Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՐԱՄՓԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

November 8, 2024
in Միջազգային
0
ԹՐԱՄՓԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

 

 

2016-էն 2020 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու ղեկը ստանձնած նախագահ Տոնըլտ Թրամփ երէկ պաշտօնապէս շահեցաւ նախագահական երկրորդ նստաշրջան մը: Պէյրութի ժամանակացոյցով յետմիջօրէի եւ Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով առաւօտեան արդէն յստակացած էր, որ 2020-ի ընտրութեան Ճօ Պայտընէն պարտութիւն կրած Թրամփ այս անգամ զգալի տարբերութեամբ առաջ անցած է Պայտընի փոխանորդ եւ Ժողովրդավարներու կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիսէն:

Ֆլորիտայի մէջ իր հետեւորդներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ Թրամփ յաղթանակ յայտարարեց եւ խոստացաւ վերականգնել Միացեալ Նահանգներու փառքի օրերը: «Պիտի կարգաւորենք մեր սահմանին վիճակը: Մենք պատերազմներ պիտի չսկսինք, այլ զանոնք պիտի աւարտենք», խոստացաւ նորընտիր նախագահը: Նշենք, որ Թրամփ այս անգամ տիրացաւ նաեւ ժողովրդային մեծամասնութեան, իսկ Հանրապետականներու կուսակցութիւնը վերահաստատեց իր տիրապետութիւնը ծերակոյտին վրայ, որ անցնող տարիներուն կը վայելէր ժողովրդավարներու մեծամասնութիւն մը: Այն ինչ կը վերաբերի Ներկայացուցիչներու տան, ապա անոր ճակատագիրը տակաւին վերջնականապէս յստակ չէր մինչեւ ուշ գիշեր, սակայն նախնական պատկերը կը յուշէր հանրապետականներու մեծամասնութեան:

Share63Tweet39
Previous Post

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Next Post

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ

Next Post
ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.