Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ նախկին գոնկրէսական Ճոն Ռեթքլիֆի անունը առաջադրած է CIA-ի տնօրէնի պաշտօնին համար: Այն ինչ կը վերաբերի Պաշտպանութեան նախարարութեան, ապա Թրամփի թեկնածուն է ազգային պահակագունդի նախկին սպաներէն, հեռուստային հաղորդումներ վարող Փիթ Հեկսեթը: Նորընտիր նախագահը նաեւ որոշած է Ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը յանձնել Հարաւային Տաքոթայի նահանգապետ Քրիսթի Նոմին: Վերջապէս, արհեստագիտական ոլորտի մէջ աշխարհի կարկառուն դէմքերէն Իլոն Մասքի անունը առաջադրուած է կառավարական արդիւնաւէտութեան նախարարի պաշտօնին: