Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՑ. «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՉԿԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ»

November 14, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՔԱՑ. «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՉԿԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ»

 

Իսրայէլի պաշտպանութեան նորանշանակ նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ շարունակեց ծայրայեղական ու թշնամական յայտարարութիւններ արձակել Լիբանանի նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ «Լիբանանի մէջ զինադադար կամ քաղաքական որեւէ գործարք պիտի չկնքուի նախանշուած նպատակներու իրագործումէն առաջ»: Ըստ Քացի, Թել Աւիւ պիտի չհրաժարի լիբանանեան հողերէն զինեալ որեւէ գործողութեան հակադարձելու իրաւունքէն:

Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» խմբակցութեան անդամներէն երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա իր կարգին վստահեցուց, թէ «այն ինչ Իսրայէլ չէ կրցած առնել պատերազմով, վստահաբար պիտի չառնէ բանակցութեամբ»: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ հպատակիլ իսրայէլեան պայմաններուն, այլ պիտի շարունակէ,  յանձնառու մնալով Դիմադրութեան ուժին եւ առճակատումի որոշումին: «Թշնամին չէ կրցած կեդրոնանալ լիբանանեան հողի վրայ եւ նոյնիսկ գիւղ մը չէ գրաւած», ըսաւ Ֆատլալլա, ձախողած համարելով իսրայէլեան օդուժին գործողութիւնները:

Իսրայէլացի մէկ այլ ծայրայեղական քաղաքական գործիչ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերու նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպըրմէն զգուշացուց, որ «եթէ լիբանանեան բանակը արագօրէն չշարժի Հըզպալլայի դէմ, ապա Իսրայէլ պէտք է ծանրօրէն ռմբակոծէ նաեւ լիբանանեան ենթակառոյցները»:

Share63Tweet39
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

Next Post
  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.