտրութիւնը չհամարելու զինադադարի նախապայման մը: «Գահիրէ պիտի շարունակէ ջանք թափել Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու ուղղութեամբ», ըսաւ հիւր նախարարը, ռազմական գործողութիւններու դադրեցումին կողքին կարեւորելով նաեւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակութիւնը:

«Անընդունելի է Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը խախտող որեւէ համաձայնութեան  կնքումը», ըսաւ եգիպտացի նախարարը: Անոր խօսքով, իսրայէլեան թշնամական գործողութիւնները պէտք չէ շարունակուին մինչեւ ամերիկացի նախագահ Տոնըլտ Թրամփի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութիւնը՝ երկու ամիս ետք:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին հաւաստիացուց, որ Լիբանան պիտի չենթարկուի իսրայէլեան պահանջներուն եւ նախապայմաններուն: «Ոչ մէկ խոհեմ անձ կը կարծէ, թէ Լիբանան համաձայն պիտի գտնուի լուծումի մը, որ կ’ապահովէ Իսրայէլի շահերը՝ լիբանանեան շահերուն հաշուոյն», շեշտեց Պըրրի:

Ուաշինկթընի մէջ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժըմայէլ տեսակցեցաւ նախագահ Ճօ Պայտընի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայնի հետ ու շեշտեց, որ տարածաշրջանային որեւէ կարգաւորումի պարագային նկատի առնուին նաեւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն իրաւունքները, պահպանուի երկրին գերիշխանութիւնը եւ վերականգնուի ժողովուրդին ազատ որոշումը:

Լիբանանեան զարգացումներուն անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտըր Լավրենթիեւ: Մեկնաբանելով սուրիական հողերէն Հըզպալլայի զինամատակարարումը սառեցնելու հարցով իսրայէլեան պայմանին, ռուս պաշտօնատարը շեշտեց, որ այդ հարցը մաս չի կազմեր Սուրիոյ մէջ գործող ռուս խաղաղապահներու իրաւասութեանց:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտնեց, որ «Անքարա յաջորդ փուլին պիտի շարունակէ իր հակաիսրայէլեան գործունէութիւնը եւ հատած է բոլոր առեւտրական յարաբերութիւնները»: Անոր համաձայն, Կազայի եւ Լիբանանի դրութիւնը անհանգիստ պիտի մնայ, որովհետեւ մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք կը մատակարարուի Իսրայէլին:

Share63Tweet39
Previous Post

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

Next Post

ԹՐԱՄՓԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post
ԹՐԱՄՓԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

ԹՐԱՄՓԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.