Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

November 5, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0

 

 

Պաքուի (Ատրպէյճան) մէջ 11-22 Նոյեմբեր 2024-ին տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի նախօրեակին, մենք՝ հոգեւոր պետերս դարձեալ մեր արդար ընդվզումն ու խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին (2020-2023) ու անոր իբրեւ հետեւանք շուրջ 120.000 արցախցիներու իրենց պատմական հողերէն բռնագաղթին, Արցախի մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային կառոյցներու եւ կոթողներու ծրագրուած քանդումին եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի գերեվարութեան առնչութեամբ:

 

Արդարեւ, որպէս Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր պետեր եւ արդարութեան, խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառու առաջնորդներ, չենք կրնար լուռ մնալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան իրաւունքներու բռնաբարման եւ միջազգային համայնքին անտարբերութեան դիմաց: Արդ, կոչ կ՚ուղղենք մեր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային ղեկավարութեանց.-

 

ա) COP29 միջազգային համագումարի նախօրեակին ու անոր աշխատանքներու ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծելու Արցախի հայութեան նկատմամբ շարունակուող անարդարութիւնը, յատկապէս շեշտելով՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ իր պատմական հողերը վերադառնալու եւ ինքնիշխանութիւնը վերահաստատելու Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքը:

 

բ) Մեր բոլոր կարելիութիւնները առաւելագոյն չափով ի սպաս դնելու Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ քաղաքական, պետական, դիւանագիտական, միջկրօնական ու միջեկեղեցական շրջանակներէն ներս՝ յարաբերական ու տեղեկատուական միջոցներու լայն օգտագործումով:

 

գ) Եկեղեցիներէն ներս արարողութիւններու եւ հաւաքական պաշտամունքներու ընթացքին աղօթելու Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն եւ զինուորական գերիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

 

Կը գտնուինք մեր ազգի պատմութեան ճակատագրական մէկ փուլին: Շրջապատուած ենք բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներով: Արդ, համահայկական օրակարգի մը շուրջ մեր ազգի ոյժերուն համախմբումը աւելի քան հրամայական է: Ըլլա՛նք խոհեմ ու հեռատես՝ ազգին ու Հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն արժէքները ու շահերը գերիվեր նկատելով կողմնակի ու ժամանակաւոր նկատումներէ:

 

Կʼաղօթենք, որ Աստուած ամուր ու ապահով պահէ մեր ազգն ու Հայրենիքը՝ հեռու ամէն տեսակ չարիքներէ ու վտանգներէ:

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Ն.Ա.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 

 

1 Նոյեմբեր 2024

Անթիլիաս, Լիբանան

Share65Tweet41
Previous Post

Փ Ա Ր Ա Մ Ա Զ

Next Post

ԸՆԿԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ

Next Post
ԸՆԿԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ

ԸՆԿԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.