Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹԵԼ ԱՒԻՒՆ ՈՒ «ՊԵՆ ԿՈՐԻՈՆ»-Ը ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽ

November 8, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԹԵԼ ԱՒԻՒՆ ՈՒ «ՊԵՆ ԿՈՐԻՈՆ»-Ը ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽ

 

 

Արտակարգ իրավիճակ կը տիրէր երէկ ոչ միայն լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ եւ սահմանային գօտիին վրայ, այլ նաեւ Թել Աւիւի եւ իսրայէլեան կեդրոնական բնակավայրերուն մէջ, ուր շչակները բազմիցս հնչեցին՝ ահազանգելով հիւսիսային սաւառնող հրթիռներու վտանգէն: Ըստ տեղական լրատուամիջոցներուն, հինգ պայթում լսուած է Թել Աւիւի արուարձաններուն մէջ, հրթիռ մըն ալ ինկած է «Պեն Կորիոն» օդակայանին վրայ՝ զգետնելով բոլոր թռիչքները: Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներով կործանած է Թել Աւիւի ուղղութեամբ Հըզպալլայի արձակած հրթիռներուն մէկ մասը: Լիբանանի սահմանային գօտիին կից, Հըզպալլայի հրթիռներ ինկան նաեւ սահմանամերձ Աւիւիմ բնակավայրին մէջ, պատճառելով չորս վիրաւոր, աւելի ուշ հրթիռ մըն ալ հասաւ Սաֆատ:

Իսրայէլեան շրջաններուն ուղղութեամբ աւելի քանի 120 հրթիռներու արձակումին զուգահեռ, իսրայէլեան օդուժը ծանր հարուածներ ուղղեց մասնաւորաբար Պաալպէք-Հըրմէլին, Նապաթիէ շրջանին եւ հարաւային որոշ գիւղերու: Իսկ երեկոյեան, քանի մը օրուայ դադարէ ետք, վերստին ռմբակոծուեցան Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Հարէթ Հրէյք, Լէյլաքի եւ Պըրժ Պարաժինէ թաղամասերը՝ պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ: Պաալպէք-Հըրմէլի նահանգապետ Պաշիր Խըտր յայտնեց, որ առնուազն 30 մարդ մահացած եւ 35 ուրիշներ վիրաւորուած են Պաալպաքի շրջանը թիրախաւորած երէկուայ քսան յարձակումներուն հետեւանքով:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.