Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՐՀԸ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ

November 5, 2024
in Միջազգային
0
ԱՇԽԱՐՀԸ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ

 

Այսօր տեղի կ’ունենայ աշխարհի մէջ գուցէ կարեւորագոյն քուէարկութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը: Ամերիկացի քաղաքացիները կ’ուղղուին քուէատուփեր՝ ընտրութիւն կատարելու հանրապետականներու կուսակցութեան թեկնածու, նախկին նախագահ Տոնըլտ Թրամփի, եւ ժողովրդավարներու թեկնածու՝ գործող փոխնախագահ Քամալա Հարիսի միջեւ: Ընտրական վերջին հարցախոյզերուն արդիւնքները կը յուշեն, թէ պայքարը մեծ պիտի ըլլայ երկու թեկնածուներուն միջեւ, նկատի առնելով որ չկայ այս կամ այն կողմի յստակ առաւելութիւն:

Ընտրութենէն օր մը առաջ, զոյգ թեկնածուները շարունակեցին քուէներ ներգրաւելու փորձերը՝ իրենց յայտարարութիւնները կեդրոնացնելով շարք մը հիմնախնդիրներու վրայ: Նախկին նախագահը իր վերջին յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքին եւ համաշխարհային այլ նիւթերու: «Նախագահ ընտրուելու պարագային վերջ պիտի տամ Միջին Արեւելքի քաոսին», ըսաւ Թրամփ՝ յիշեցնելով, որ իր նախագահութեան չորս տարիներուն մուտք չէ գործած որեւէ պատերազմի: Թրամփի քարոզարշաւի պատասխանատուներէն մէկը իր կարգին յայտնեց, որ նախագահ ընտրուելու պարագային, հանրապետականներու թեկնածուն վերջ պիտի տայ գործող նախագահ Ճօ Պայտընի միջինարեւելեան քաղաքականութեան եւ պիտի յայտարարէ խաղաղութեան նոր փուլի մը սկիզբը:

Քամալա Հարիս իր կարգին պնդեց, որ վարչակազմը  առաւելագոյնս կը փորձէ դիւանագիտական լուծում գտնել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ: «Նախագահ ընտրուելու պարագային կարելիս պիտի ընեմ նաեւ Կազայի պատերազմին վերջ տալու համար, որպէսզի իսրայէլացի գերիները եւ տեղահանուած քաղաքացիները վերադառնան իրենց տուները», ըսաւ Հարիս:

Share63Tweet39
Previous Post

UNRWA-ԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՄ

Next Post

ՈՒՐԱՐՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԻ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

Next Post
ՈՒՐԱՐՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԻ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

ՈՒՐԱՐՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԻ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.