«ԱՐԱՐԱՏ», 30 Հոկտեմբեր-8 Նոյեմբեր 1969
Շուրջ մէկուկէս շաբթուան թիւեր ունիմ իմ դիմաց։ Ի՞նչ կը նկատեմ հոն։ Ինչպիսի՞ մթնոլորտ մը կը շնչեմ այնտեղ։
Նշմարելի է թերթին ձախակողմեան շեշտեալ գաղափարախօսութիւնը։ Այս հաստատումը ի զօրու է թէ՛ լիբանանեան ներքին լուրերու եւ արաբական աշխարհը յուզող իրադարձութիւններու, թէ՛ ալ միջազգային քաղաքական դէպքերու մեկնաբանութեան նուիրուած յօդուածներու պարագային։
Զորօրինակ, Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) երկարօրէն գրեր է «Արեւելեան Գերմանիոյ վերելքին մասին» (յօդուածին խորագիրն է այս)։ Համայնավար Գերմանիոյ ժողովրդագրական պատկերը գծելէ ետք՝ յօդուածագիրը կ՛ըսէ որ հոն, 1949-էն սկսեալ «իշխանութիւնը յանձնուած է աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու կողմէ ընտրուած խորհրդարանի մը։ …Շնորհիւ սոցիալիստական ռեժիմի ընձեռած առաւելութիւններուն եւ Խորհ. Միութեան եղբայրական օժանդակութեան, ան գիտցաւ իր սեփական տնտեսական օրկանիզմներու ընկերվարական բնոյթով ինքզինք պարտադրել միջազգային շուկաներուն»։ Յօդուածագրին հիացումը մեծ է այս երկրին կարգուսարքին նկատմամբ, մանաւանդ որ հոն Սահմանադրութիւնը ընդունուեր է եղեր բնակչութեան 94,49 տոկոսին համաձայնութեամբ։ Հաւատա՞լ այսպիսի ազատ ու անկաշկանդ քուէարկութեան մը…։
Այլ յօդուած մը, ընկերային բնոյթի, որ ստորագրուած է թերթին մնայուն աշխատակից Ն.Մ.Գ.-ի կողմէ, սեւեռումի կ՛ենթարկէ Խորհրդային աշխարհի մէջ «ընտանիք» հասկացութիւնը, ծնողաց եւ զաւակներու փոխյարաբերութիւնը։ Ըստ յօդուածագրին, եթէ Արեւմուտքի «պուրժուա» ընտանիքները իրենց զաւակները կը մեծցնեն արծաթապաշտութեան եւ անհատապաշտութեան ոգիով, ապա խորհրդային սահմանէն ներս երեխաները կը մեծնան «վեհ ու մարդկային բարոյականութեան ոգիով», որովհետեւ «Խորհ. Միութեան մէջ գոյութիւն չունի գռեհիկ գրականութիւն։ Սինեման, թատրոնը, ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլը բռնութիւն, մարդատեացութիւն, ցոփութիւն եւ պոռնկութիւն չեն քարոզեր»…։
Թերթին խմբագրականներէն մին կ՛անդրադառնայ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման, սփիւռքահայ մարդոց դէպի Հայաստան կատարած յաճախակի այցելութիւններու բարերար դերին։ «Խորհրդային Հայաստանի պայծառ ու շէնշող իրականութեան լոյսը կը հասնի երկրագունդին հեռաւոր անկիւններու հայերուն, որոնց մթամած հոգիները տակաւ կը լուսաւորուին, կը զարթնի ազգային գիտակցութիւնը որ մահաքուն էր մտած, կը փարատի նախապաշարումի եւ վերապահութեան քօղը, դէմքերը կը դառնան դէպի Արեւելք՝ ծաղկուն հայրենիքին տեսիլքով վառուած, եւ կը սկսի փրկարար տեղատուութիւնը դէպի մայր հող, դէպի բնօրրան, անդիմադրելի մղումովը հայրենական անմար սիրոյն», կը գրէ խմբագիրը։ Սխալ չեն այս դատումները։ 60-ական թուականներու Բ. կէսէն ետք՝ Հայաստան ի՛սկապէս սկսեր էր իր հմայքին տակ առնել արտասահմանի հայորդիները, տակաւ առ տակաւ վերածուելով լուսաճառագ փարոսի…։
Ուրիշ խմբագրական մը իրեն նիւթ ըրեր է 1917-ի համայնավար Հոկտեմբերեան Մեծ Յեղափոխութեան 52-րդ տարեդարձը, դէպքը կոչելով «Պատմութեան մեծ անկիւնադարձը» (խմբագրականին խորագիրն է)։ Կատարուածը «բանուորա–գիւղացիական առաջին պետութեան հաստատումն էր երկրագունդին վրայ,-կը գրէ խմբագիրը։– Անով ծնունդ կ՛առնէր նոր իրաւակարգ մը, որ խորտակուած հինի աւերակներուն վրայ կը բարձրացնէր նոր, արդար ու երջանիկ կեանքի մը հիմերը»…։
