Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՐԿՐԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆ ՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

November 9, 2024
in Այլազան, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՐԿՐԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆ ՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

 

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու  հանդիպումները կը շարունակուին։ Միջկուսակցական նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2024-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։

Ժողովականները քննեցին Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները, իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն եւ ոտնձգութիւններուն անմիջական ու երկարաշունչ հետեւանքները։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վերաշեշտեցին ներլիբանանեան մակարդակի վրայ ծայրայեղական կեցուածքներէ հեռու մնալու եւ ներքին համերաշխութեան պահպանման առումով անհրաժեշտ ճիգերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները քննարկեցին երկրին մէջ տիրող իրավիճակը։ Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձան  հայահոծ թաղամասերու շրջակայքը հաստատուած գաղթականներու վիճակն ու անոնց տրամադրուող օժանդակութիւնները։ Յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր, միութենական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու տարած համակարգուած աշխատանքներուն՝ շեշտելով անոնց կազմակերպուածութիւնը նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ արդիւնաւէտ աշխատելու տեսակէտէն։

Ժողովի աւարտին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները անդրադարձան Ատրպէյճանի մէջ գումարուելիք COP29 միջազգային վեհաժողովին՝ հաստատելով, որ Ատրպէյճան բարոյական եւ իրաւական առումով իրաւունք պէտք չէ ունենար նման տարողութեամբ համաժողով մը հիւրընկալելու։ Այս առումով ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին բարձրացնել Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ցեղային զտումի, բռնի տեղահանման հարցերը եւ Արցախի ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնման համար միջազգային ընտանիքին դիրքորոշման ապահովումը։

Share62Tweet39
Previous Post

Հայագաղութ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 8 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post
ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 8  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ - 8 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.