Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ». ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆԻ 2024-2025 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

November 5, 2024
in Գաղութային
0
«ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ». ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆԻ 2024-2025 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

 

 

Սկաուտական ուժեղ կամքով մտահոգութիւնները թօթափելու, նորանոր իրագործումներու ձգտելու եւ հաւաքականութիւնը լաւատեսութեամբ ներշնչելու պատասխանատուութեան վեհ ոգիով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ընտանիքը Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, տօնեց 2024-2025 նոր տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Եղանակային աննպաստ պայմանները չխափանեցին ձեռնարկը, որ ՀԲԸՄ Համայնքային Կեդրոնի (Նազարեան-Մովսէսեան համալիր) շրջափակէն փոխադրուեցաւ «Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան» սրահ: Ներկայ էին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ՝ ներառեալ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ատենապետուհի Թալին Ճէպէճեանը, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի վարչութիւններու անդամները, Լիբանանի սկաուտական` SDL եւ արենուշական` AEL շարժումներու պատասխանատուներ, հիւրեր, միութենականներ եւ ծնողներ:

Քայլերգներու կատարումէն ետք, ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումներու հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան օրհնեց սկաուտները եւ աղօթքով տուաւ տարեշրջանին մեկնարկը: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր մարմինի փոխատենապետուհի Օսան Առաքելեան բացման խօսքին մէջ համոզում յայտնեց, որ նոր տարեշրջանը նոյնիսկ պիտի գերազանցէ նախորդին յաջողութիւնը: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին սկաուտներուն, Առաքելեան բարձր գնահատեց խմբապետական կազմը եւ ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք մեր խմբապետ-խմբապետուհիներով, որոնք պաշտօններ կը վարեն նաեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ, բարձր պահելով ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ճակատը»:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ սկաուտական շարժումին նպատակն է դժուարութիւններուն դիմաց ամրացնել մարդուն սիրտն ու հոգին, ապա հպարտութիւն յայտնեց, որ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խմբապետութիւնը Լիբանանի մռայլ օրերուն կը ցուցաբերէ բացառիկ յանդգնութիւն եւ խոհեմութիւն: Չերչեան շնորհաւորեց Սէմ Սիմոնեանը՝ ՀԲԸՄ-ի նոր նախագահ ընտրութեան առթիւ, երախտագիտութիւն յայտնեց մեթր Պերճ Սեդրակեանի երկարամեայ առաջնորդութեան համար, ապա յիշեցուց, որ զոյգ նախագահներն ալ անցած են Միութեան Լիբանանի շարքերէն: «Թող անոնց օրինակը բարձր արձագանգէ մեր սկաուտական շարքերուն մէջ եւ յայտնուին նորանոր առաջնորդներ», մաղթեց Չերչեան:

Տարեշրջանի բացման արարողութեան գլխաւոր հատուածով, բազմաթիւ սկաուտներ բարձրացան աւելի բարձր խումբեր, շատեր ստացան իրենց աշխատանքին արժանի շքանշանները, յայտարարուեցան նաեւ խմբապետական նոր պաշտօնները: Լիբանանի սկաուտական շարժումի Պէյրութի շրջանի քոմիսեր Եղիկ Աւետիքեան եւ Վիգէն Չերչեան այնուհետեւ Կարօ Թաշճեանին յանձնեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետի պաշտօնը՝ յաջորդելու Ժիրայր Թոսունեանին, որ ամբողջացնելով իր երկարամեայ բեղուն ծառայութիւնը՝ ստանձնեց SDL-ի վարչական քոմիսերի պարտականութիւնը:

AEL-ի միջազգային քոմիսեր Լենա Իւրնեշլեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Լիբանանի արենուշական շարժումը այս տարի որոշած է կրկնել անցեալ տարուայ թեման՝ «Ե՛կ գործենք յանուն խաղաղ աշխարհի», նկատի առնելով, որ աշխարհը կարիք ունի խաղաղութեան ուղղութեամբ գործող ղեկավարներու: Ան շեշտը դրաւ բարգաւաճելու կարեւորութեան վրայ, կոչ ուղղելով աշխատանք տանելու՝ մեր կեանքը բարելաւելու, դրական նորութիւններ ներմուծելու եւ մեր առօրեան աւելի բնականոն պահելու ուղղութեամբ, որպէսզի երաշխաւորուի անհատական եւ ընտանեկան մտային առողջութիւնը: «Ես կը վստահիմ ձեր կամքին եւ սկաուտական կորովին», շեշտեց Իւրնեշլեան:

Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ «Միշտ Պատրաստ» սկաուտական պարբերականի բաշխումով եւ Ծնողաց վարչութեան կազմակերպած հիւրասիրութեամբ, մինչ ներկաները խմբապետներուն եւ սկաուտներուն աչքերուն արցունքախառն ուրախութեան մէջ տեսան նուիրուածութեան եւ վճռակամութեան ոգիի փայլքը:

 

 

ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական գրասենեակ

Share65Tweet41
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Next Post

ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post
ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.