«Միջազգայնականութիւնը եւ ազգային ազատագրական պայքարը» խորագրեալ երկարաշունչ գրութիւն մը ստորագրեր է Պօղոս Թիւթիւնճեան (լիբանանահայ կոմունիստ գործիչ մը ու հետագային՝ «Կանչ» շաբաթօրեակի վարչական պատասխանատու)։ Յօդուածը, ծայրէ-ծայր, իբրեւ ոճ, բառապաշար ու գաղափար, կաղապարատիպ կրկնութիւնն է 40-ական ու 50-ական թուականներուն խորհրդային մամուլին ջատագոված մարքսեան ու լենինեան տեսութիւններուն…։
Հայաստանեան մամուլէն կամ գիրքէ մը արտատպում մըն է, ակներեւաբար, փրոՖ. Արամայիս Մնացականեանի այն գրութիւնը, որ ունի «Իմբերիալիստական պետութիւնների խարդախ քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդի նկատմամբ» խորագիրը (2 թիւով)։ Կը խօսուի Պերլինի վեհաժողովին մասին, ուր հայոց ներկայացուցիչներուն մուտքը անյարմար տեսնուեր էր…։ Միւս կողմէ, արեւմտեան մամուլի սիւնակներէն ու խորհրդարաններու ամպիոններէն ջանք կը թափուէր ստեղծելու այն տպաւորութիւնը, թէ Անգլիան, Գերմանիան, Ֆրանսան ու ամերիկացիք պիտի պաշտպանեն օսմանահպատակ հայերը…։ Իրականութիւնն ա՛յն էր, որ անոնք «հայերին իրենց շահի համար առուծախի առարկայ դարձնելու եւ ստրկացնելու» կը միտէին, կը գրէ յօդուածագիրը։
Անկիւն մը կծկուած մանր լուր մը կը հաղորդէ սա՛ տեղեկութիւնը. «Շուրջ երկու ամիս լիբանանաբնակ իր հարազատներուն այցելելէ ետք, օդի ճամբով Հայաստան վերադարձաւ պատմաբան եւ ուսուցչապետ ընկ. Եղիա Տոլպագեան»։ Միեւնոյն թիւով իր աւարտին հասեր է հայրենադարձ այս մտաւորականին մէկ յօդուածաշարքը (5 յաջորդական թիւերով), որ կը կրէ «Հայերի հնդեւրոպական նախնիները» խորագիրը։
Ընթերցողներս կրնան հարց տալ, թէ ո՞վ էր Եղիա Տոլպագեան (1908-1982)։ Բնիկ այնթապցի էր ան եւ 40-ականներու մեծ ներգաղթին Լիբանանէն մեկնած էր Հայաստան, իր ետին թողլով ուսուցչական եւ հրատարակչական վաստակ մը։ Բացեր էր տպարան, եղեր էր հրատարակիչ-խմբագիրը «Ամէնուն նոր տարեցոյցը»–ներու շարքին, որուն հինգ հատորները լոյս ընծայուած են 1937-42, Պէյրութ։ Հրատարակած էր նաեւ դպրոցներու յատուկ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան մէկ-երկու ձեռնարկներ։
Թերթին շաբաթական «Գրական էջ»-ը (1 Նոյեմբեր) նմուշներ տուեր է 19-րդ դարու ռուս գրականութեան երեւելի դէմք Իվան Տուրգիենեւի արձակ բանաստեղծութիւններէն։ Նոյն էջին վրայ «Կոմիտասը» խորագրով չափածոյանման գրութիւն մը ունի տոքթ. Յովսէփ Ճիռեան։ Միւս շաբթուան «Գրական էջ»-ը (8 Նոյեմբեր) հիւրընկալեր է հայրենի գրականագէտ Սուրէն Նադրեանի մէկ գրախօսականը՝ պոլսաբնակ գիւղագիր Յակոբ Մնձուրիի Երեւան տպուած նորատիպ «Կապոյտ լոյս» հատորին մասին։
Նոյեմբեր 5-ի թիւին մէջ «Արարատ» գրեթէ լման էջ մը տրամադրեր է հնչակեան ժամանակակից մամուլէն քաղուածքներու։ Հոն արտատպեալ մէկական յօդուած կը տեսնենք Պուէնոս Այրէսի «Շարժում», Ամերիկայի «Երիտասարդ Հայաստան» եւ Գահիրէի «Ջահակիր» շաբաթաթերթերէն։ Այսօր, տխուր է անդրադառնալ, որ նշեալ երեք պաշտօնաթերթերէն առաջին երկուքը շատո՜նց փակեր են իրենց խմբագրատուները, իսկ երրորդը կը հրատարակուի կաղն ի կաղ, հազիւ շշնջալով…։
Սփիւռքեան լուրերու սիւնակին մէջ տրուեր է մահուան գոյժը ընկ. Յովսէփ Քիրիշճեանի (Ֆրանսա)։ Ողբացեալը հնչակեան հաւատաւոր գործիչ մըն է եղեր, նաեւ՝ բազմամեայ կրթական մշակ։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին կուսակցական ընկերներու անունով դամբանախօսութիւն մը կատարեր է Նազարէթ Բշտիկեան։
Հայ արուեստագէտներու առնչուող երեք լուրեր հետաքրքրութիւն կ’առթեն։
Ասոնցմէ առաջինը կը վերաբերի գանատաբնակ հռչակաւոր լուսանկարիչ Յարութիւն Գաւուքեանի (Արթօ Գաւուք)։ Կիլիկիոյ Մերսին նաւահանգիստի ծնունդ էր այս արուեստագէտը (1915-1986)։ «Արարատ» կը գրէ որ Երեւանի մէջ բացուեր է անոր լուսանկարչական անդրանիկ ցուցահանդէսը։ Ներկայացուեր են յատկապէս դիմանկարներ, շուրջ 60 հատ։ Այս առթիւ, բացման օրը, խօսք առեր են բանաստեղծ Վահագն Դաւթեան, յայտնի գեղանկարիչ Գրիգոր Խանջեան, Եգիպտոսէն հայրենադարձ լուսանկարիչ Անդրանիկ Քոչար եւ ամէնէն վերջը ի՛նքը՝ Արթօ Գաւուք։
Երկրորդ լուրը կը վերաբերի ֆրանսահայ Գառզուին (Գառնիկ Զուլումեան, 1907-2000)։ Ա՛ն եւս Հայաստան այցելեր է տասը օրով, իր տիկնոջ հետ։ Հանդիպումներ ունեցեր է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակ. Կապի Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի, նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանի եւ Յակոբ Յակոբեանի հետ։ Այցելեր է բանաստեղծ-նկարիչ Բիւզանդ Թօփալեանի (փարիզաբնակ) երեւանեան ցուցահանդէսը, Մատենադարան, Սեւանայ լիճ, Բիւրականի աստղադիտարան, Վազգէն Ա. Վեհափառին, Սարդարապատի յուշակոթող, Օշական՝ Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմը եւ այլուր։
Երրորդ ու վերջին լուրն ալ կ’առնչուի ամերիկահայ գեղանկարչուհի Վավա Սարգիս Խաչատուրեանին (1896-1984)։ 1 Նոյեմբերին, Պէյրութի «Օմար Խայեամ» պանդոկի սրահին մէջ ան հանդիպում-ասուլիս մը ունեցեր է լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, Էջմիածնայ միւռոնօրհնէքէն վերադարձի իր ճամբուն վրայ։ Խօսեր է իր ամուսնոյն՝ նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի արուեստին մասին։ Վավա յայտներ է որ (ըստ այս թղթակցութիւնը ստորագրող Ն. Սարգիսի), կը փափաքի իր կողակցին գործերը Հայաստան փոխադրել։
Ծանուցումներու բաժնէն կ’իմանանք, թէ Ս. Պսակի խորհուրդով ընտանիք կազմեր են Գասպար Չալեան եւ օրդ. Տիգրանուհի Թերզեան (Պէյրութ), Միսաք Թաթուլեան եւ օրդ. Արաքսի Գօփուշեան (Շիքակօ)։
Շիրակ հրատարակչատունը ծանուցեր է, թէ «Շիրակ» երգարանի 13-րդ թիւը արժանացեր է Բ. տպագրութեան եւ թէ անիկա արդէն կը վաճառուի եղեր Պէյրութի ու Հալէպի գրավաճառներուն մօտ։
Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Միութեան «Հերթական հանդիպում»-ը պիտի կայանայ եղեր «սովորական հաւաքատեղիին մէջ» (վայրը նշուած չէ)։ Պիտի զեկուցէ եղեր ընկ. Գաբրիէլ Մոլոյեան, նիւթ ունենալով «Արաբական զարթօնքը եւ Լիբանան»։
Ուշադրութիւն կը գրաւէ, վերջապէս, հետեւեալ կարճ յայտարարութիւնը, որ ստորագրեր է ոմն Վ. Ա. Ճիհանեան. «Արարայի ճակատամարտին մաս կազմող լէգէոնականները թող դիմեն Ֆրանսական դեսպանատան մնայուն գրասենեակը, ստանալու համար իրենց տարեկան յատկացումը»։
Ի՞նչ է այս…։ Արարայի (Պաղեստին) ճակատամարտէն աւելի քան կէս դար ետք՝ նիւթական յատկացո՞ւմ կը կատարուէր հայ լէգէոնականներուն։ Իրա՛ւ, ասպետակա՜ն Ֆրանսա…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)