Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան զօրավար Ճորճ Խուրիի։
Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, վերջին շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան հայոց թեմին Հայրապետին շնորհած հովուապետական այցելութեան եւ Լիբանանի ներկայ կացութեան։ Յիշեալ թեմաներուն վերաբերեալ Նորին Սրբութիւնը պարզեց իր պատկերացումները։ Այս առիթով ան նաեւ իրազեկ դարձաւ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան զօրավար Ճորճ Խուրին։ Հանդիպման նաեւ ներկայ էր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ նախագահական ընտրութիւնը։