Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նոր բողոք մը ներկայացուց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին՝ դատապարտելու իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւնները՝ ներառեալ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն թիրախաւորումը եւ սահմանային կապոյտ գիծի հետեւողական խախտումը:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ապահովական սեղմ կառավարութիւնը իր գումարած նիստին ընթացքին համաձայնած է Լիբանանի ճակատը հանդարտեցնելու առումով ներկայացուած առաջարկներուն: Իսրայէլի բնակեցումի հարցերու նախարարը խոստովանեցաւ, որ խօսակցութիւն կայ Լիբանանի հետ ճակատին վրայ զինադադար յայտարարելու մասին, «սակայն պէտք է տեսնել, եթէ իրապէս պիտի երաշխաւորուի՞ բնակչութեան անվտանգութիւնը», հարց տուաւ ան: Իսրայէլի արտաքին գործերու նորանշանակ նախարար Կիտաուն Սաար յայտնեց, որ իրենք պատրաստ պիտի ըլլան լուծելու Լիբանանի հետ խնդիրը, «եթէ Հըզպալլա հեռանայ սահմանէն եւ անցնի Լիթանի գետէն հիւսիս»: Անոր համաձայն, կարեւոր է երաշխաւորել, որ Հըզպալլա պիտի չվերազինուի եւ սահմանային գօտի պիտի չվերադառնայ: «Հըզպալլայի դէմ մեր պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, այլ բանակը կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցներուն կործանումը», ըսաւ Սաար, կարծիք յայտնելով, որ կուսակցութեան վիճակը փոխուած է ղեկավարութեան գլխատումէն ետք: Կարճ ժամանակ ետք, արտաքին գործերու նախկին նախարար եւ այժմ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց շեշտեց, որ «Լիբանանի մէջ զինադադար կամ յարձակումի դադրեցում պիտի չըլլայ, այլ պատերազմը պիտի շարունակուի Հըզպալլայի դէմ մինչեւ բոլոր նպատակներու իրագործումը»:
Գետնի վրայ, Լիբանանի հարաւային եւ հիւսիսարեւելեան շարք մը շրջաններ երէկ վերստին դարձան իսրայէլեան օդուժի թիրախ, իսրայէլացի բանբեր Աւիխայ Ատրահիի՝ 21 գիւղերու բնակչութեան ուղղած սպառնալիքէն կարճ ժամանակ ետք: Հարաւային Անսար եւ Սէքսէքիէ գիւղերու ռմբակոծումէն ինկան քանի մը վիրաւոր եւ գրանցուեցաւ նիւթական ծանր վնաս: Ռումբեր ինկան նաեւ Սրիֆա, Նապաթիէ, Զաութար եւ Այթիթ շրջաններուն վրայ: Նապաթիէի թիրախաւորումին հետեւանքով նիւթական ծանր վնաս կրեց էլ-Պայատ թաղամասի պատմական մզկիթը, ինչպէս նաեւ Ղէնտուր հիւանդանոցին շուրջը: Թշնամիին սպանդները հասան նաեւ հիւսիս եւ Աքքարի Այն Եաագուպ գիւղի բնակարաններէն մէկուն կործանումը խլեց առնուազն 30 մարդու կեանքը: Անոնց մեծամասնութիւնը տեղահանուած էր հարաւի եւ Պեքաայի ռազմական գօտիներէն, ապաստանելով Աքքարի ենթադրաբար ապահով շրջանները:
Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ երկար ժամանակ սաւառնեցան Քսըրուան եւ Ժպէյլ գաւառներու լեռնային շրջաններուն վերեւ եւ շուտով ի յայտ եկաւ, որ անոնք լիբանանեան օդային տարածքէն թիրախաւորած են Սուրիոյ Դամասկոս-Հոմս մայրուղիի Շէմսին շրջանը, ուր, ըստ «Սանա» լրատու գործակալութեան, կը կուտակուէր Սուրիա ապաստանած լիբանանցիներուն յատկացուած մարդասիրական օգնութիւնները: