«ԱՐԱՐԱՏ», 20-29 Հոկտեմբեր 1969
Թերթը կ՛աւետէ, թէ մօտ օրէն Հայաստանէն ժամանած նշանաւոր «Կոմիտաս քառեակ»-ը ելոյթ պիտի ունենայ Թէաթր Տիւ Լիպանի մէջ (Պէյրութ)։
Անմիջապէս կ’անդրադառնամ որ ընթացիկ տարին (2024) 100-ամեակն է այս անզուգական քառեակին, տրուած ըլլալով որ անիկա հիմնուած էր 1924-ին Մոսկուայի մէջ։ Կարճ յօդուածով մը ծանօթացուած է քառեակը, ըսուած է թէ իր առաջին 45 տարիներուն ընթացքին Խորհրդային Միութեան եւ արտասահմանի մէջ ան տուեր է աւելի քան 4000 համերգ։ Տասնամեակներու սահանքին հետ՝ քառեակի անդամներէն ոմանք փոխուեր են անշուշտ, սակայն յիշողութիւններու մէջ դրոշմուած մնացեր են անունները սկզբնական շրջանի հիմնադիր կազմին. Աւետ Գաբրիէլեան (Ա. ջութակ, 1899-1983), Սերգէյ Ասլամազեան (թաւջութակ, 1897-1978), Միքայէլ Տէրեան (ալտ) եւ Լեւոն Օհանջանեան (Բ. ջութակ)։ Առաջին երկու անունները քառեակին հետ պիտի մնային շուրջ 45 կամ 50 տարի անընդհատ…։
Վանիկ (Հրանդ Գանգրունիի ծածկանունը) ամէնէն աշխուժ աշխատակիցը կը թուի ըլլալ թերթին։ Իր յօդուածներէն մէկը խորագրուած է «Խստութեամբ վարուիլ…»։ Նիւթը կ’առնչուի այդ տարիներուն Հայաստան գացող-եկողներու… ճամպրուկներուն։ Լեցո՛ւն ճամպրուկներ, որոնք տարին քանի մը անգամ Պէյրութ-Երեւան մագոգային այցեր իրականացնող իրենց տէրերուն առեւտրական անմաքուր գործառնութեանց խորհրդանիշը դարձեր են…։
Բայց ի՞նչ կ’ըսէ Վանիկ։ Ան կ’ակնարկէ յա՛տկապէս այն անազնիւներուն, որոնք «սեւ շուկայի եւ արգիլուած ապրանքներու փոխադրութեան համար կ’երթեւեկեն Հայաստան»։ Ոմանք օդային թռիչքը կ՛օգտագործեն, ուրիշներ՝ ցամաքի ճանապարհը, Կարսի վրայով։ Ամէն պարագայի, ասոնք, եղեր, եթէ յաջողութեամբ աւարտեն իրենց առեւտուրը՝ կը գովեն Հայաստանը, իսկ եթէ բռնուին իրենց ապօրինի արարքին մէջ՝ կը ճչան թէ «ազատութիւն չկա՜յ Հայաստանի մէջ»…։ Չկարծուի սակայն, թէ պարզապէս հագուստ-կապուստի առեւտուրի կ’ակնարկուի։ Ո՛չ։ Հոս խնդրոյ առարկայ է եղեր ոսկիի, փլաթինի ու թանկարժէք քարերու կամ գորգերու առեւտուրը…։ Յօդուածագիրը կը պահանջէ որ Հայաստանի պետութիւնը խստութեամբ վարուի այսպիսիներուն հետ։
Վանիկ յաճախ կը գրէ նաեւ «պատմագրական» յօդուածներ՝ նախաեղեռնեան կամ յետեղեռնեան իրադարձութիւններու սեւեռումով։ Բայց անկեղծ պիտի ըլլանք ըսելու, թէ այս գրութիւնները զուրկ են շահեկանութենէ (լեզուական ու շարահիւսական թափթփածութիւնը ժխտական դեր կը խաղայ այստեղ), ինչպէս՝ հետագային հրատարակած իր մեծաթիւ գիրքերը…։
Մինաս Գանգրունի, երաժշտագէտի իր հանգամանքով, սեւեռումի կ’ենթարկէ երաժշտական գործիքներ։ Օրինակ՝ թմբուկը, անոր շինուածքը, զայն գործածելու կերպերը, գործիքին տեսակներն ու զանազան անուանումները։ Այլ առիթով մը՝ երգեհոնը (օրկ), անոր բարդ կառուցուածքը, բազմաձայնային լայն կարելիութիւնները։ Ուրիշ էջի մը վրայ Մ. Գանգրունի գրախօսեր է Գուսան Բագրատի «Մանուշակներ» աշուղական երգերու ժողովածուն։ Գուսան Բագրատը ղարաբաղցի է եղեր (ծն. 1915-ին) ու իր երգերը ծանօթ են եղեր Հայաստանի, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ։
Հետաքրքրութիւն առթող լուր է հետեւեալը. «Ընկեր Արսէն Կիտուր մայր հայրենիք կը հաստատուի»։ Մանրամասնութեանց մէջ կ’ըսուի, թէ հնչակեան այս երեւելի պատմագիրը արդէն իսկ Հայաստան մեկներ է Պէյրութէն, վերջնականապէս հաստատուելու համար հոն՝ իր հարազատներուն քով։ Հայրենի իշխանութիւնները մասնաւոր հոգածութիւն ցուցաբերեր են իրեն հանդէպ՝ տրամադրելով յարկաբաժին մը եւ ստեղծելով բարեկեցութեան անհրաժեշտ պայմաններ։ Հայաստանի մէջ Արսէն Կիտուր պիտի ձեռնարկէ եղեր Էջմիածնայ Գէորգեան Ճեմարանի պատմութեան գրառումին։ «Արարատ» կը տեղեկացնէ միաժամանակ, որ վեթերան ընկերոջ ողջերթ մաղթելու համար Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ղեկավարութիւնը հացկերոյթ մը սարքեր է Պէյրութի ծովահայեաց ճաշարաններէն մէկուն մէջ, շուրջ 60 հրաւիրեալներու մէկտեղումով։ Խօսք առնողները դրուատեր են Կիտուրի ազգային, գաղափարական եւ գրական ծառայութիւնները։ Ի դէպ, Արսէն Կիտուր կը նկատուի իր կուսակցութեան գլխաւոր պատմագիրը։ Անոր «Պատմութիւն Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1962» երկհատոր ծաւալուն աշխատասիրութիւնը լոյս ընծայուած է 1962-63-ին, Պէյրութ (տպ. Շիրակ)։
Երեւանի մէջ մեծ յաջողութեամբ ցուցադրուեր է եղեր Սարգիս Փարաջանեանի «Նռան գոյնը» ժապաւէնը, որ կը պատմէ Սայաթ-Նովայի մասին։ Հարիւր հազար հայեր դիտեր են եղեր ժապաւէնը։ Հեղինակը դեռ այն ատեն այլախոհ չէր նկատուեր, ո՛չ ալ կը կոչուէր Սերգէյ Փարաջանով…։
Թումանեանէն ետք՝ համամիութենական մակարդակով պիտի նշուի եղեր Կոմիտասի 100-ամեակն ալ։ Այս առնչութեամբ, Մոսկուայի մէջ կազմուեր է յոբելենական կեդրոնական յանձնախումբ մը, բազմաթիւ երեւելի դէմքերու անդամակցութեամբ։ Այս յանձնախումբին պիտի նախագահէ եղեր ԽՍՀՄ Երգահաններու Միութեան Ա. քարտուղար Տիխոն Խրեննիկով։
Ուշադրութեան արժանի է «ԱՐԱՐԱՏ–ի գրական էջը» (Բշ., 27 Հոկտ.), որ վերականգներ է եղեր մէկուկէս ամսուան ակամայ դադարէ մը ետք։ Էջին մէջ կ’երեւին երկու աշխատակիցներ՝ Պէպօ Սիմոնեան եւ Սամօ (Սագիսեան)։ Պէպօն օրակարգի բերեր է թատերգութեան սեռը, պնդելով որ աղքատ մնացեր է անիկա թէ՛ Հայաստանի ու թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Շողացող տաղանդով օժտուած թատերագիրներու լուրջ պակաս կայ (այսպիսի կարծիք յայտներ է նաեւ երեւանեան «Սովետական Արուեստ» ամսագիրը)։ Պէյրութի մէջ, զորօրինակ, ուր 3-4 մնայուն թատերախումբեր կան, ու կայ նաեւ սրահները լեցնող թատերասէր հասարակութիւն, չկայ եղեր մէ՛կ թատերագիր իսկ։ Իբրեւ այլընտրանք՝ ան կ’առաջարկէ զարկ տալ թատերական թարգմանական գրականութեան։ Իսկ Սամօն գրախօսեր է Գուտցի Միքայէլեանի «Արեւը մար չի մտներ» վէպը (Պէյրութ, 1969)։ Տպաւորութիւնները գաղջ են։ Տրուած է նաեւ նորատիպ վէպէն նմուշ-էջ մը։
Տեղական հայկական լուրեր շատ քիչ են թերթին մէջ։ Այս շարքէն՝ կը կարդանք որ Հայաստանի Սփորի ու Երիտասարդութեան Կոմիտէի հրաւէրով Հայաստան մեկներ է Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի Ֆութպոլի խումբը, մրցումներ ունենալու համար հայրենի կազմերու հետ։ 21 հոգինոց մարզական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորուի եղեր վարչութեան ատենապետ ընկ. Տիգրան ՍարաՖեանի կողմէ։
Էստրատային երգերու մեկնաբան Վարդիվառ Անթոսեան, որ «Լոս Ամորէս» նուագախումբին երգիչն է, հրապարակ հաներ է երկու նոր ձայնապնակներ՝ «Լուսնակ գիշերին» եւ «Սիրուն կոկոն»։
Ծանուցումները մի՛շտ ալ նորութիւններ ունին։
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը ծանուցեր է, թէ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ բեմ պիտի բարձրացնէ Արթըր Միլլըրի «Սալեմի վհուկները», Վարուժան Խտըշեանի բեմադրութեամբ։ Այս ծանուցումին առթիւ անտեղի պիտի չըլլար յիշեցնել, թէ իրարու թշնամացած հայ կուսակցութեանց միջեւ «ձիւնհալ»-ը սկսեր էր դանդաղ-դանդաղ։ «Կողմ»-ի մը հովանին վայելող միութիւն մը ա՛լ չէր վարաներ ծանուցում հրատարակել «միւս»-ներուն թերթին մէջ…։
Կոմիտասի հարիւրամեակին ձօնուած երգահանդէս մը պիտի տայ եղեր, Ամերիկեան համալսարանի Ուեսթ Հոլին մէջ, մեներգիչ Գէորգ Կակոսեան (պաս), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արփինէ Փեհլիւանեանի (փրոՖ. Ազգ. Երաժշտանոցի)։
«Կ. Տօնիկեան եւ որդիք» հրատարակչատունը հրապարակ հաներ է եղեր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի «հայադրոշմ եւ գեղարուեստական ձեւաւորումով գունատիպ քարթեր»։ Է՜հ, այդ տարիներուն տօնական քարթերու փոխանակումը թէ՛ անխուսափելի էր, թէ՛ ուրախութեան աղբիւր։ Դուք պահե՞ր էք այդպիսի քարթեր ձեր արխիւներուն մէջ…։
Հայկազեան Գոլէճը ծանուցեր է իր Հայ Ուսուցչանոցին վերաբացումը, դասաւանդութեանց հրաւիրելով հայկական վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։ Շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն էր այս, այդ օրերուն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք որ փակուեր էր արդէն Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան վաղեմի ուսուցչանոցը։ Չենք գիտեր, թէ Հայկազեանի այս ուսուցչանոցը քանի՞ տարի գործեց։
Նոր ընտանիքներ կազմուեր են։ Ընկ. Երուանդ Պալեան իր կեանքը միացուցեր է օրդ. Մատլէն Մագասճեանին (Պէյրութ), իսկ Կարօ Խաչատուրեան՝ օրդ. Մարօ Կիլիկեանին (Պէյրութ)։ Սարգիս Սիւրմէնեանն ալ պսակուեր է օրդ. Սիրարփի Կիւրիւնեանի հետ (Պէյրութ)։
Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեր է ընկհ. Սրբուհի Տէմիրճեան, կողակիցը՝ յայտնի գրավաճառ ու վեթերան հնչակեան Կիւլէսէր Տէմիրճեանի։
Այսօրուան ծաղկաքաղը կ’աւարտեմ «զուարճալի» լուրով մը, որուն արձագանգ հանդիսացեր է «Արարատ»։ Արդարեւ, Փարիզի մէջ գումարուեր է եղեր «Պոռնկութեան ու կաւատութեան դէմ պայքարի 24-րդ համագումարը»…։ Հաստատումներ կատարուեր են, թէ պոռնկութիւնը այլեւս թշուառ կեանքի մը բերումով յառաջացած երեւոյթ չէ, այլ՝ յոռի դաստիարակութեան եւ ընտանեկան անբաղձալի միջավայրի արդիւնք։ Մտահոգութիւն յայտնուեր է, թէ «աշխարհի ամէնէն հին արհեստը» լայնօրէն տարածում սկսեր է գտնել բարեկեցիկ շրջանակներու մէջ եւս։ Հիմա կայ եղեր «պուրժուա պոռնկութիւն» մը։ Իսկ «գաղտնի պոռնիկ»-ներուն թիւը գլեր անցեր է ենթադրութեան բոլո՜ր սահմանները…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)