«Արարատ» այսօր կը թեւակոխէ իր կեանքի 88-րդ տարին՝ իր ուսերուն կրելով երկարաշունչ գոյապայքարի մը բովանդակ պատմութիւնը: Սովորաբար տարեդարձներու առթիւ կը շռայլուին դրուատական եւ գովասանական ներբողներ: Սակայն մեր պարագային հաշուեյարդարի պահն է որ կը համակէ տրամադրութիւնները: Արդարեւ, լուրջ փուլ մը՝ հանրութեան ներկայանալու բարձրաճակատօրէն եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ:
Հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ, մի քանի հազարի հասնող անուններու մէջէն, շատ քիչերու վիճակուած էր բախտը գոյատեւելու 87 տարիներ: Պատկառելի երկարակեցութիւն մը արդարեւ, որ յիրաւի արժանի է յարգանքի:
Ժամանակաշրջան մըն էր, երբ Լիբանանի մէջ հայութիւնը սկսած էր դառնալ հոծ ներկայութիւն: Հայ կեանքը սկսած էր եռալ ազգային-հասարակական, մշակութային, գրական, կրթական, տնտեսական ու քաղաքական առումներով: Ասպնջական Լիբանանը իր հերթին կ’ապրէր բուռն վերիվայրումներ: Ընկերային ու քաղաքացիական շարժումները փոթորկայոյզ մթնոլորտ էին ստեղծած: Կային զանգուածներ յախուռն ու զեռուն: Խօսքն ու գրիչը ունէին հմայք եւ ազդեցիկ ներկայութիւն: Մարդիկ ծարաւի էին ուղղութեան, կողմնորոշման, ոգեւորութեան, հաւատքի եւ պայքարի: Մամուլն էր որ պիտի հասնէր խլրտուն ամբոխին, ընթերցողներու՝ կրթելու եւ կոփելու համար զանոնք: Օրուան թերթը ունէր իր համն ու հոտը, լուրը, իր պատգամը, խօսքը, նշմարը եւ կամ մտրակը:
Դաժան հայրենահանութեան եւ ապա Կիլիկիոյ հայաթափումին հետեւանքով Միջին Արեւելքի մէջ գոյացան հայագաղութներ, որոնց ճակատագրուած էր թէկուզ հողէն հեռու՝ կառչիլ ազգային աւանդութեանց, պահպանել ազգային դիմագիծն ու հոգեմտաւոր արժէքները: Այս թոհուբոհին մէջ մամուլը ունէր իր էական նշանակութիւնը, իր իւրայատուկ առաքելութիւնն ու ներդրումը: Եւ ահա 1937-ին էր, որ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարական նուիրեալներ կարիքը զգացին Լիբանանի հիւրընկալ ափերուն կեանքի կոչելու կուսակցութեան խօսափողը եւ զայն մկրտելով հայութեան յաւերժութեան խորհրդանիշ Արարատ սարին անունով, եղան հարազատ թարգմանը հայրենաբաղձ հաւաքականութեանց: Հոս երախտագիտութեամբ պէտք է արձանագրել անունները այն առաջին այրերուն, որոնք նախաձեռնակ եղան «Արարատ»ի ծննդոցին եւ ապա շարունակեցին անոր ուղին, ինչպէս՝ Արմենակ Էլոյեան, Ասատուր Էլճանեան, Արսէն Կիտուր, Միհրան Նաճարեան, Միհրան Սէֆէրեան, Արմէն Ղարիպ եւ ուրիշներ:
«Արարատ»-ի երկակի ուղղութիւնը յստակ էր ի սկզբանէ. առաջին՝ հայրենասիրութիւն եւ Հայաստանասիրութիւն՝ ի՛նչ վարչակարգ ալ տիրէ հոն: Երկրորդ՝ քաղաքացիական հաւատարմութիւն հանդէպ Լիբանանի, անոր օրինական իշխանութեանց եւ ժողովուրդին: Ասոնց զուգահեռ՝ թիկունք կանգնիլ աշխատաւոր, խոնարհ եւ իրաւազուրկ խաւին եւ ի հարկէ՝ արձագանգել Ս.Դ.Հ.Կ.-ի յարակից միութեանց ազգանուէր ծառայութեանց, ինչպէս՝ Հ.Մ.Մ.-ի, Ն.Ս.Մ.Մ.-ի, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի: Յընթացս՝ «Արարատ» ունեցաւ յաւելուածներ՝ ինչպէս՝ Գրական, Մարզական, Երիտասարդական: Նաեւ խմբագրուեցան էջեր՝ Հայ Կնոջ, Մշակութային, Մարզական, Տխրունիական, Գաղափարական եւ այլն: Ասոնց առընթեր՝ մի՛շտ զօրավիգ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ յատկապէս Սբ. Էջմիածնին:
«Արարատ»-ի տարեգրութեան ընթացքին տողանցեցին մի քանի տասնեակ նուիրեալներ, որոնք իրենց հետքն ու անունը դրոշմեցին հայ մամուլի պատմութեան մէջ՝ ըլլան անոնք խմբագիրներ, տնօրէններ, վարչական պատասխանատուներ, գրաշարներ, տողաշարներ, ցրուիչներ, գանձապահներ թէ սոսկ հաւատաւոր ու հաւատարիմ ընթերցողներ: 87 տարիները հեշտ ու խաղաղ չանցան բնականաբար: Քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումները եղան անպակաս: Մի՛շտ ալ անկոտրում կամքը եղաւ սկզբունք անոր նուիրեալներուն համար: Ոսոխներ՝ լռեցնելու համար զայն՝ ականահարեցին խմբագրատունը: Ահաբեկեցին զանազան միջոցներով: Խծբծեցին, քննադատեցին, ուզեցին ոտնակոխել հնչակեանի եւ ընկերվարականի արդար ձայնը, սակայն թերթը մնաց, տոկաց եւ այսօր կը ներկայանայ իր ակնածալի հասակով ու անցեալով:
«Արարատ»-ի ութսունամեակին առթիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ իր Օրհնութեան Գիրին մէջ կը գրէր՝ «Օրաթերթի հիմնադիրները, աշխատակիցներն ու նրա բոլոր նուիրեալները հետեւողականօրէն ջանացին «Արարատ»-ը դարձնել հայրենասիրութեան ու եկեղեցասիրութեան քարոզիչ, հայ մշակոյթի ծառայ ու սպասաւոր, հայապահպանութեան վեհ ու նուիրական գաղափարի մարտիկ: Այս գովելի յանձնառութեան ու արդիւնաւոր աշխատանքի շնորհիւ է, որ օրաթերթը կարճ ժամանակում սիրուեց ու ճանաչուեց լիբանանահայ համայնքում, դարձաւ նրա կեանքի անբաժան մասը»: Նոյն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. կը գրէր՝ «Բնականաբար ան դիմագրաւեց դժուարութիւններ, մարդուժի թէ տնտեսական, սակայն, մնաց հաւատարիմ իր առաքելութեան» եւ «Հարկ է թիկունք կանգնիլ հայ օրաթերթին՝ կարդալով, հետեւելով, գրելով եւ նիւթապէս աջակցելով անոր առաւել զարգացման»:
Միով բանիւ՝ «Արարատ»-ի 87-ամեայ կեռմաններով լի ճանապարհը կարելի է բանաձեւել այսպէս՝ յանձնառութեան, նուիրումի, գուպարի, յարատեւութեան տարիներ, բայց նաեւ՝ հաւատքի, յոյսի եւ լաւատեսութեան անխառն ապրումներ:
Այս առթիւ՝ մեր խոնարհումը «Արարատ»-ին նուիրուած անդարձ մեկնողներու անմոռաց յիշատակին: Նաեւ երախտագիտութիւն՝ զայն ոտքի եւ կանգուն պահող ինքնամոռաց ուժերուն, համակիրներուն եւ բոլոր ընթերցողներուն: