Անցեալ թիւով ամփոփ տողերով տեղեկացուցած էինք այս մասին: Չորեքշաբթի, 6 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Արարատ»ի խմբագրատունը աննախնթաց եռուզեռի մէջ էր: Ասոր գլխաւոր «մեղաւորը» Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան վարչութիւնն էր, որ կազմակերպած էր ձեռարկ մը, որպէս բանախօս հրաւիրելով Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնոյ երիտասարդ ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանը: Ան ընտրած էր բոլորին սրտին խօսող ներկայ քաղաքական-ապահովական վերիվայրումներուն հետ առնչուած՝ «Լիբանանի ներկայ իրավիճակը» նիւթը:
Որոշեալ ժամուն սրահը լեցուեցաւ յիսունի հասնող ունկընդիրներով:
Բարիգալստեան հակիրճ խօսք մը արտասանեց «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեանը: Ողջունելով յարգելի ներկաներն ու բանախօսը, ան կարճ յուշում մը կատարեց սոյն ձեռնարկի թուականին եւ «Արարատ»ի ծննդեան տարեդարձի 87-ամեակին զուգադիպութեան մասին: «Առաջին անգամն է, որ նման մարդաշատ եռուզեռ ապրեցաւ թերթին խմբագրատունը, որուն կարօտը ան կը քաշէր անյիշելի տարիներէ ի վեր», ըսաւ յարգելի տնօրէնը: Առիթը տեղին նկատելով, ընկեր Ճէրէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են ու տակաւին կը շարունակեն՝ օրաթերթին անխափան հրատարակման ու յառաջընթացին:
Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան ատնապետ ընկեր Սեւակ Իզմիրլեան, իր կարգին, բարիգալստեան ամփոփ խօսք մը արտասանեց: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայացուելիք նիւթը այժմէական է բոլորիս համար: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան շուտով առանց յաւելեալ մարդկային եւ նիւթական վնասներու դուրս կու գայ պատերազմական այս թոհուբոհէն, այնուհետեւ հրաւիրեց ընկեր Տագէսեանը բանախօսելու համար:
Յարգարժան ատենապետը նախ փոքր ներածականով դրուատանք մը արձանագրեց յանձին լիբանանցի ժողովուրդին, անոր ապրելու, պայքարելու, գոյատեւելու եւ երկրին կառչած մնալու հաստատակամ բնաւորութեան: Ան հրաշքի համազօր նկատեց այս երեւոյթը: «Շատեր կրնան հրաշքներու հաւատալ կամ ՝ ոչ: Սակայն ես կը հաւատամ: Կը հաւատամ քանի որ տարիներէ ի վեր լիբանանցի ժողովուրդը իր տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, ապահովական, առողջապահական եւ այլ պատճառներով շատ ծանր վիճակի մէջ ըլլալով հանդերձ, յաղթահարեց բոլոր մարտահրաւէրներն ու տակաւին կը գոյատեւէ առանց յոյսն ու հաւատքը կորսնցնելու», ըսաւ բանախօս ընկերը:
Ընկեր Տագէսեան հաստատեց նաեւ, որ կը գտնուինք վտանգաւոր եւ ճակատագրական օրերու մէջ «ոչ միայն Լիբանանը, այլեւ՝ ամբողջ Միջին Արեւելքն ու շրջանը վտանգուած» ըլլալով: Աւելցնելով որ «զգուշ եւ պէտք է պատրաստ ըլլալ եւ լրջօրէն վարուիլ վատագոյն հաւանական իրադարձութիւններուն»: Ան տեղի ունեցող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէն մեկնած ներկայ վիճակը սահմանեց որպէս համաշխարհային պատերազմը յիշեցնող երեւոյթ, ըսելով՝ «կրնանք ըսել, որ մենք իրողապէս կը գտնուինք համաշխարհային երրորդ պատերազմի մէջ»:
Բանախօսը հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի դէմ ռազմական գործողութիւնները սպասելի էր քանի որ լիբանանեան Դիմադրութիւնը առած էր Կազայի պաղեստինեան ժողովուրդին հանդէպ զօրակցական դիրքորոշում, որ բնականաբար թշնամիին կողմէ բարեացակամօրէն պիտի չընդունուէր եւ «այս իրավիճակին մէջ նախընտրաբար լաւագոյն լուծումներէն էր թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ բազմիցս թելադրուեցաւ, սակայն արհամարհուեցաւ պատերազմող երկու կողմերէն», նշեց յարգելի դասախօսը:
Ընկեր Վանիկ Տագէսեան ընդհանուր գիծերու մէջ նաեւ ներկայացուց պատերազմի սկիզբէն մինչեւ օրս կատարուած գործողութիւններուն ժապաւէնը, որուն հետեւանքով հարցերը բարդացան հասնելու համար այժմու վիճակին: Ան բնական համարեց բոլոր երկիրներու մէջ նախայարձակին հանդէպ պաշտպանուելու համար ունենալ դիմադրութիւն՝ «որուն արդար իրաւունքն է պաշտպանել իրաւազրկուած ժողովուրդն ու հողը, իսկ մենք այն առաջիններէն ենք, եթէ ոչ առաջին կուսակցութիւնը՝ որ պաշտպան կանգնած ենք իրաւազրկուած, բռնագրաւուած ժողովուրդներու արդար իրաունքներուն ընդդէմ գաղութատիրութեան»:
Ամփոփելով իր ելոյթը, հայկական մտահոգութիւններէն մեկնած ընկեր դասախօսը մաղթեց, որ պատերազմական դէպքերը աւելի չընդարձակուին եւ արդէն իսկ ուժասպառ դարձած համայնքը անվնաս ու ապահով շրջանցէ կործանիչ պատերազմին արհաւիրքը: Ան նաեւ միասնականութիւնը համարեց որպէս լիբանանահայութեան գլխաւոր ապաւէնը:
Բանախօսութենէն ետք սրահին մէջ զրոյցը շարունակուեցաւ սուրճի եւ հիւրասիրութեան համտեսումով: