Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ»

November 5, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԻՔԱԹԻ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ»

 

Լիբանանի մէջ հարաւէն տեղահանուածներու շարունակական հոսքի լոյսին տակ, աղէտալի դրութեան տնօրինումի Պէյրութի գրասենեակը յայտարարեց, թէ կը մտադրէ Պէյրութի մարզական աւանը յատկացնել տեղահանուածներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ դատարկել սեփական այն վարժարանները, որոնք վերածուած են ապաստանի:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի խօսեցաւ պատերազմին եւ զինադադարի հաւանականութիւններուն մասին: Ան Իսրայէլը ամբաստանեց լուծումի բոլոր հնարաւորութիւններէն խուսափելու եւ պատերազմը ամէն գնով շարունակելու մէջ: Միքաթի դիտել տուաւ, որ իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի մէջ կը գործեն ռազմական ոճիրներ եւ անոր կործանարար ճիրանները հասած են նոյնիսկ պատմամշակութային վայրերուն, որոնք եւս ականատես կը դառնան իսրայէլեան թիրախաւորումի:

Ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ Պաթրունի մէջ տեղի ունեցած իսրայէլեան գործողութեան վերաբերեալ հետաքննութիւնները կը շարունակուին, վստահեցնելով որ կառավարութիւնը հարցադրումներ պիտի ուղղէ նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն, որոնց պարտականութիւններու շարքին է ծովային անվտանգութեան պահպանումը: Խօսելով Լիբանանի մէջ տեղահանութեան հարցով բիւրեղացող խնդիրներուն մասին, Մաուլաուի խոստացաւ կանխել հանրային եւ սեփական հաստատութիւններուն նկատմամբ գործուած ոտնձգութիւնները, միաժամանակ ապահովելով տեղահանուած լիբանանցիներուն անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աունը, որուն հետ արծարծեց երկրին ու տարածաշրջանին ապահովական վտանգաւոր զարգացումները:

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲՈՂՈՔ

Next Post

UNRWA-ԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՄ

Next Post
UNRWA-ԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՄ

UNRWA-ԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.