Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐԸ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

November 12, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐԸ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

 

Դրութիւնը աւելի կայուն եւ անվտանգ չէր սահմանամերձ իսրայէլեան բնակավայրերուն մէջ, որոնցմէ շատեր թիրախ դարձան Հըզպալլայի հրթիռներուն եւ անօդաչու սարքերուն: Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ լիբանանեան հողերէն աւելի քան 80 հրթիռ արձակուած է զօրամասերու եւ բնակավայրերու վրայ, հասնելով մինչեւ Հայֆայի ծոց: Շտապ օգնութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ քանի մը հոգի վիրաւորուած է եւ ինքնաշարժներ կործանուած են Քրիաթ Աթա եւ Քրիաթ Եամ բնակավայրերուն մէջ: Բանակը նշեց, որ անցնող 24 ժամերուն 15 զինուոր վիրաւորուած է Լիբանանի ճակատին վրայ, իսկ Կազայի մէջ՝ 11: Գերեվարուած իսրայէլացիներու հարազատները երէկ ներխուժեցին Քնէյսէթի սսահմանադրական հարցերով մնայուն յանձնախումբին ժողովը եւ պահանջեցին անյապաղ ապահովել գերիներուն ազատ արձակումը: Իսկ Լիբանանի հետ սահմանային գօտիին մերձակայ շարք մը բնակավայրերու քաղաքապետներ բանակին կոչ ուղղեցին չդադրեցնելու պատերազմը, մինչեւ որ վերջ դրուի Հըզպալլայի վտանգին: Իսրայէլի մէջ կատարուած հարցախոյցի մը արդիւնքները ցոյց տուին, որ մասնակիցներուն 54 առ հարիւրը կը զօրակցի Հըզպալլայի դէմ արշաւի շարունակութեան:

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՐԿԱՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

Next Post
ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՐԿԱՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՐԿԱՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.