Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԱՄՍԹԸՐՏԱՄԻ ՄԷՋ

November 9, 2024
in Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԱՄՍԹԸՐՏԱՄԻ ՄԷՋ

 

 

Իսրայէլի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ առնուազն 10 իսրայէլացի վիրաւորուած եւ երկու հոգիի հետ կապը կտրուած է, երբ նախանացեալ գիշեր բախումներ սկսած են Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթըրտամի մէջ՝ «Այաքս Ամսթըրտամ» ընդդէմ «Մաքապի Թել Աւիւ» ֆութպոլային եւրոպական մրցումի աւարտին, երբ ցուցարարներ բախած են իսրայէլացի համակիրներուն հետ՝ պաղեստինեան դրօշներու պղծումէն ետք: Աւելի ուշ, հոլանտական մայրաքաղաքի քաղաքապետը յայտնեց, որ իշխանութիւնները որոշած են անկախ հետաքննութիւն բանալ՝ պարզելու համար Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցած բախումներուն մանրամասնութիւնները եւ ճշդելու յանցագործները: Ամսթըրտամի ոստիկանութիւնն ալ յայտարարեց 62 խռովարարներու ձերբակալութիւնը, հաւաստիացնելով որ անհետ կորսուած անձերը գտնուած են:

Իսկ իսրայէլեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ յաւելեալ օդանաւեր պիտի ուղղուին Հոլանտա, տուն վերադարձնելու համար այնտեղ մնացած շուրջ երեք հազար իսրայէլացիները, որոնք երէկ հերթով կը սպասէին տարհանումի: Միջադէպերու լոյսին տակ, իսրայէլեան բանակը արգիլեց բոլոր զինուորներուն Հոլանտա ուղեւորութիւնը, առ ի գործադրութիւն քաղաքական ղեկավարութեան ցուցմունքներուն: Հոլանտայի վարչապետը դատապարտեց խուլիկանութիւնները եւ հաստատեց, որ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Պենիամին Նեթանիահուի հետ քննարկած է միջադէպին մանրամասնութիւնները:

Share63Tweet40
Previous Post

ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post

ԱՊՕՐԻՆԻ ՇԱՐԺԱՆԻՒՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒ

Next Post

ԱՊՕՐԻՆԻ ՇԱՐԺԱՆԻՒՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.