Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայագաղութ

November 9, 2024
in Այլազան
0
Հայագաղութ

* ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ – «Մասիս» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, որ հովանավորութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, 24 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «21-րդ դարուն սփիւռքի մէջ ապրիլ եւ հայ մնալ» խորագիրով դասախօսական երեկոյ: Դոկտ. Չիլինկիրեան  նոր սերունդի հայ    երիտասարդներուն պարզեց  ու բացայայտեց 21-րդ  դարուն  հայ մնալու  մօտեցման ձեւն ու   հնարաւորութիւնները   լաւատեսութեամբ ու յուսադրելի պատկերացումով: Դոկտ. Չիլինկիրեան շեշտեց, որ յարգելով նոր սերունդի նոր գաղափարներն ու մտապատկերները  որոնք յարկ է  յարակից  ըլլան  նորագոյն ժամանակի սկզբունքներուն հետ, պէտք է պահել մեր արմատներուն կապող հայկական արժէքները:

* ԿԼԵՆՏԷԼ – 25  Հոկտեմբեր 2024-ին, Կլենտէյլի Հայ Աւետարանական Նազովրեցի եկեղեցոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ ծանօթ գրող եւ հասարակական գործիչ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայ ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհահանդէսը։ Գիրքին մասին խօսելով, իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան յայտնեց, որ «ինքնութեան մէջ շարք մը յօդուածներ են, գրուած 2018-2022 տարիներու ընթացքին, սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ լոյս տեսած օրաթերթերուն, շաբաթաթերթերու, ամսագրերու եւ կամ էլեկտրոնային կայքերու մէջ։ Անոնք արկնարկներ են եւ կամ ուղեգրութիւններ, հեղինակին վերաբերող տպաւորութիւններ եւ գիրքերու գրախօսականներ ու աստուածաբանական մեկնաբանութիւններ»։ Սրտի խօսքով իր ելոյթին մէջ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան անդրադարձաւ իր արտասահմանեան ուղեւորութիւններուն։ Ան ցաւ յայտնեց, որ աշխարհատարած հայ բեկորներուն մէջ Հարաւային Ամերիկա եւ այլուր նկատած է որ մեր մայրենի լեզուն շարունակական նահանջ մը կ’ապրի։

* ՊՈԼԻՍ – «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ Հայաստանի մէջ hայագիտական հետազօտութիւններու շրջանակին մէջ «Հայկական ինքնութեան պահպանման հետքերով» նախագիծի համահեղինակներ՝ միջազգայնագէտ, սփիւռքագէտ Քրիսթինա Ալեքսանեան եւ լրագրող, հասարակայնութեան հետ կապերու մասնագէտ Արմինէ Բրսոյեան այցելած են  Սթամպուլի հայկական Գում Գափու թաղամասին մէջ գործող Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարան, ուր հանդիպում ունեցած են վարժարանի սաներուն եւ անձնակազմին հետ։ Նախագիծի համահեղինակները այցելած են նաեւ Սթամպուի մէջ գործող «Ակօս» խմբագրատուն եւ պարբերականի հայկական էջերու գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուքեանի հետ քննարկած են ներկայիս Թուրքիոյ մէջ հայկական մամուլի  գործունէութեան հետ կապուած հարցեր։

 

 

* ՊՐԱԶԻԼ – «Նոր Մարմարա»-էն կ’իմանանք, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պրազիլի մասնաճիւղը, իր հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով իւրայատուկ ու եզակի համերգ մը կազմակերպած է Սան Փաուլոյի մէջ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցած է 28 Հոկտեմբերին, «Իւնիմէտ» թատրոնի սրահին մէջ։ Ելոյթ ունեցած են հայ երաժշտութեան երկու նուիրեալներ՝ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ եւ դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան։ Երեկոյի ընթացքին յարգանքի տուրք մատուցուած է Եզնիկ վրդ. Կիւզէլեանին, որ նոյնպէս կարեւոր դեր ունեցած է «ՀԲԸՄ-Պրազիլ»ի եւ Պրազիլի հայ համայնքի պատմութեան մէջ։

* ԱՐԺԱՆԹԻՆ – Հայկական կեդրոնը յայտնած է Պուենոս Այրէսի, Լատին Ամերիկայի եւ Մեքսիքոյի կաթողիկէ հայերու եպիսկոպոս՝ մոնսենիոր Փապլօ Հաքիմեանի վախճանման մասին։ Երջանկայիշատակ կղերականը ծնած է Եգիպտոս, Գահիրէ: Ուսանած է Հռոմի Հայրապետական ​​ճեմարանը, ուր վեց տարի փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններէ ետք 1981-ին ձեռնադրուած եւ մեկնած է Արժանթին՝ որպէս Հայ Կաթողիկէ համայնքի քահանայ:

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՊՕՐԻՆԻ ՇԱՐԺԱՆԻՒՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒ

Next Post

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՐԿՐԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆ ՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Next Post
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՐԿՐԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆ ՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՐԿՐԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆ ՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.