Թայուանի Արդադադատութեան նախարարութեան հետաքննութիւններու գրասենեակը յայտարարեց, թէ որեւէ ապացոյց չի յուշեր, որ Սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ պայթած «փէյճըր»ները արտադրուած են Թայուանի մէջ: «Թայուանական Կոլտ Ափոլօ ընկերութիւնը տարիներէ ի վեր չ’արտադրեր «AR-924» տիպի սարքերը, որոնց արտադրութիւնը կը կատարուի մեր երկրէն դուրս գործող Ֆրոնթիր Կրուփ Էնթիթի ընկերութեան կողմէ», յայտարարեց Թայուանի Արդարադատութեան նախարարութիւնը: