Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԻ

November 12, 2024
in Միջազգային
0
ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԻ

 

 

Սէուտական Արաբիոյ նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ արաբական եւ մահմետական պետութիւններու արտակարգ գագաթաժողով մը՝ նուիրուած Կազային ու Լիբանանին, մասնակցութեամբ բազմաթիւ իշխաններու, նախագահներու, վարչապետներու, նախարարներու եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու: Իր եզրափակիչ որոշումներուն մէջ գագաթաժողովը Իսրայէլը պատասխանատու համարեց Կազայի եւ Լիբանանի զինադադարի բանակցութիւններուն ձախողութեան համար եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց անյապաղ վերջ դնելու իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն: Անդրադառնալով Լիբանանի վիճակին, գագաթաժողովը շեշտեց հանրապետութեան նոր նախագահ մը անյապաղ ընտրելու հրամայականը, որպէսզի կազմուի նոր կառավարութիւն մը եւ գործադրուի Թայէֆի ուխտը, կոչ ուղղելով մարդասիրական յաւելեալ օգնութիւն յանձնելու Լիբանանի գործող կառավարութեան ու զօրակցելու լիբանանեան բանակին, զայն համարելով երկրին միասնականութիւնը պահպանող գլխաւոր ուժը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապու Ղէյթ պահանջեց անյապաղ վերջ տալ Լիբանանի եւ Կազայի դէմ յարձակումներոիւն, գործադրել ՄԱԿ-ի 1701 բնաձեւը եւ ամրապնդել ապահովութիւնը սահմանին երկու կողմը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի առաջնահերթ համարեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան թշնամական գործողութիւններու սառեցումը եւ զինադադարի համաձայնութեան կնքումը: Ան իր ուղերձին մէջ արաբական ու մահմետական երկիրներէն պահանջեց զօրակցիլ Լիբանանի պետութեան ու հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ շարունակել մարդասիրական օգնութիւններուն հոսքը: Իսկ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս համայն աշխարհէն պահանջեց առկախել Իսրայէլի հետ համագործակցութիւնը եւ չբնականոնացնել յարաբերութիւնները:

Գագաթաժողովին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին արաբական եւ մահմետական երկիրներու ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն ալ դատապարտեցին իսրայէլեան յարձակումները, պահանջելով զինադադար: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ Պըն Սալման դատապարտեց իսրայէլեան թշնամական գործողութիւնները եւ Լիբանանի գերիշխանութեան շարունակական խախտումը: Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այս փուլին անհրաժեշտ համարեց իսրայէլեան յարձակումներուն եւ գործած ցեղասպանութեան դադրեցումը:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտ էլ-Ֆաթթահ Սիսի ահազանգեց, որ տարածաշրջանին եւ աշխարհին ապագան ենթակայ է վտանգներու, անընդունելի համարելով Լիբանանի եւ Կազայի դէմ յարձակումներուն շարունակութիւնը: Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը պահանջեց փշրել Կազայի իսրայէլեան պաշարումը եւ վերջ տալ Լիբանանի գերիշխանութեան խախտումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ հաստատել իսկական խաղաղութիւն: Քուէյթի գահաժառանգ շէյխ Սուպահ Խալէտ Համատ Ալ-Սուպահ իշխանը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց զօրակցելու Լիբանանին եւ անոր հնարաւորութիւն տալու՝ տիրապետելու իր հողին, ամրապնդելու գերիշխանութիւնը: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց զէնք չտրամադրել Իսրայէլին եւ զայն վտարել ՄԱԿ-էն: Նախարարութիւնը դատապարտեց Լիբանանի գերիշխանութեան խախտումը եւ Սուրիոյ մայրաքաղաքի մերձակայ շրջաններու ռմբակոծումը:

Մալեզիոյ վարչապետ Անուար Իպրահիմ Իսրայէլը համարեց բարբարոս պետութիւն, պահանջելով զայն անյապաղ վտարել ՄԱԿ-էն: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Պենիամին Նեթանիահուի իսրայէլեան կառավարութիւնը ամբաստանեց Իրանի հետ լարուածութիւնը սրելու եւ Լիբանանի դէմ թշնամական գործողութիւնները շարունակելու մէջ:

Միջազգային մեկնաբանութիւններու շարքին, Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան Նուէլ Պարօ հաւանական համարեց, որ Եւրոմիութիւնը յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանէ իսրայէլացի վերաբնակիչներու նկատմամբ, որոնք ծայրայեղական յարձակումներ կը գործեն պաղեստինցիներուն վրայ:

Share63Tweet39
Previous Post

  ՌԱՀԻ. «ՉԷԶՈՔՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԼՈՒԾՈՒՄ»

Next Post

ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ՍԱԿԱԳԻՆԵՐԸ` ԿԱՅՈՒՆ

Next Post
ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ՍԱԿԱԳԻՆԵՐԸ` ԿԱՅՈՒՆ

ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ՍԱԿԱԳԻՆԵՐԸ` ԿԱՅՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.