* ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հանդիպած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, նախորդ խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Իզապէլ Սանթիակոյի եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի հետ: Զրուցակիցներու քննարկման առանցքին եղած են ինչպէս միջխորհրդարանական համագործակցութեան ու հայ-ֆրանսական օրակարգին վերաբերող հարցերը, այնպէս ալ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող թեմաներ:
* Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Հոկտեմբերին տեսակցած է Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայերուն հետ: Հայաստանի ԿԽՄԿ պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունիի փոխանցմամբ՝ հնարաւորութիւն տրուած է իւրաքանչիւրին կապ հաստատել ընտանիքի անդամներուն հետ։
* ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կոչ ըրած է հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն վերաբերեալ շատ տեղեկութիւն չակնկալել, ըսելով որ տեղեկութիւնը կրնայ վնաս հասցնել այդ գործընթացին ու խաթարել, ուստի խնդրեց ըմբռնումով մօտենալ։ Միաժամանակ, Սիմոնեան նշած է, թէ եղած տեղեկութեան 90%-ին լրատուական դաշտը կը տիրապետէ։ Ինչ կը վերաբերի ճանապարհային կապուղիներու ապաշրջափակման թեման փոխվարչապետներու գլխաւորած յանձնաժողովին քննարկելուն, ան չէ բացառած՝ նշելով. «Ամէն ինչ հնարաւոր է։ Մենք փոքր, շատ փոքր քայլերով երկկողմ շարժւում ենք դէպի դրական արդիւնք»։
* ՀՀ Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին 2025 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծի նախնական քննարկման ընթացքին, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան ըսաւ, որ հարկ վճարողներու կողմէ 2024 թուականի Սեպտեմբերի համար ներկայացուած եկամտային հարկի հաշուարկներով յայտարարագրուած է 768.547 աշխատատեղ, ինչ որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելի է 42.491-ով կամ 5,9 տոկոսով: