Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

November 2, 2024
in Այլազան
0

 

2 Նոեմբեր 2024: Տարուան 307-րդ օրն է (նահանջ տարի)։

2024-ի աւարտին կը մնայ 59 օր։

 

Դէպքեր – Տօներ

1914 – Ռուսաստանը պատերազմ կը յայտարարէ Օսմանեան կայսրութեան դէմ, որուն հետեւանք որպէս կը փակուի Տարտանելի նեղուցը:

1938 – Հունգարիան կը գրաւէ Սլովաքիոյ հարաւային մասը:

1956 – Հունգարիոյ կառավարութիւնը Վարշաւիոյ դաշինքէն բաժնուելու յայտարարութիւնը կը կատարէ:

 

Ծնունդներ

1755 – Մարի Անթուանեթ, Ֆրանսայի թագուհի, Ֆրանսայի թագաւոր Լիւտովիկոս ԺԶ.-ի կինը, Սրբազան Հռոմի կայսր Ֆրանց Ա.-ի դուստրը։ 1792 Օգոստոսի Միապետութեան տապալումէն ետք Մարի Անթուանեթ ձերբակալուած ու դատարանի որոշմամբ գլխատուած է։

1829 – Միքայէլ Նալպանտեան, գրող եւ բանաստեղծ։ «Մեր հայրենիք» ազգային հիմնի հեղինակը։ Ծնած է Նոր Նախիջեւանի մէջ: Հայոց լեզու դասաւանդած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ՝ միաժամանակ որպէս ազատ ունկընդիր ուսանելով բժշկութիւն: 1862-ին կը ձերբակալուի ցարական ոստիկանութեան գործակալներու կողմէ եւ Սարաթով նահանգի Քամիշին աքսորավայրին մէջ կը մահանայ 1866 թուականի Մարտ 31-ին: Նալպանտեանի անունը գլխաւորաբար կապուած է շուրջ տասնեակ յեղափոխական երգերու հետ՝ «Ազատութիւն», «Մանկութեան օրեր», «Մեր Հայրենիք» եւ այլն։ Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ կը ձգտէր ժողովուրդին յեղափոխական ոգին ներշնչել: Իր գործերէն են՝ «Երկու տող», «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ», «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ» եւ այլն։

1865 – Ուորըն Հարտինկ, ամերիկացի լրագրող եւ քաղաքական գործիչ, ԱՄՆ 29-րդ նախագահը:

1870 – Մուշեղ Արսէնի Բագրատունի, երգիծական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն, լրագրող, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ։

1907 – Մարիամ Ասլամազեան, հայ նկարչուհի:

1972 – Սարգիս Յովսէփեան, ֆութպոլիստ եւ մարզիչ:

1431 – Վլատ Գ. (յայտնի էր նաեւ որպէս Վլատ Տրաքուլա, Կոմս Տրակուլա), Վալախիոյ իշխանը, Սբ. Գէորգի միաբանութեան ասպետ։ Վլատ Տրաքուլան ունեցած էր հիւանդութիւն մը, ըստ որուն ան պէտք չէր արեւուն տակ ըլլար, այլապէս իր մաշկը կը քայքայուէր։ Այդ հազուադէպ հիւանդութեան ժամանակ նաեւ իր մէջ արեան ծարաւ կ’առաջանար եւ ինք միայն գիշերները կը շրջէր իր երկրին մէջ եւ մարդոց արիւնը կը խմէր:

1844 – Մոհամմատ Ե. Ռեշատ, Օսմանեան կայսրութեան սուլթան (1909–1918)։ Ապտուլ Մեճիտ-ի որդին է։

 

Մահեր

1912 – Տմիթրի Մամին-Սիպիրեակ, ռուս գրող:

1950 – Ճորճ Պերնար Շօ, իրլանտացի գրող:

2019 – Ժագ Ստեփանի Յակոբեան, բանաստեղծ։ Ծնած է 1917-ին Երուսաղէմ։ Յաճախած է Բիւզանդ-Ալիս Վարժապետեան հաստատութիւն, Գալուստեան ազգային վարժարան եւՊէրպէրեան քոլեճ։ 1942-ին աւարտած է Գահիրէի համալսարանը՝ քիմիագէտ-դեղագործի մասնագիտութեամբ։ 1968-ին հաստատուած է Փասատենա–Գալիֆորնիա։ Իր ժողովածուներէն՝ «Գաղտնի ճամբան», «Մեղրալուսին», «Մեսրոպաշունչ», «Ժագափունջ», «Հայատրոփ», «Ժագատետր», «Լիլոյշ ա տոչոր» եւ այլն:

2004 – Շէյխ Զայիտ պէն Սուլթան Ալ-նահեան, աւելի քան 250 տարուան Ալ-Նահեաններու տոհմին 14-րդ Էմիրը: Ղեկավարած է Ապու Տապիի Էմիրութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 7 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՃԱՏՐԱԿ

Next Post
ՃԱՏՐԱԿ

ՃԱՏՐԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.