Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

November 8, 2024
in Այլազան, Գլխաւոր Լուրեր
0

 

Կ’ըսուի, թէ նուիրուածութիւնը եւ յանդգնութիւնը մամուլի աշխատակիցի մը կարեւորագոյն արժանիքներէն են, առանց որոնց դժուար թէ ոեւէ մարդ կարողանայ գոյատեւել այս դադար չճանչցող ոլորտին մէջ: Իսկ երբ կը խօսինք մամլոյ նուիրեալներու մասին, ապա «Արարատ» օրաթերթի անցեալն ու ներկան հարուստ են նմանօրինակ մտաւորականներով, հասարակական գործիչներով, խմբագիրներով, լրագրողներով եւ աշխատակիցներով, որոնց շարքերուն շնորհիւ ահաւասիկ 87 տարիէ կը գոյատեւէ սփիռքահայ մամուլի այս ամրոցը: Դաժան օրերուն այդ նուիրեալներէն շատեր նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգած են յանուն «Արարատի վաղուայ թիւը» առաւօտ կանուխ ընթերցողներուն հասցնելու յանձնառութեան:

Հետեւաբար, «Արարատ»-ի հիմնադրութեան տօնը նաեւ բոլոր անոնց տօնն է, որոնք իրենց աւանդը ձգած են այս խմբագրատան մէջ: Երախտագիտութեան բուռն զգացումներով կը յիշենք ու կը մեծարենք «Արարատ»-ի՝ մեր աշխարհէն հեռացած խմբագիրները, վարչական պատասխանատուները, լրագրողները, յօդուածագիրները, սրբագրողները, գրաշարները, ցրուիչներն ու պաշտօնեաները, վստահեցնելով որ անոնց ջանքերը ի դերեւ չելան եւ «Արարատ» այսօր տակաւին կայ նաեւ անոնց շնորհիւ: Թող այդ նուիրեալներուն յիշատակը միշտ վառ մնայ:

Վերջապէս, խորին շնորհակալութեան խօսքերով կը գնահատենք թերթի մերօրեայ գործող եւ նախկին աշխատակիցներուն ներդրումը: Սիրելիներ, դուք ձեր ճակտի քրտինքով, պաատասխանատուութեան վեհ ոգիով եւ ստեղծագործ մտածելակերպով վառ կը պահէք մամլոյ այս օճախը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, ուր ընդհանրապէս վտանգուած է մամուլի գոյութիւնը:

Share62Tweet39
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ «ԱՐԱՐԱՏ«Ի 87-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

ԹՐԱՄՓԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Next Post
ԹՐԱՄՓԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

ԹՐԱՄՓԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.