Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԿՈՐԾԱՆԵԼԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ՉԷ

November 9, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԿՈՐԾԱՆԵԼԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ՉԷ

 

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի յայտնեց, որ նախարարութիւնը միջոցներու ձեռնարկած է միջազգային լրատուական տասը հաստատութեան նկատմամբ, որոնց ներկայացուցիչները իսրայէլեան բանակին ընկերակցելով մուտք գործած են լիբանանեան հարաւային գիւղեր: Մաքարի օտարազգի լրագրողներուն այդ արարքը համարեց լիբանանեան գերիշխանութեան բացայայտ խախտում, աւելցնելով որ ազատ արտայայտուելու սկզբունքը պէտք է տնօրինուի պատասխանատուութեամբ:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ կարծիք յայտնեց, որ իսրայէլեան նպատակը Հըզպալլան կործանելը չէ, այլ լիբանանեան հարաւի սահմանային գօտիին վրայ ապազինեալ գօտի հաստատելը: «Իսրայէլացիները չէին նպատակադրեր ցամաքային լայնածաւալ գործողութիւն մը շղթայազերծել», ըսաւ Պու Սաապ՝ աւելցնելով, որ Թել Աւիւ ի վերջոյ պիտի ընդունի դիւանագիտական լուծումը, որուն պայմանները արդէն բիւրեղացած են ու կ’ակնկալուի, որ ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն տարածաշրջան այցելէ յառաջիկայ շաբաթ՝ շարունակելու համար բանակցութիւնները:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նորանշանակ նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակը պատերազմի ամիսներուն ընթացքին ապացուցեց, թէ անոնք որոնք կը փորձեն մեզի վնաս պատճառել, պիտի վճարեն շատ սուղ գին, իսկ ես պիտի ըլլամ բանակին պաշտպանը եւ առաջնահերթութիւններուս մէջ գլխաւոր տեղ յատկացուած է գերիներու ապահով տունդարձին»: Քաց նշեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Ուսթինի հետ քննարկած է գերիները ազատ արձակելու եւ Իրանի սպառնալիքները դիմակայելու միջոցները:

Նշենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանը օր մը առաջ վաւերացուցած էր վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի առաջարկը՝ արտաքին գործերու նախարար Իսրայէլ Քացին պաշտպանութեան նախարարութիւնը յանձնելու եւ Ղատաուն Սաէրը արտաքին գործերու նախարար նշանակելու մասին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՃԳՆԱԺԱՄ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Next Post

ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post
ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.