Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար իր կեանքը նուիրաբերելու պատրաստակամ երիտասարդներու տիպարներէն է Բարսեղ Զաքարեան:
Բ. Զաքարեան ծնած է Շուշի, 1870-ին: Նախակրթութիւնը կը ստանայ Շուշիի մէջ։ Միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Պաքուի Ռէալական դպրոցին մէջ։ 1890-ին կը մեկնի Ժընեւ եւ կ’ուսանի Ժընեւի համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժնին մէջ:
Ազատագրական պայքարի ոգիով տոգորուած Բ. Զաքարեան անմիջապէս կը միանայ «Հնչակ»ի կեդրոնին: Կը ստանձնէ Կեդրոնի քարտուղարութեան պաշտօնը։ Այդ շրջանին, Բ. Զաքարեան «համարեա միշտ» ներկայ կ՚ըլլայ Պլեխանովի շուրջ համախմբուած ուսանողներու տեսական հաւաքներուն։
Նոյն շրջանին, Բ. Զաքարեան Աւետիս Նազարբէկեանի, Սարգիս Աղամիրզեանի (Սաքօ) եւ Ռուբէն Պէրպէրեանի հետ մաս կը կազմէ Կեդրոնական վարչութեան կից գործող յանձնախումբին, «որի նպատակն էր հրատարակել ընկերվարութեան վերաբերեալ ժողովրդական գրքոյկներ հայերէնով»:
Սակայն Զաքարեանի տարերքը Արեւմտահայաստան մեկնիլ եւ գործնական պայքարին մասնակցիլն էր։ Երբ Ա. Նազարբէկ Զաքարեանին կ’առաջարկէ կազմակերպչական նպատակներու համար Ռուսաստանի հայաշատ քաղաքները մեկնիլ,- «Զաքարեանը (Լեւոն Բարսեղեան) բացարձակապէս յայտարարեց, որ ուզում է գործել միայն թրքահայ գաւառներում. դա նրա կեանքի նպատակն է եւ այդ մտքով այնտեղ գործելու համար է նա պատրաստում իրեն»:
Խօսքէն անցնելով գործի, 1892-ի ամառնային արձակուրդին, Բ. Զաքարեան Ժընեւէն կը մեկնի Աթէնք՝ ուր հաստատուած էր Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը ու կ՚առաջարկէ Թրքահայաստան մեկնելու իր պատրաստակամութիւնը։ Այս մասին Ռուբէն Խանազատ կը յուշագրէ. «Փորձեցի Լեւոնի վրայ ազդել՝ համոզելով որ այդ ծրագիրը վնասակար է եւ մեր գործի եւ իր կեանքի համար։ Լեւոն Բարսեղեանը լուռ էր եւ միայն հաստատում էր. “Եթէ նախասահմանուած է որ զոհուեմ, գերադասում եմ, որ Հայաստանի հողի վրայ լինի”»:
Նոյն տարին Բ. Զաքարեան ափ կ’ելլէ Մերսինի նաւահանգիստը: Առաջին օրէն իսկ ան թրքական գաղտնի ոստիկանութեան ուշադրութեան կ՚արժանանայ: Կը շրջի Կիլիկիոյ շրջանի հայաշատ աւանները՝ Այնթապ, Չորք Մարզպան, Ալեքսանտրէթ եւ այլն, ամէնուր տարածելով ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը եւ կազմելով յեղափոխական բջիջներ։ Կը հանդիպի նոյն նպատակներով ասպարէզ իջած, յեղափոխական յայտնի գործիչ Ժիրայրին (Մարտիրոս Պոյաճեան) հետ: «Ուր որ կ’երթայ Զաքարեան՝ կ’ընդունուէր որպէս Կեդրոնի առաքեալ՝ համապատասխան յարգանքով։ Իր դիւրահաղորդ բնաւորութեան եւ խօսելու կարողութեան շնորհիւ՝ ան կարճ ատենուան մէջ կը դառնայ երիտասարդութեան փնտռուած գործիչի եւ անձնազոհ յեղափոխականի կերպարը»:
Բ. Զաքարեանի վրայ գաղտնի ոստիկանական հսկողութիւնը կը խստանայ եւ ան Ալեքսանտրէթի մէջ որոշ շրջան մը թաքնուած մնալէ ետք կը վերադառնայ Աթէնք:
Երկար չի մնար հոն: Կը վերադառնայ «Հայաստան»՝ այս անգամ հաւանաբար մուտք գործելով Սամսոնի նաւահանգիստէն: Բ. Զաքարեան կը նշանակուի Մարզուանի շրջանի գործիչ՝ ուր կը գործէ տարիէ մը աւելի։ Կը նշանակուի Մարզուանի դպրոցի տնօրէն: Անոր սերտ գործակիցներէն կ՚ըլլայ բողոքական քարոզիչ Յարութիւն Թումայեան: Հովիւի տարազին տակ ծպտուած, երկու յեղափոխականները կը շրջին գիւղէ-գիւղ ու կը համախմբեն ազատասէր երիտասարդները: Հաւաքատեղի ընտրելով Խըտրլըղ գիւղի մօտակայ դաշտը, երկու գործիչները կը յաջողին իրենց շուրջ համախմբել հայրենասէր եւ մարտունակ երիտասարդներու ցանց մը։ Կը կազմուի Մարզուանի հնչակեան ֆետայական խումբը, որ կապի մէջ կը մտնէ Սամսոնի շրջանին մէջ գործող Մինաս Օղլուի հռչակաւոր խումբին հետ:
8 Սեպտեմբեր 1893-ին, լրտեսները կը մատնեն Զաքարեանի խումբին թաքստոցը: Մեծ թիւով թրքական զօրքը արագ ներխուժումով կը մտնէ Մարզուանի թաղերը եւ կը պաշարէ Զաքարեանի հայդուկային խումբը: Բուռն եւ երկարատեւ փոխհրաձգութենէ մը ետք, կը նահատակուին խումբին եօթը անդամները, որոնց մէջ յայտնի ֆետայիներ Մխիթար Տէր Նշանեան եւ Միհրան Զէնկիւճեան։ Քանի մը տեղէ վիրաւոր եւ ուժասպառ Բ. Զաքարեան կ’իյնայ գերի: Չարչարանքներու միջոցով կը ստիպեն Բ. Զաքարեանին խոստովանութիւններ կատարել: Վերջինս կը մնայ անդրդուելի: Վեց ժամ տեւող տաժանքէն յետոյ, Բ. Զաքարեան կը նահատակուի արիւնաքամ:
«Դրօշակ» Բ. Զաքարեանի նահատակութեան մասին կը գրէ.- «Սրանից մի քանի ամիս առաջ Մարզուանում տեղի ունեցած արիւնահեղ կռուի ժամանակ զոհ գնաց Ժընեւի նախկին ուսանող Բ. ԶԱՔԱՐԵԱՆԸ: Հանգուցեալը ոգեւորուած հանրամարդկային վսեմ գաղափարներով եւ համոզուած՝ որ այդ գաղափարները հասարակական կեանքում կարելի է իրականացնել միայն արիւն թափելով, դեռ շատ վաղ, 22 տարեկան հասակում, երէն ձգեց կռուի դաշտը, ուր, աւա՜ղ, երկար չապրեց. նա ընկաւ, քաջաբար պաշտպանելով իր ընկերներին»:
Աւետիս Նազարբէկեան եւս Բ. Զաքարեանի նահատակութեան առիթով «Հնչակ»ի մէջ կը գրէ. «Հայութեան կրթուած ծաղիկ երիտասարդութեան մէջ Զաքարեաններ շատ քիչ կան: Նրա մէջ համոզումների հաստատութիւնը միախառնւում էր զգացումների ջերմութեան հետ, դատողութեան պաղարիւնութիւնը գործելու եռանդի հետ․ ընտրած ճանապարհի բոլոր արհաւիրքների գիտակցութիւնը՝ դէպի գործը ունեցած վառվռուն յափշտակութեան հետ: Նա տէր էր մէկ ազնիւ բնաւորութեան, ուղղամիտ, լուրջ մտածող, սիրող, մեղմ, անաչառ: Նա յարգուած ու սիրուած էր իր բոլոր ընկերների կողմից: Զարգացած, կարդացած ու խելացի իր 22 տարեկան հասակի համեմատ շատ ու շատ աւելի՛ նա հասուն երիտասարդ էր եւ միշտ մեծ ուշադրութեամբ էր յարգւում նրա իւրաքանչիւր կարծիքն ու դատողութիւնը»:
Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Յաւերժի ճամբու կերտիչներէն» գիրքէն