Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ «ԱՐԱՐԱՏ«Ի 87-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

November 8, 2024
in Այլազան, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան մեծ ընտանիքը այսօր ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացումներով կը տօնէ կուսակցութեան Լիբանանի օրկան՝ «Արարատ» օրաթերթի անդրանիկ հրատարակումին 87-ամեակը: Կուսակցութեան նման, «Արարատ» եւս տասնամեակներու ընթացքին ականատես դարձաւ վտանգներու եւ վերիվայրումներու, նոյնիսկ ռմբակոծումի եւ հրկիզումի փորձի:  Ի դէպ, «Արարատ»-ի ուղին հարթ չէր նոյնիսկ հրապարակումէն առաջ. խափանումի փորձեր եւ ահաբեկում, հետապնդելով մէկ նպատակ՝ արգիլել Հնչակեան Կուսակցութեան նոր օրկանի հրատարակումը, որուն մէջ տեղ պիտի գտնէին օրին Լիբանանին տիրապետող գաղութատիրական ուժերուն եւ անոնց հրահանգով գործող կողմերուն անիրաւութիւնը դատապարտող նիւթեր, ուր յաւելեալ թափ պիտի տրուէր լիբանանահայ համայնքի կառուցումին եւ բարգաւաճումին: Սակայն, ոչինչ կրնար խորտակել պայքարի փուլերէ անցած յիսնամեայ կուսակցութեան կամքը, եւ, որոշ յետաձգումով հանդերձ, օրաթերթը վերջապէս հրատարակելու  ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուեցաւ 87 տարի առաջ այսօր:

Եւ ահա՛ «Արարատ» օրաթերթը շուրջ 9 տասնամեակ շարունակ բազմիցս յաղթահարած է բոլոր մարտահրաւէրները՝ սկսեալ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ու Լիբանանի անկախութենէն, մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի դաժան տարիներն ու նորօրեայ պատերազմները, անցնելով քաղաքական ու տնտեսական գրեթէ ամէնամեայ սուր տագնապներէն: «Արարատ» կանգուն մնաց նաեւ համաշխարհային արհեստագիտական յեղափոխութեան քամիներուն դիմաց եւ որդեգրելով հանդերձ արդիական միջոցները, շարունակեց իր սուրբ առաքելութիւնը, հատեց Լիբանանի սահմանները եւ դարձաւ համայն հայութեան սեփականութիւնը, միաժամանակ միշտ յանձնառու մնալով հովանաւորող ուժին՝ Հնչակեան կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ իր արմատներու աղաղակին:

«Արարատ» իր յաջողութիւնը կը պարտի ինչպէս կուսակցութեան իրերայաջորդ ղեկավարութիւններուն, այնպէս ալ օրաթերթին հմուտ խմբագիրներուն, նուիրուող աշխատակիցներուն եւ ընթերցողներու մեծ բանակին, որոնց համար «Արարատ»-ը եղած է ու կը մնայ լիբանանահայ կառուցուածքի գլխաւոր սիւներէն մէկը:

Հայկական մամլոյ պատմութեան մէջ խարսխուած այս տօնին առթիւ, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը սրտանց կը շնորհաւորէ Լիբանանի եւ աշխարհի հնչակեաններն ու համայն հայութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնելով «Արարատ»-ի ներկայի ու անցեալի բոլոր նուիրեալներուն, թերթին մաղթելով անխափան երթ՝ դէպի նորանոր գագաթներ:

Share62Tweet39
Previous Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ

Next Post

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Next Post

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.