Լիոնը կեդրոնական Ֆրանսայի քաղաքներէն մին է, ուր, հինէն իվեր, կայ հայկական կարեւոր գաղութ մը՝ իր զանազան կազմակերպութիւններով։ Բայց Լիոնի հայութեան սիրտը կը բաբախէ առաւելաբար երկու կառոյցներու մէջ՝ Ս. Յակոբ Հայց. Առաք. եկեղեցին եւ Մարգարեան–Փափազեան ամէնօրեայ վարժարանը։
Այս դպրոցը Ֆրանսայի տարածքին գործող հայկական ամէնօրեայ ինը վարժարաններէն մէկն է։ Միւս ութ դպրոցներն են հետեւեալները. Փարիզի շրջան՝ Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարան (Ռէնսի), Ս. Մեսրոպ-Գէորգ Արապեան վարժարան (ԱլՖորվիլ), Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան (Իսի լէ Մուլինօ), Հրանդ Տինք վարժարան (Առնուվիլ), Մարսէյ՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու վարժարան եւ Համազգայինի Ճեմարան, Նիս՝ Պարսամեան վարժարան, Վալանս՝ Գէորգ Արապեան Ազգ. վարժարան։
Այսօր մեր ակնարկը կը սեւեռենք Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանին վրայ, քանի որ ան բոլորեր է իր 35-ամեակը։
Չբաղտատենք Միջին Արեւելքի մեր դպրոցներն ու անոնց 90 կամ 100 տարիներու գոյերթը Եւրոպայի իրենց նմանակներուն հետ։ Արեւմուտքի մէջ շա՜տ դժուար է հայկական ամէնօրեայ դպրոց հիմնելը, մատակարարելը, զայն կանգուն պահելը։ Այդ համայնակուլ ափերուն վրայ դժուար է նո՛յնիսկ բաւարար թիւով հայ աշակերտ գտնել…։ Ճիշդ այս պատճառով ալ՝ Լիոնի հայոց դպրոցին 35-ամեակը ի՛սկապէս շնորհաւորելի եւ ողջունելի առիթ մըն է։
Այս դպրոցին հիմնադիրը Նորվան արք. Զաքարեանն է՝ Լիոնի ու շրջակայից հայ համայնքներու երկարամեայ հոգեւոր հայրը, որ աւելի ուշ (2007-էն) վարեց նաեւ նորահաստատ Ֆրանսահայ Թեմի առաջնորդի պաշտօնը։ Ան ծագումով Պէյրութէն է (ծն.՝ 1940-ին)։
Իր ձեռակերտը հանդիսացող դպրոցին 35-ամեակը բարեպատեհ առիթ մը հանդիսացեր է Նորվան Սրբազանին համար՝ յետադարձ հայեացքով մը շարադրելու վարժարանին հիմնադրութեան, ընդարձակման ու բարգաւաճման մանրամասն պատմութիւնը, կարեւոր բոլո՜ր անցքերուն խղճամիտ արձանագրութեամբ, որպէս վկայութիւն եւ խղճի պարտք։ Սրբազանին գրութիւնը, յօդուածաշարքի ձեւով, լոյս տեսաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի էջերուն, անցնող 12-31 Հոկտեմբերին, ութ յաջորդական թիւերու մէջ։ Ի՜նչ անուններ (բարերար, կամաւոր ծառայող, ազգային գործիչ, ուսուցիչ եւ այլն) կը տողանցեն այնտեղ ու մեծ ու փոքր ինչ-ինչ դէպքեր, քով-քովի գալով, կը հիւսեն դպրոցի մը կեանքին ուրուագիծը…։
Շահեկան են Սրբազանին հայթայթած տուեալները, մա՛նաւանդ որ,– ինչպէս կ՛ըսէ ինք,– այդ տուեալները գրեթէ չեն արձանագրուած ազգային-եկեղեցական առնչակից մարմիններու ատենագրութեանց կամ արխիւային տետրակներուն մէջ…։
Նորվան սրբազանին երկարաշունչ գրառումը հիմ ընդունելով, ստորեւ մենք եւս կը վերագծենք Լիոնի հայոց վարժարանին պատմութեան համառօտ ուրուագիծը։
*
Լիոնի մէջ հայ դպրոց մը հիմնելու գաղափարը կը ծագի այն օրէն (1980), երբ Հ. Նորվան (այն ատեն՝ դեռ վարդապետ) ոտք կը դնէ այս քաղաքը։ Ծրագիրը դանդաղ քայլերով սկիզբ կ’առնէ նախ ամառնային դպրոցի մը ձեւին տակ (հինգ տարի)։ 1988-ին ազդանշանը կը տրուի ու ամէնօրեայ վարժարանի հարցը կը դրուի Լիոնի Ազգային միութեան (համայնքին պաշտօնական վերին մարմինը) վարչութեան օրակարգին վրայ։ Ծրագիրը կը սերտուի լայնքով-երկայնքով։ Վարչականներէն ոմանք խանդավառ են, իսկ ոմանք ալ… «հոս Պէյրութ չէ՛» կը մռմռան, յառաջ քշելով մա՛նաւանդ ծրագրին նիւթական բեռան տաղտուկը…։ Ի վերջոյ, համամտութիւն կը գոյանայ ու նոյն տարուան Սեպտեմբերին բացուած կը յայտարարուի դպրոցը, 9 աշակերտներով եւ 2 վարժուհիներով (մանկապարտէզի Ա. դասարան)։ Իբրեւ դասասենեակ՝ կ’օգտագործուին Ազգային միութեան շէնքին բաժանմունքները։ Նոյն օրերուն, Փափազեան բարերար ամոլին ընդարձակ մէկ կալուածը նուէր կը տրուի Ազգային միութեան։ Ուստի՝ նորաբաց մանկապարտէզը կը մկրտուի «Տիգրան եւ Հռիփսիմէ Փափազեան ամէնօրեայ վարժարան» անունով։
Յաջորդ տարի աշակերտութեան թիւը կ’եռապատկուի ու կը բացուի մանկապարտէզի Բ. դասարանը։ Այլեւս անհրաժեշտ էր մատակարար իրաւական մարմինի մը (խնամակալութիւն) ստեղծումը՝ ըստ ֆրանսական օրէնքներու։ Կը կազմուի այդ մարմինը ու կը վաւերացուի անոր կանոնագրութիւնը պետականօրէն։ 1992-ին կը բացուի նախակրթարանի Ա. դասարանը։ Յաջորդ տարի նոյն թաղամասին մէջ 2 միլիոն ֆրանքի կը գնուի նոր հողաշերտ մը՝ ընդարձակելու համար դպրոցին շէնքն ու զբօսանքի բակը։ Ազնուահոգի բարերարներ վեհանձնօրէն ձեռք կ’երկարեն։ Դպրոցը հետզհետէ կ’ուռճանայ։ 1996-ին կը ձեռնարկուի նոր մասնաշէնքի մը շինութեան՝ բարերարուհի տիկ. Արփինէ Մարգարեանի իշխանական նուիրատուութեամբ (ընդհանուր ծախսին երկու երրորդը) եւ Ազգային միութեան նախագահ Ռոպեր Տօնիկեանի յամառ հետապնդումներով։ Եռայարկ կահաւորուած շէնքին պաշտօնական բացումը կը կատարէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, 1 Փետրուար 1997-ին։ Դպրոցը կը վերամկրտուի «Մարգարեան-Փափազեան վարժարան» անունով։
Եւ այսպէս…։
Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանը այսօր ունի շուրջ 220 աշակերտ։ Ի զուր չէ ըսուած, թէ կամքը լեռներ կը շարժէ…
Շ.