Հ.Մ.Մ.-Ի «ՍՐԲԱԶԱՆ ԽԵՆԹԵՐ»ԷՆ.
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԿԷՍ ԴԱՐ ԱՆԽՈՆՋ, ՅԱՐԱՏԵՒ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒՄ
Հ․Մ․Մ․-եան տիպարի նմոյշներէն կարելի է թուել ընկեր Լեւոն Գուտուզեանը։
Ընկ․ Լեւոնը 1925-թուականներէն սկսեալ մաս կազմած է ընկեր Վազգէն Պաղճեանի (Այգունի) ատենապետութեամբ գործող նորկազմ Հ.Մ.Մ.-ի ֆութպոլի խումբին։
1927–ին, շնորհիւ իր եւ ուրիշներու ճիգերուն, Հ.Մ.Մ.-ի մարզական գործունէութիւնը առաւել աշխուժացաւ եւ ընդարձակուեցաւ։ Միութեան երկրորդական խումբեր՝ «Կիլիկիա»ի, «Ատանա»ի, «Միշտ Յառաջ»ի, «Փոքր Հայք»ի եւ ուրիշ կազմերու լաւագոյն տարրերը առանձնացուեցան եւ անոնցմով կազմուեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի Պէյրութի ներկայացուցչական Առաջին խումբը, որ, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, աստիճանաբար հասաւ առաջնային դիրքերու։ Ընկեր Լեւոն ե՛ւս ունեցաւ առաջնակարգ դեր, ընթացնելով կազմակերպչական շնորհակալ աշխատանք, մանաւանդ՝ շրջան մը որ յետեղեռնեան – տեղահանութեան, գաղթի ու նոր գաղթօճախներու կազմութեան դժուարագոյն տարիներուն կը յաջորդէր։ Երբ շրջանի նորահաստատ գաղթավայրերուն նման, Լիբանանի մէջ եւս մեր ժողովուրդին մնացորդը, ջարդի ու աքսորի արհաւիրքներէն մազապուրծ, իր գոյապայքարին լծուած էր, գերմարդկային ճիգո՛վ։ Ընկ․ Լեւոն կ’անդամակցէր Հնչակեան ուսանողական միութեան։ Թրծուած էր այնտեղ ու դարձած գաղափարապաշտ շարքային։ Միութենական գործունէութեան իր նախասիրած մարզը ֆութպոլի բնագաւառն էր։ Մեծ ներդրում ունեցաւ, Հ.Մ.Մ.-ի խումբին Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգ հասնելուն մէջ։ Հ.Մ.Մ.-ի ֆութպոլի Ա․ կազմին ամէնէն յիշարժան յաջողութիւնը կազմեց, բոլոր միութենականներուն եւ համակիր զանգուածին հպարտութիւն եւ հրճուանք պատճառող, 1945 տարեշրջանին Լիբանանի «Ախոյեան» եւ «Բաժակակիր» զոյգ տիտղոսներուն միաժամանակ արժանանալը։
Ան երկար տարիներ մաս կազմած է Հ.Մ.Մ.-ի Տեղական վարչութեան։ Նաեւ՝ երկու շրջան վարած է ատենապետի պաշտօնը։ 1949-ին ընտրուած է Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ընկեր Մինաս Խաչիկեանի ատենապետութեան շրջանին։
Որոշ ընկերներու կողմէ ան նկատուած էր «խստապահանջ» եւ «կարծր» բնաւորութեան տէր ղեկավար։ Ան յաջողութեամբ ղեկավարեց յատկապէս Միութեան ֆութպոլի Ա․ խումբը տարիներ ամբողջ։
Մանաւանդ իր վարպետութիւնն ու հնարքները վկայել տուաւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարգ մը անդամներուն կողմէ Հ.Մ.Մ.-ի դէմ նիւթուած մեքենայութիւններն ու սադրանքները ձախողեցնելու մէջ։
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին «ճարտար» եւ «նենգամիտ» նկատուած «քարտուղար»ներն անգամ կը զգուշանային եւ կը խուսափէին իրմէ։
Սադրիչ ծրագիր մը ի դերեւ հանելու իր կարողութեան գիտակից էին բոլորը։
Ան գործնապէս ապացուցած է այդ մէկը շատ առիթներով։ Անձամբ կը վկայենք, թէ ինչպէս Հ․Մ․Մ․-ի դէմ անիրաւաբար կայացուած որոշում մը օրին թէպէտ չկրցաւ բեկանել տալ, սակայն ֆետերասիոնի կազմի յաջորդ ընտրութեան կրցաւ «լուծել վրէժը»… ամէնէն հեղինակաւոր կարծուած թեկնածուն, որ կը յաւակնէր հասնիլ ընդհանուր քարտուղարութեան, կրցաւ ձախողութեան մատնել ու անոր տեղ պաշտօնի գլուխ բերել աւելի պարկեշտ ու անաչառ ընդհանուր քարտուղար մը՝ Սիմոն Խուրին։
Հուսկ՝ ֆետերասիոնէն ներս սկսած «գօտեմարտ»ը վերջ գտաւ համախոհական քուէարկութեամբ։ Ընկեր Լեւոն ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի Գործադիր մարմինի անդամ։
Բարձրագոյն ուսում ստանալու պատեհութիւնը զլացուած էր իրեն։ Համեմատաբար փոքր տարիքէն նետուած էր շուկայ, առեւտրական ասպարէզ։ Բայց օժտուած ըլլալով զօրաւոր տրամաբանութեամբ, համոզելու շնորհով, կրնար շահիլ համակերպութիւնը ամէնէն աւելի կամակոր ընդդիմախօսին։ Իր խօսակիցը «տանիլ» ուզած «ուղի»ով։
Հակառակ շեշտուած անհատականութեան տէր ըլլալուն՝ համեստ էր, ընկերական ու խոնարհ, բառին իսկական առումով:
Ի հեճուկս իր զբաղեցուցած պաշտօններուն՝ ատենապետ Տեղական վարչութեան ու անդամ Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, կամ՝ անդամ Լիբանանի Ֆետերասիոնի, բնաւ չունեցաւ սնապարծութիւն եւ հանդիսութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու ընթացքին առաջին կարգի վրայ երեւնալու մարմաջ։ Նման «ճղճիմ» միտումներ իրեն համար «աւելորդ ցուցադրութիւն»ներ էին։ Յաճախ, պաշտօնական ձեռնարկներու ատեն, իրեն վերապահուած տեղը կը զբաղեցնէր այլ պատասխանատու ընկեր մը։
Անցեալ այդ օրերէն յիշենք տարօրինակ երեւոյթ մը, որուն ականատեսն եղած ենք։ Ֆութպոլի ախոյեանական «զգայուն» նկատուած մրցումներու ընթացքին, մարզիկները իր խրախուսիչ խօսքերով ոգեւորելէ յետոյ, կ’անցնէր դաշտի «թրիւպիւն»ին ետեւ ու կը ճեմէր միայնակ, երթուդարձ կատարելով, ինչ որ կը զարմացնէր մեզ։ Եւ հոնկէ, ականջը տուած հանդիսատես մարզասէրներու բացագանչութիւններուն, կը կռահէր մրցումին ընթացքը եւ «կօլ» նշանակող խումբը։
Այս երեւոյթը յաճախ կը կրկնուէր։ Եւ օր մըն ալ հարց տուինք ընկերոջ, թէ ինչո՞ւ կը խուսափէր, դաշտի վրայ գտնուող բոլոր մարզասէրներուն ըրածին պէս, խաղը ուղղակի դիտելէ։ Ան, պատասխանեց.- «Կու գայ օրը երբ կը հասնիք տարիքիս։ Այն ատեն կը գիտնաք եւ կ’ըմբռնէք հոգեվիճակիս պատճառը»։
Իրապէս ալ, տարիներ ետք, սեփական անձկալից փորձառութեամբ գիտցանք եւ համոզուեցանք, որ խումբի մը պատասխանատու անձերը, դաշտի վրայ պարզ հանդիսատեսներ չէին կրնար ըլլալ։ Զիրենք կը հետաքրքրէին, կը յուզէին եւ կը ջղայնացնէին իրաւարարին անտեղի միջամտութիւնները, խաղացողներուն սխալները, եղած արկածները եւ այլ անակնկալ պատճառներ՝ մինչեւ խաղին աւարտը։ Որով, խումբին պատասխանատուները պարտ էին տոկալու այդ բոլորին, որքան որ կրնային։ Յետոյ, իրենց կարգին, այդ հոգեվի հոգեվիճակը «ժառանգ» կը ձգէին յաջորդ երիտասարդ սերունդի պատասխանատուներուն։
Ընկ. Լեւոն, իր միութենական պարտականութիւնները լրիւ կատարած վաստակաւոր վեթերան, չնմանեցաւ ուրիշներու, երբեք ալ անտարբեր չեղաւ եւ, ինչ ալ ըլլային հանգամանքները, հեռու չմնաց միութենական շրջանակէն։ Ընդհակառակը՝ ան յաճախ կ’այցելէր ակումբ, որ հանդիպի օրուան պատասխանատու ընկերներուն։ Կը հետաքրքրուէր եւ կ’ուրախանար լսելով յաջողութիւններուն եւ նոր ծրագրերուն մասին։
Որպէս փորձառու վեթերան ընկեր, ան կը հանդիսանար մեր լաւագոյն խորհրդատուն՝ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ կապուած կամ այլ կարեւոր հարցերու բարւոք լուծման առնչութեամբ։ Հակառակ միութենական աշխատանքներուն իր բերած արդիւնաւէտ եւ գնահատելի մասնակցութեան, ան կ’ուզէր հեռու մնալ հրապարակային ձեռնարկներէն, ուր կրնար խօսուիլ միութեան ծառայած ընկերներու կարգին, նաե՛ւ իր զոհաբեր աշխատանքին մասին։ Իր քիչ մը տարօրինակ ու անսովոր ընթացքին խօսուն մէկ վկայութիւնը, Հ․Մ․Մ․-ի 60-ամեակի նշման շրջագիծի մէջ տեղի ունեցած միութեան վեթերան անդամներու պարգեւատրման ձեռնարկն էր։ Որոշուած էր որ արժանաւոր ուրիշ վաստակաւորներու կարգին, ինք եւս վարձատրուի «Պատուոյ Գիր»ով։
Սակայն, անգամ մը եւս, ան ներկայ չեղաւ հանդիսութեան՝ պատրուակելով, թէ վիրահատուելէ յետոյ, դեռ ամբողջապէս չէ ապաքինած ու կազդուրուած։
Տրուած բացատրութիւնը չէր կրնար մեզ համոզել անշուշտ։ Սակայն եկաւ օրը, երբ Հ․Մ․Մ․-ի Տեղական վարչութիւնը, այլապէս ալ գնահատելու համար Միութեան շա՜տ տարիներ ծառայած ընկեր Լեւոնը եւ իր նման վաստակաւոր ուրիշ վեթերան ընկեր մը՝ Յարութիւն Չէքչէնեանը, որոշեց զիրենք մասնակից դարձնել առաջին անգամ ըլլալով ու հրաւէրով Հայաստան մեկնելիք Հ.Մ.Մ.-ի ֆութպոլի Ա․ խումբի պատուիրակութեան, 1965-ին։
Արդարեւ, Հ․Մ․Մ․-եան պատուիրակութեան անդամներուն եւ յատկապէս մեր վեթարան ընկերներուն՝ Լ․ Գուտուզեանին եւ Յ. Չէքչէնեանին համար, հրաւիրեալի հանգամանքով Հայաստան գտնուիլը անսահման ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն էր անկասկա՛ծ։
Անոնք Երեւանի մէջ, իրենց հասակակից վաղեմի ընկերներու հետ եղած հանդիպումներուն եւ ապա՝ Էջմիածին, Սեւան, Սարդարապատ եւ այլ պատմական վայրերուն տուած մեր այցելութիւններուն մասնակից եղան երիտասարդական կորովով, եւ ունեցան անմոռանալի ապրումներ։
Իրենց համար Հայաստան գտնուիլը որքան խոր երջանկութիւն, նոյնքան եւ աւելի պարծանք եւ վարձատրութիւն կը կազմէր անտարակոյս:
Հուսկ՝ երախտապարտի ոգիով առլցուն, անոնք շարունակեցին մնալ հաւատարիմ իրենց միութենական առաքելութեան եւ, կարելիութեան սահմանին մէջ, որպէս փորձառու ընկերներ, եղան օգտակար Հ․Մ․Մ․-ին մինչեւ իրենց… երկրային կեանքէ հեռանալը։
Վերյիշումի սա պահուն, անգամ մը եւս ի սրտէ կը յայտնենք անկեղծ ու խոր յարգանք, երախտիք՝ Հ․Մ․Մ․-ի «Տիպար Անդամ»ին:
Անձնազոհ եւ գաղափարապաշտ բոլոր ընկերներուն անունները Հ․Մ․Մ․-ի պատմութեան մէջ ոսկետառ գրուած պիտի մնան յաւիտեան։
Բի՜ւր յարգանք անոնց անմոռաց յիշատակին։
Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» հատորէն