Ռազմական զարգացումներու ծիրին մէջ, Հըզպալլայի շտապ օգնութեան ծառայութեան փրկարարներէն մէկը մահացաւ Նաքուրայի ճամբուն վրայ թիրախաւորումի պատճառով: Իսրայէլեան ներթափանցող ուժերը երէկ բազմաթիւ բնակարաններ եւ այլ կառոյցներ պայթեցուցին սահմանային Այթարուն եւ Մարուն էլ-Ռաս գիւղերուն մէջ, իսկ Սուր քաղաքը ենթարկուած է օդային ռմբակոծումի: Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, լիբանանեան Կարմիր խաչին եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ որոնումներ կատարեց իսրայէլեան ծանր հարուածներու ենթարկուած Ուաթա Խիամ շրջանին մէջ եւ կործանուած կառոյցներու բեկորներէն յաջողեցաւ յայտնաբերել չորս զոհի դի: Իսրայէլեան օդուժը երէկ ռմբակոծեց Հըրմէնի եւ Սուրիոյ սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ Պաալպաքի մերձակայ Հարապթա գիւղը: Արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնին համաձայն, անցնող 24 ժամերուն եղած է 84 ռմբակոծում, զոհուած է 15 լիբանանցի: Ուստի, պատերազմի սկիզբէն ի վեր իսրայէլեան հարուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 12.407-ի, իսկ լիբանանցի զոհերուն թիւը՝ 3118-ի:
ԵՈՒՆԻՖԻԼ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը քանդած է Ռաս էլ-Նաքուրա սահմանային շրջանի իր դիրքերէն մէկուն ցանկապատը եւ այլ կառոյցներ: «Իսրայէլեան բանակին կողմէ մեր կառոյցներուն դիտումնաւոր քանդումը կը համարուի միջազգային 1701 բանաձեւի բացայայտ խախտում», յայտնեցին խաղաղապահները: Իսկ իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ ցամաքային գործողութիւններուն ընթացքին Հըզպալլայի ենթակառոյց մը գտնուած է ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեդրոնէն ընդամէնը երկու հարիւր մեթր հեռու, ժխտելով խաղաղապահներու դիրքին մէջ որեւէ գործողութիւն կատարելու ամբաստանութիւնը: Ըստ իսրայէլացի բանբերին, Հըզպալլա այնտեղ կը մարզէր իր անդամները: «Բացայայտեցինք ռազմական կառոյցներ, ստորգետնեայ անցքեր եւ զինամթերանոցներ», ըսաւ իսրայէլացի բանբերը: Ան նշեց նաեւ, թէ Լիբանանի մէջ ընթացող բախումներուն ընթացքին մահացած է զինուոր մը, քանի մը վիրաւորներու կողքին:
Իսկ սահմանէն անդին, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին լիբանանեան հողերէն անօդաչու սարքերու արձակումին մասին՝ հիւսիսային Նահարիա քաղաքին ուղղութեամբ, ուր գործեցին ահազանգող շչակները: Հըզպալլա իր կարգին յայտարարած էր իսրայէլեան զինուորական կուտակումներու ուղղութեամբ անօդաչու սարքեր արձակելու մասին: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց նաեւ, թէ առնուազն տասը հրթիռ արձակուած է Հայֆայի եւ Նասիրայի ուղղութեամբ, սակայն կարելի չէ եղած խոչընդոտել բոլորը: