Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՃԳՆԱԺԱՄ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

November 9, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՃԳՆԱԺԱՄ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

 

Օրըստօրէ Լիբանանի մէջ աւելի կը յստականայ հարաւի եւ Պեքաայի պատերազմական գօտիներէն հազարաւոր լիբանանցի քաղաքացիներու տեղահանութեան հսկայական ծաւալը, կառավարութեան եւ առնչակից այլ կողմերու անկարողութիւնը եւ ներլիբանանեան կայունութեան եւ համագոյակցութեան առումով նշեալ երեւոյթին ներկայացուցած վտանգները: Տեղահանութեան ճգնաժամը աւելի կը բարդանայ այս օրերուն, երբ բազմաթիւ վարժարաններ կը սկսին դպրոցական տարեշրջանը եւ անկարելի կ’ըլլայ այդ դպրոցներուն մէջ տեղահանուած ընտանիքներ տեղաւորելը: Այս առնչութեամբ, հիւսիսի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա յայտնեց, որ իր իրաւասութեան գօտիին մէջ արձանագրուած է աւելի քան 70 հազար տեղահանուած լիբանանցիներու հոսք, որոնցմէ 55 հազարը տեղաւորուած են բնակարաններու, իսկ շուրջ 15 հազարը՝ 110 ժամանակաւոր ապաստանի մէջ: «Սակայն այսուհետեւ կարողութիւն չունինք տեղ տրամադրելու յաւելեալ տեղահանուածներու, որովհետեւ սկսած է դպրոցական տարեշրջանը», ըսաւ նահանգապետ Նոհրա: Իսկ Աքքարի նահանգապետ Իմատ Լապաքի յայտնեց, որ իրենք եւս չեն կրնար տեղ տրամադրել յաւելեալ տեղահանուածներու, որովհետեւ տուներու մէջ տեղաւորուած է շուրջ 60 հազար մարդ, իսկ ժամանակաւոր ապաստաններու մէջ՝ ութ հազար: «Դպրոցական տարեշրջանը արդէն սկսած է եւ չենք կրնար յաւելեալ մարդ տեղաւորել, սակայն եթէ կրթութեան նախարարը որոշէ բանալ յաւելեալ ապաստաններ, ապա դրութիւնը կը փոխուի», ըսաւ Լապաքի: Հարաւի նահանգապետ Մանսուր Տաու իր կարգին նշեց, որ շուրջ 12 հազար քաղաքացի ապաստանած է Սայտա գաւառին մէջ, մինչ հազարաւոր ընտանիքներ տեղաւորուած են Սուր եւ Ժըզզին գաւառներու ապաստաններուն եւ այլ վայրերու մէջ: Տաու դժգոհեցաւ, որ տեղահանուածներուն հասնող օգնութիւնները բաւարար չեն բոլորին, մանաւանդ ապասատաններէն դուրս գտնուողներուն, որոնց աջակցելու համար անհրաժեշտ են յաւելեալ միջոցներ: «Կացութիւնը ցարդ ընդունելի է եւ չկան ապահովական խնդիրներ, իսկ առողջապահական թղթածրարով կը զբաղի համապատասխան նախարարութիւնն ու կազմակերպութիւնները», բացատրեց հարաւի նահանգապետը:

Մարդասիրական Քարիթաս կազմակերպութեան նախագահ հայր Միշէլ Ապպուտ ահազանգեց տեղահանութեան թղթածրարին վերաբերող վտանգաւոր մտահոգութիւններու մասին: Դիտել տալով, որ հանրօգուտ աշխատանքներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ խօսած է պետութեան պատկանող կալուածներու վրայ տեղահանուածներուն պատրաստ տուներ տեղադրելու ծրագրի մը մասին, Քարիթասի նախագահը ահազանգեց այդ ծրագրի վտանգաւոր հետեւանքներէն, որոնք կը վերաբերին ընկերային լարուածութիւններու աճին, «որոնք արդէն որոշ ապաստաններու մէջ սկսած են, նոյնիսկ նոյն յարանուանութենէն քաղաքացիներու միջեւ»: Հայր Ապպուտ նշեց, որ տեղահանութեան վերաբերող զարգացումները մտահոգութիւն կը պատճառեն եկեղեցւոյ, ուստի իրենք սկսած են քննարկել այլընտրանքային լուծումները, որովհետեւ ապագան պղտոր է: Խօսելով Քարիթասի օգնութիւններուն մասին, կազմակերպութեան նախագահը յայտնեց, որ իրենք 24 Սեպտեմբերէն ի վեր 126 հազար քաղաքացիի տրամադրած են մէկ միլիոն 450 հազար ծառայութիւն՝ 4,5 միլիոն տոլարի արժողութեամբ, ներառեալ դեղեր, բժշակական օգնութիւն, սննդանիւթի տրամադրում եւ այլ ծառայութիւններ:

Share62Tweet39
Previous Post

1500 ԶԻՆՈՒՈՐ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱՅ ԲԱՆԱԿԻՆ

Next Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԿՈՐԾԱՆԵԼԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ՉԷ

Next Post
ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԿՈՐԾԱՆԵԼԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ՉԷ

ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԿՈՐԾԱՆԵԼԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ՉԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.