Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ.Մ.Մ.-Ի ԵՐԱԽՏԱՒՈՐՆԵՐԷՆ ՆԱԶԱՐԷԹ ԳՈՒՏՈՒԶԵԱՆԻ ՄՕՏ

November 12, 2024
in Գաղութային
0
Հ.Մ.Մ.-Ի ԵՐԱԽՏԱՒՈՐՆԵՐԷՆ ՆԱԶԱՐԷԹ ԳՈՒՏՈՒԶԵԱՆԻ ՄՕՏ

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Այս շաբաթ հաճոյքը ունեցայ հանդիպելու վաղեմի բարեկամիս, Հ.Մ.Մ.-ի երբեմնի վարչական գործընկերոջս՝ ընկեր Նազարէթ Գուտուզեանին:

1987-ին էր: Քաղաքացիական գզվռտուքներուն հրդեհը ծաւալած էր «մեր» շրջանները։ Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէն էի: Ընդառաջելով ողբացեալ ընկեր Տիգրան Սարաֆեանի խորհուրդին՝ ստանձնեցի նաեւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան ատենադպիրի «գրիչը»: Վարչական աշխատանքներուս նախաքայլերու շրջանին անուանակցիս՝ Նազարէթ Գուտուզեանին հետ հոն էին Հ.Մ.Մ.-ի վարչականներ՝ Գրիգոր Լաչինեան, Սարգիս Շխրտըմեան, Յովհաննէս Փայասլեան, Վարուժան Սաչլըեան, Զաւէն Տեմիրճեան, Յովհաննէս Մելքիսէթեան, Մարտիկ Չափարեան, Ժիրայր Գապաքեան, տոքթ. Ժիրայր Գարաւերտեանի ատենապետութեամբ։ Երկու Ժիրայրներ կային, երկու հատ ալ՝ Յովհաննէսներ, ահաւասիկ վարչութիւնը համալրուեցաւ նաեւ զոյգ մը «Նազօ»ներով: Այս պարագան բնաւ պատճառ չէր հանդիսանար տարբեր ակնածութիւն մը ունենալու Գուտուզեանին հանդէպ: Այլ, այն արագ յայտնաբերումս, որ յանձին Նազարէթ Գուտուզեանի, վարչութեան մէջ կար ազնիւ, համեստ, արդարութեան կողմնակից ՄԱՐԴը, կեղծիք, քծնանք ու շողոքորթութիւն չհանդուրժող, հոգւով-սրտով Հ.Մ.Մ.-ական անդամը: Քանի՜-քանի կնճռոտ օրակարգեր իրենց յարմարագոյն եւ նպաստաւոր լուծումները ստացան այս վարչականին հանդարտ ու տրամաբանական վերլուծութիւնները լսելէ ետք:

Առանց նախօրօք զգուշացնելու, Շաբաթ օր անակնկալ այցելութիւն մը կատարեցի: «Արարատ»ի խմբագրատունէն ոչ-հեռու՝ Մար Մխայէլ, Պէյրութի նաւահանգիստին դիմացը, Ելեկտրական ընկերութեան շէնքին հարեւանութեամբ՝ «Գուտուզեան» վարագոյրներու կերպասի վաճառատունը: Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ, ընկեր Նազօն խորասուզուած էր «Արարատ»ի ընթերցանութեան մէջ: Մեր զրոյցը առաւելաբար Հ.Մ.Մ.-ի անցեալի յիշատակները կը կազմէին: Քանի մը վարչական դէպքեր, որոնց մասին երբեմն ծիծաղեցանք, մերթ ափսոսացինք կամ ալ վերանորոգեցինք մեր բարկութեան վէրքը: Յարգելի ընկերը յուզումով պատմեց նաւահանգիստի հռչակաւոր պայթումէն շրջանին ու վաճառատան գլխուն հասած վնասներուն եւ իր՝ հրաշքով դէպքին վայրը չգտնուելուն մասին: Քանդումն ու աւերին ահաւորութիւնը յուշող քանի մը լուսանկարներ ալ դիտեցինք:

Երախտագործ ղեկավար՝ Լեւոն Գուտուզեանի որդուն հետ ժամ մը զրուցելու եւ վարչական յիշատակները թարմացուցած ըլլալու գոհունակութիւնը ապրած ըլլալէ ետք, կը մնար մտածել յարգելի ընթերցողներուն համար լուսանկար մը ապահովել, որուն ընդմէջէն անոնք՝ ծանօթ թէ անծանօթ, պիտի փափաքէին Հ.Մ.Մ.-ի երախտաւորներէն՝ Նազարէթին եւ պատին վրայ կախուած նկարէն հսկող հօր՝ ընկեր Լեւոն Գուտուզեանին ըսել՝ ՎԱՐՁՔԵՐՆԻԴ ԿԱՏԱՐ:

 

ՆԱԶՕ Ճ.

 

Share66Tweet42
Previous Post

    ՊԱՐԶԱՄԻՏ

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ –18       ՄԱՐՄԻՆ  ԵՒ  ՀՈԳԻ

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ –18       ՄԱՐՄԻՆ  ԵՒ  ՀՈԳԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.