Մեծ շուքով պիտի նշուի մեծ մտաւորական փրոֆ. Օշին Քէշիշեանի ծննդեան 90-ամեակը։ Թուեմ անոր լաւագոյնս յարմարող քանի մը յատկանիշները՝ հմուտ եւ անկախ լրագրող, խմբագիր, հայերէնի եւ անգլերէնի հմուտ գիտակ, երկարամեայ դասախօս, նուիրեալ ԹՄՄ-ական, զուարթամիտ եւ անկախ մտաւորական, ԱՄՆ բանակային, Խորհրդային եւ անկախութեան շրջաններու Հայաստանի անսակարկ նուիրեալ, Սարոյեանագէտ, ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի հայկական հեռաստեսիլի ռահվիրայ, Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի առաջին փայլուն շրջանաւարտներէն մին…
Յառաջիկայ 10 Նոյեմբերին Արեմտեան ԱՄՆ-ի առաջնորդարանը Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ յաւուր պատշաճի պիտի տօնախմբուի Քէշիշեանի տասնամեակներու վրայ երկարող վաստակը՝ հովանաւորութեամբ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի։
Պէտք է սկսիմ Օշինին կիլիկեան ծագումէն։ Նախնիները Կիլիկիոյ առաջին մայրաքաղաք Գերմանիկ-Մարաշէն են։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով ծնողները կը հաստատուին Երուսաղէմ, ուր կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը, ապա, հազարաւորներու նման իսրայէլեան ուժերու եւ պաղեստինցիներու միջեւ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներէ ետք իր ընտանիքը կ’ապաստանի Լիբանան։ Աւարտելէ ետք ՀԲԸՄ-ի մանչերու երկրորդական վարժարանը, ատեն մը կը վարէ «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Մարզական Բաժինը», յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ապա ԱՄՆ փոխադրուելէ ետք կը յաճախէ Գալիֆորնիոյ Նահանգային, աւելի ուշ՝ Լա Վերնի համալսարանները։ Մեծ եղբայրը՝ Օննիկ Քէշիշեան եղած է երկարամեայ ուսուցիչ, տնօրէն եւ կրթական գործիչ, քոյրը՝ Անգինէ Քէշիշեան եղած է յայտնի մեներգչուհի Արեւմտեան Ափի տարածքին, պէտք է յիշեցնեմ նաեւ թէ Օշին կարճատեւ շրջան մը ծառայած է ԱՄՆ-ի բանակին մէջ…։
Եզակի երեւոյթ է Օշին Քէշիշեան խմբագիրը եւ մամուլի մարդը։ Տակաւին երկրորդական վարժարանի վերջին տարիներուն ան խմբագրած է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի «Նուիրում» աշակերտական թերթը, որուն էջերուն մէջ իրենց առաջին գրական փորձերը կատարեցին 50-60-ականներու լրագրողներ, յօդուածագիրներ եւ երիտասարդ ուսանող-գրագէտներ։ Կուսակցական չըլլալով ան հրաւիրուեցաւ ստանձնելու ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանի «Նոր Օր»ի խմբագրի պաշտօնը (1968 – 1970 թթ.), որ ան կատարեց մեծ բծախնդրութեամբ՝ վաստակաշատ մտաւորական եւ խմբագիր Անդրանիկ Անդրէասեանէն ետք։ Որպէս խմբագիր Օ. Քէշիշեան բերաւ իր նորութիւնն ու շունչը՝ եռօրեայ թերթին տալով զանազանութիւն, մարզական ճոխ բաժին եւ տեղական նորութիւններ։ Աւելի զգալի դարձան ամերիկեան եւ միջազգային քաղաքական բնոյթի վերլուծական յօդուածներու ներկայութիւնը։ Ան բծախնդիր էր նաեւ թերթին ներկայացման ձեւին մէջ, օրինակ երկարաշունչ յօդուածները պէտք է բաժնուէին ենթագլուխներու եւ նկարները պէտք է ունենային կարճ տեղեկութիւններ։
Օշին Քէշիշեան անգլիատառ The Armenian Observer շաբաթաթերթի հիմնադիրն է։ Այս թերթին սիւնակներուն ընդմէջէն անգլիախօս հին ու նոր սերունդը հաղորդակից դարձաւ հայ սփիւռքի եւ հայրենի անցուդարձերուն։ Այս իսկ պատճառով զինք կարելի է նկատել յետ 2-րդ պատերազմեան շրջանի ամերիկահայութեան նահապետներէն մէկը։
Մեր յոբելեարը լուրջ աշխատանք տարաւ նաեւ Գալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի Ցեղասպանութեան յանձնախումբէն ներս՝ նաւարկելով քաղաքական վտանգաւոր խութերու մէջէն, մինչեւ որ յանձնախումբը յաջողեցաւ կանգնեցնել Ցեղասպանութեան յուշակոթողը …
90-ամեայ բայց տակաւին սրտով ու հոգիով երիտասարդ Օ. Քէշիշեան Կլէնտեյլ քաղաքի նահանգային գոլէճին ամէնէն սիրուած դասախօսներէն մէկը եղաւ՝ յատկապէս մեծ թիւ կազմող հայ ուսանողութեան շրջանակէն ներս՝ քաջալերելով զանոնք որ ձգտին աւելի բարձրին։
Խօսիլ կամ գրել Օշին Քէշիշեանի մասին եւ մոռնալ Ուիլիըմ Սարոյեանը շատ թերի պիտի դարձնէր այս կարճ անդրադարձը։ Հոգեկան կապ մը եղած է «մեծ պիթլիսցի-ֆրեզնոցի»ին եւ մարաշցի-երուսաղէմցի Օշինին միջեւ։ Մինչեւ օրս յիշողութեանս մէջ թարմ կը մնայ Սարոյեանի աճիւններու մէկ երրորդին փոխադրութիւնը Խորհրդային Հայաստան։ Այդ փոխադրութիւնը յանձն առաւ Օշին՝ կատարելով Մեծ գրողին փափաքը։ Պարզ յուղարկաւորութիւն մը չէր Երեւանի մէջ տեղի ունեցածը, այլ՝ բարիվերադարձի իւրօրինակ տօնախմբութիւն մը մեր հայրենիքէն ներս։
Նորանկախ Հայաստանի մէջ փրոֆ. Օ. Քէշիշեան բերաւ կարեւոր օժանդակութիւններ եւս, որոնք արժանի են յիշատակութեան։ Այսպէս, Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժինը օժտուեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան՝ երկու կիսամեակ ընթացող դասընթացի (126 ժամ) ծրագրով։ Այնուհետեւ, 2006 թուականին, Օ. Քէշիշեան արժանացաւ «Սփիւռք» Գիտա-ուսումնական կեդրոնի Պատուոյ գիրին՝ ուսանողութեան շրջանին հայ գրականութեան նորագոյն պատմութիւնը արժանապատիւ ներկայացնելու, անոնց յառաջդիմութիւնը մշտապէս խրախուսելու, գիտական նստաշրջաններուն կարդացած բարձրորակ զեկուցումներուն համար։
Վստահաբար տակաւին շատեր գրաւոր եւ բանաւոր խօսքով ելոյթներ պիտի ունենան ՄԵՐ ՕՇԻՆԻՆ յոբելեանին առթիւ։ Տողերուս հեղինակին եւ ինչու չէ նաեւ իր շատ մը բարեկամներուն ու գործակիցներուն փափաքն է, որ շուտափոյթ կերպով կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, որ հատորի մը մէջ ամփոփէ իր խմբագրականներն ու յօդուածները, որովհետեւ անոնք կ’արտացոլեն ամերիկահայութեան անցած ուղին, տուայտանքները, մշակութային ու քաղաքական անցուդարձերը։
Դէպի նոր սկիզբ, սիրելի Օշին։ Կը տեսնուինք 10 Նոյեմբերին, Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարի կամարներուն տակ։
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