Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ

November 5, 2024
in Յօդուածներ
0
ԸՆԿԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման դիւցազն, Սոցիալ-դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան ռահվիրայ Փարամազ (Մատթէոս Սարգիսեան) ծնած է Մեղրի 1863 թուականին: Ան մինչեւ 15 տարեկան հասակը ապրած եւ նախնական կրթութիւնը ստացած է հոն: Այնուհետեւ, մեկնած է Էջմիածին, ուր 1878-էն մինչեւ 1883 ուսանած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Սուլթանական եաթաղանին տակ ճնշուած ժողովուրդներու իրաւունքները պաշտպանող Քսաններու ղեկավարին կենսագրութեան շարունակութիւնը ծանօթ է բոլորիս:

Անոր ծննդական տունը բարեբախտաբար մինչեւ օրս գոյութիւն ունի: Ան ոչ միայն պահպանուած է, այլեւ տան առաջամասի տարածութեան վրայ, Հնչակեան կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ թռիչք առած է անմահանուն Փարամազի յուշահամալիրը: Ան ուխտավայրը դարձած է ինչպէս Հնչակեան շարքին, այնպէս ալ Մեծ առաջնորդի յիշատակը յարգողներուն:

Ահաւասիկ այդ ուխտագնացներէն մին. Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան հիմնադիր անդամներէն ընկեր Գրիգոր Շիմշիրեանը: Անտեսելով իր յառաջացած տարիքն ու Երեւանէն Մեղրի տանող ճամբուն երկարութիւնը, անցնող 9 Հոկտեմբերին յանձն առաւ իրագործել այս սրբազան ուղեւորութիւնը:

Իր որդուն՝ Սեւակին, անոր տիկնոջ՝ Լիլիթի, եւ Գանատայէն ընկեր Շիմշիրեանի քրոջ՝ Սօսիի եւ ամուսնոյն՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ Մարմինի անդամ ընկեր Կարօ Ղազարեանի ընկերակցութեամբ կտրեց 375 քիլոմեթրը հասնելու համար Հայաստանի հարաւի սահմանամերձ ամրոցը՝ Մեղրի:

Ընկեր Շիմշիրեան եւ ընկերակիցները մէկ օր գիշերած են այնտեղ: Ականատեսի թարմութեամբ վեթերան ընկերը պատմեց իր տեսածները, զգացումները եւ տպաւորութիւնները: Կը բացատրէ թէ ուխտատունը, որ այդ օր փակ եղած է, կը գտնուի համանուն փողոցին վրայ՝ «Փարամազի փողոց»: Պտըտած են ուխտավայրը, Առաջնորդին ծննդական տան շրջապատը: Լուսանկարուած ու կարելի չափով մաքրած տեղ-տեղ ճերմակ ներկով շաղ տրուած Հնչակեան զինանշանը: Յարգելի ընկերը կը տարակուսէր հաստատել մեր այն հարցումը, թէ թափուած ներկը պատահակա՞ն արարքի արդիւնք էր…:

Յուշահամալիրի կամարին աջ կողմը փորագրուած է շրջաններու մէջ գործող վեց վարիչ մարմիններու, Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան եւ շինարարութիւնը իրականացուցած արուեստագէտներուն անունները: Ձախ կողմը՝ նուիրատուներուն անուններն են: Համալիրի կեդրոնը, խոշոր գիրերով՝ «ՓԱՐԱՄԱԶ (Մաթէոս Սարգիսեան) 1863 – 1915» արձանագրութեամբ պատուանդանին վրայ կը սլանայ Փարամազի խրոխտ արձանը եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի զինանշանը 1887 թուանշանով: Իսկ աւելի առջեւ, ձախ ու աջ կողմերուն քանդակուած կոթողներէն մին կը յուշէ Քսան Կախաղաններու, իսկ միւսը՝ Արցախեան հերոսամարտին ինկած մեղրեցի հերոսներուն անունները:

Ընկեր Գրիգոր իր այցելուներուն պատուելու համար Լիբանան բերած էր նաեւ Փարամազի ծննդավայրէն մասունք մը՝ Փարամազի տան պարտէզի թզենիի ծառէն քաղուած փոքր պարկ մը չորացուած թուզ: Շնորհակալութեամբ համտեսեցինք սուրբ մասունքը:

Յարգելի ընկեր Գրիգոր Շիմշիրեանի Փարամազի ուխտավայր կատարած երթը ոգեշնչող եւ խրախուսիչ է: Ինք արտայայտուեցաւ՝ «փափաք մըն էր, նուիրական երազներէս մին էր, իրականացաւ»: Մենք ալ մեր սրտի խորունկ տեղերէն՝ «վարձքդ կատար» եւ «ուխտդ կատար» ըսինք եւ ընկերոջ երկա՜ր եւ առողջ կեանք մաղթեցինք:

 

Ն. Ճ.

Share63Tweet40
Previous Post

ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.