Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒԵՖԱ-Ի ՔՈՆՖԸՐԸՆՍ ԼԻԿ

November 9, 2024
in Մարզական
0
ՈՒԵՖԱ-Ի ՔՈՆՖԸՐԸՆՍ ԼԻԿ

 

ՉԵԼՍԻ – ՆՈԱ 8 – 0

Մեր մարզասէր ընթերցողներուն մտքին մէջ պահ մը շփոթ յառաջացնող արդիւնք մը: Տպագրական սխա՞լ հաւանաբար: Այստեղ կարելի է երանի տալ մամուլի մէջ երբեմն սպրդող ակամայ սխալներուն: Սակայն դժբախտաբար Հինգշաբթի օրուան այսպէս կոչուած «պատմական» հանդիպման ընթացքին մեր հայրենակիցները նոյնպիսի «պատմական» պարտութիւն մը կրեցին Քոնֆըրընս լիկի 2024-2025 մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի մրցակիցէն՝ Լոնտոնի «Չելսիի»էն։

Ինչ խօսք, որ ֆութպոլասէր հետեւողներուն համար «Նոա»-ի պարտութիւնը անակնկալ մը պիտի չըլլար: Սակայն ութ թիւը եւ նոյնիսկ առանց «պատուոյ» կոլ մը նշանակելու մրցումին ելքին գուշակութիւնը մէկուն մտքէն չէր անցներ (մինչեւ իսկ ֆութպոլային բախտախաղով զբաղող մոլերռանդներուն, հաւանաբար):

Եւ մեզի՝ հայրենասէր մարզասէրներուս համար սովորական հարցում մը: Ե՞րբ պիտի վերականգնուի հայկական ֆութպոլը: Ե՞րբ պիտի հպարտութեամբ ուրախանանք մեր հայրենի խումբերուն արձանագրած արդիւնքներէն: Թէ՞ միայն անհատական  ոճին՝ բռնցքամարտի, ծանրաբարձութեան ու ճատրակի առաջնակարգ մետալները բաւարար են մեզի համար: Ե՞րբ պիտի սկսինք համոզուիլ, որ խմբային պայքարն ալ մեր ազգին կը յարմարի:

Ինչ որ է… Յաջորդ հանգրուանին՝ 28 Նոյեմբերին, «Նոա»-ն Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ իսլանտական «Վայքինկըր»ը։

Նշենք նաեւ, որ 3 խաղէ ետք «Նոա»-ն 3 կէտով գրաւեց 28-րդ տեղը։

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի յետիջօրէին տեղի ունեցաւ 4-րդ հանգրուանէն պարտք մնացած մրցում մը՝ «Գանձասար» ընդդէմ «Փիւնիկ» եւ աւարտեցաւ վերջինիս յաղթանակով՝ 5 – 0:

16-րդ հանգրուանի մրցումները կը շարունակուին հետեւեալ յայտագրով.

Ուեսթ Արմինիա x Շիրակ

Արարատ x Արարատ-Արմինիա

Նոա x Ալաշկերտ

Վան x Ուրարտու

 

Առայժմ աղիւսակին վրայ կը տիրէ դասաւորման հետեւեալ մթնոլորտը.

 

ՓՐԵՄԻԵՐ ԼԻԿ

ԱՆԳԼԻԱ, 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ

Այսօր.

Ուոլֆզ x Սաութեմբթըն (17:00)

Ուեսթ Հէմ x Էվըրթըն (17:00)

Պրենթֆորտ x Պըրնմաութ (17:00)

Քրիսթըլ Փալաս x Ֆուլհեմ (17:00)

Պրայթըն x Մանչեսթըր Սիթի (19:30)

Լիվըրփուլ x Ասթոն Վիլլա (22:00)

Կիրակի, 10 Նոյեմբեր

Մանչեսթըր Եունայթըտ x Լէյսթըր Սիթի (16:00)

Նոթինկհամ Ֆորեսթ x Նիւքեսըլ (16:00)

Թոթընհէմ x Իփսուիչ Թաուն (16:00)

Չելսի x Արսենալ (18:30)

Ստորեւ աղիւսակը.

 

 

 

 

 

 

 

 

Share86Tweet54
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.