Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքահայ տպագիր մամուլը կ՛անցնի դժուար ժամանակաշրջանի մը ընդմէջէն։ Թերթերը չեն յաջողիր տոկալ մէկ կողմէ թուղթի, մելանի, տպագրական ծախսերու եւ թղթատարի խելացնոր սղութեան, միւս կողմէ ալ՝ համացանցային մամուլի մրցակցութեան։ Մարդիկ, ընդհանրապէս, այլեւս հետամուտ են իրենց լուրերը քաղելու արագավազ լրահոսներէ՝ կայքէջերէ, համացանցային «օնլայն» աղբիւրներէ, առձեռն հեռաձայններէ…։ Այս բոլորին մէջ՝ որքա՞ն տեղ կը մնայ տպագիր դասական մամուլին, որ ընթերցողներու իր աւանդական շրջանակը պահելու համար ստիպուած է մարտնչիլ ինչ-ինչ ճակատներու վրայ…։
Վերջին քանի մը տարիներուն սփիւռքահայ մեր թերթերէն ոմանք ահազանգ հնչեցուցին։ Ըսին, թէ ընթերցողներու թիւը նուազած է, եկամտաբեր ծանուցումները պակսած են, իսկ նիւթական դժուարութիւնները ծանր ճնշումներու տակ կը պահեն զիրենք։ Ասիկա մետայլին մէ՛կ երեսն էր՝ նիւթական բաժինը։
Հապա՞ միւս երեսը՝ թերթին բովանդակութեան ու բծախնդիր խմբագրումի հարցը։ Թերթերը այս մասին չէին ուզեր խօսիլ։ Մենք, իբրեւ հայ մամուլի մնայուն ընթերցող, ցաւով ականատես կ’ըլլայինք սակայն հայ թերթերու պարզած արգահատելի վիճակին. սեփական աշխատակիցներու կամ թղթակիցներու չգոյութիւն, «սիւնակ լեցնող» անշահեկան արտատպումներու առատութիւն, հանրային կարծիք ձեւաւորելու առաքելութեան բթացում եւ լեզուական-շարահիւսական ահաւոր քաոս…։ Արեւմտահայերէնի կոխոտո՜ւմ…։
Ընդունինք, որ հայ մամուլի ընթերցողը շատ պահանջկոտ չէ։ Կը բաւէ որ իր սեղանին վրայ դրուի խնամեալ ու մշակեալ սիրուն թերթ մը, ուր ընթերցանութեան արժանի փունջ մը շահեկան լուրեր եւ իր տոհմիկ զգայնութիւնները շոյող քանի մը բովանդակալից յօդուածներ փռուած ըլլան։ Կը բաւէ որ թերթը խապրիկներ բերէ իրեն Հայրենիքէն ու աշխարհասփիւռ օճախներէն։ Այդքանը կը բաւէ իրեն։ Եւ այդքանը խթան մըն է արդէն, որ հայ ընթերցողը նեցուկ կանգնի իր թերթին։
Հարցումը հետեւեալն է. մեր թերթերը գոհացում կու տա՞ն հայ ընթերցողին այս համեստ ու նուազագոյն ակնկալութեան…։
*
Սա վերջին շաբաթներուն ցաւով վերահասու դարձանք Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթին հնչեցուցած ահազանգին։ Խմբագրականի մը մէջ թերթը գրած էր. «Շարունակե՞լ, թէ՞ դադրեցնել»։ Այս հարցադրումը, ինքնին, մտածել կու տար, թէ թերթը կանգնած է անդունդէ մը թաւագլոր վար գլտորելու շեմին…։ Տխո՜ւր ու ողբերգական վիճակ։
«Նոր Յառաջ» հայատառ միակ լրագիրն է ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ամբողջ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Անիկա տեսակ մը շարունակութիւնը կը նկատուի երբեմնի նշանաւոր «Յառաջ» օրաթերթին, որ հիմնած ու խմբագրած էր Շաւարշ Միսաքեան (1925-1957)։ Հիմնադրին մահէն ետք, թերթին շարունակականութիւնը ապահոված էր անոր դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեան, վաստակաշատ այլ դէմք մը ֆրանսահայ մամուլի պատմութեան մէջ, որ աւելի քան կէս դար մշտարծարծ պիտի պահէր «Յառաջ»-ի ջահը, բացառիկ կարգապահութեամբ եւ անընկճելի կորովով։ Արփիկ թերթը կամովին փակած էր 2009-ին։ Քանի մը ամիս ետք սկսած էր լոյս տեսնել «Նոր Յառաջ»-ը, թէեւ քիչ մը տարբեր աշխարհայեացքով, սակայն ֆրանսահայ մամուլը կանգուն պահելու յստակ դիտաւորութեամբ։
«Նոր Յառաջ», ուրեմն, արդէն 15 տարեկան է։ Զայն կը տնօրինէ պրն. Ժիրայր Չոլաքեան, փոքրաթիւ գործակիցներու օժանդակութեամբ։
Տասնհինգ տարի հեզասահ ու լաւատես քալելէ ետք՝ ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ, որ «Նոր Յառաջ» ընկրկի, մտածէ իր դռները փակելու մասին։
Ըստ խմբագրին՝ վերջին տարիներուն շատ-շատեր խրտչեր են թերթին որդեգրած քաղաքական ուղղութենէն, ինչ կը վերաբերի հայաստանեան ու ղարաբաղեան իրադարձութիւններուն։ Թերթին բարերարներէն կամ մատակարարներէն ոմանք կասեցուցեր են իրենց օժանդակութիւնը, շարք մը ընթերցողներ ալ դադրեցուցեր են իրենց բաժանորդագրութիւնը…։
«Նոր Յառաջ» հանրային լսարան մը սարքած էր վերջերս (Հոկտեմբեր 4)՝ հրապարակային վիճարկումի առարկայ դարձնելու համար թերթին ապագան։ Այս մասին թղթակցութիւն մը կը յայտնէր, թէ այդ հանդիպումին ներկայ եղած էին հազիւ 40 անձեր եւ թէ անոնք կողմնակից եղած էին որ թերթը շարունակուի…։ Բայց ինչպէ՞ս։ Ո՞ր լծակներով։ Նուիրահաւաքի արշաւ մը պիտի կարենա՞յ բարւոքել կացութիւնը։
Մեր համեստ կարծիքով, «Նոր Յառաջ»–ի տագնապը ընթերցողներէն կամ նուիրատուներէն չի բխիր։ Պէտք չէ անպայման մեղադրել ընթերցող զանգուածը ու զայն պատասխանատու նկատել թերթին անկումին։ Ո՛չ։
«Նոր Յառաջ», թէեւ անկախ ու անկուսակցական բեմ է (եւ այդ պատճառով ալ՝ կազմակերպութեան մը բարերար հովանիէն զուրկ), բախտաւորութիւնն ունի սակայն իրեն հիմ ու խարիսխ ունենալու Միսաքեաններու «Յառաջ»–ին բարոյական ամբողջ ժառանգութիւնը, որ անգնահատելի հարստութիւն մըն է։ «Յառաջ»–ի հաւատարիմ ընթերցողները պատճառ մը չունին նոյն հաւատարմութիւնը չցուցաբերելու «Նոր Յառաջ»–ին նկատմամբ եւս, եթէ հոն պիտի տեսնեն այն հաւասարակշռեալ ու անկողմնապահ դատումը, որ 80 տարի շարունակ անշեղ գիծը եղեր էր հին «Յառաջ»–ին։ «Նոր Յառաջ»-ի վերապրումին գրաւականը ա՛յս է։ Յետոյ, «Նոր Յառաջ» մրցակից ալ չունի հրապարակի վրայ։ Ան ֆրանսահայոց միա՛կ հայատառ թերթն է, ունենալով միաժամանակ իր ֆրանսատառ շաբաթօրեակը եւ աշխատակից յօդուածագիրներու ոչ-արհամարհելի խմբակ մը։
400 հազար հաշուող ֆրանսահայութիւնը, որուն ծոցին մէջ կը գործեն նաեւ 9 ամէնօրեայ հայ վարժարաններ, կրնա՞յ յօժարիլ որ փակուի իր միակ թերթը։
Կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ «Նոր Յառաջ» խոհական ու շրջահայեաց մերձեցումով մը կը վերագծէ իր ուղին, կը վերստանձնէ հայաշխարհի խայտաբղէտ առօրեային մէջ՝ բոլոր «կողմ»-երը համախոհութեան հրաւիրող կամուրջի իր դերը ու դեռ երկա՜ր տարիներ հայոց գիրն ու լեզուն կենդանի կը պահէ Սէնի ափերէն մինչեւ Ֆրանսայի հեռաւոր գաւառները…։
Շ.