Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

November 14, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

Շարունակելով իր օդային հարուածներու նոր մարտավարութիւնը, իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակումներուն մեծամասնութիւնը յատկացուց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն, ուր արդէն գրեթէ մարդ չէ մնացած: Ահազանգերու շարքի հրապարակումէն կարճ ժամանակ ետք, իսրայէլեան հրթիռները 4-5 ալիքներով հիմնայատակ կործանեցին շարք մը շէնքեր Հարէթ Հրէյք, Հատաս, Ղոպէյրի թաղամասերուն մէջ, սարսափի մթնոլորտ յառաջացնելով մայրաքաղաքի եւ նոյնիսկ արուարձաններէն հեռու ապրող լիբանանցիներուն մօտ: Հարաւային արուարձաններուն մէջ ռմբակոծումի ալիք մըն ալ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերուն՝ Աւիխայ Ատրահիի հերթական սպառնալիքներէն ետք:

Իսրայէլեան յարձակումը սկսած էր վաղ առաւօտեան, երբ անօդաչու սարքեր ռմբակոծեցին Խալտէի մօտակայ Արամուն շրջանի շէնքերէն մէկուն առաջին երկու յարկերը՝ պատճառելով առնուազն ութ զոհ եւ քանի մը վիրաւոր: Շտապ օգնութեան խմբակները իսկոյն փութացին հարուածի բեմավայր՝ բացայայտելու համար զոհերուն ինքնութիւնը եւ օգնութիւն տրամադրելու 15 վիրաւորներուն: Իսրայէլեան բանակի բանբերը սակայն պնդեց, թէ ռազմական օդանաւերուն թիրախները Հըզպալլայի զինամթերանոցներն էին եւ զինուորկան տնօրինումի կեդրոններ:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա եւս սաստկացուց իր գործողութիւնները ինչպէս լիբանանեան հողերուն վրայ, այնպէս ալ հրթիռարձակումի առումով: Կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ անօդաչու յատուկ սարքերով առաջին անգամ ըլլալով թիրախաւորած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, զինուած ուժերու սպայակոյտի կեդրոնը, պատերազմի տնօրինումի գրասենեակը եւ օդային դիտարկումի եւ տնօրինումի կեդրոնը: Նոյն թիրախները ռմբակոծուեցաւն նաեւ գիշերը՝ հեռահար հրթիռներու գործածութեամբ: Հըզպալլայի հրթիռներ ինկան նաեւ Հայֆայի շրջանին եւ սահմանամերձ բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ, պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական ծանր կորուստ:

Իսկ Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ, Հըզպալլա թակարդ լարեց իսրայէլեան սահմանախախտ ուժերուն դէմ՝ Այթարուն, Այնաթա, Պընթ Ժպէյլ շրջաններու եռանկիւնին մէջ, պատճառելով ծանր կորուստ: Հըզպալլային մօտիկ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին նաեւ, որ առնուազն եօթը իսրայէլացի զինուոր մահացած է, երբ Հըզպալլա հարաւի մէջ պայթեցուցած է անոնց տեղակայուած շէնքը: Կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը կրակ բացած են իսրայէլեան Հերմեզ 450 եւ 900 տիպի անօդաչուներու ուղղութեամբ, որոնք ստիպողաբար հեռացած են Լիբանանի օդային տարածքէն:

Share63Tweet40
Previous Post

ՔԱՑ. «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՉԿԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ»

Next Post

ԳԱՀԻՐԷ. «ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱԴՐԻ»

Next Post
ԳԱՀԻՐԷ. «ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱԴՐԻ»

ԳԱՀԻՐԷ. «ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱԴՐԻ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.