* ԱՄՆ – «Ասպարէզ»-ը կը հաղորդէ, որ Արեւմտեան թեմը, ղեկավարութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ նախաձեռնած է երկարաժամկէտ նորարարական ծրագրերու եզակի աշխատանքի մը, որուն նպատակն է արագ զարգացող աշխարհին մէջ թեմը վերակազմաւորել, կենսունակ պահել եւ ժամանակակից դարձնել: Այս յանդուգն ծրագիրը իրականացնելու առաքելութիւնը վստահուեցաւ յայտնի գիտաշխատող եւ համալսարանի դասախօս դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանին, որ ընթացիկ տարուան 1 Յուլիսին նշանակուեցաւ նորարարական ծրագրերու տնօրէն:
Դոկտ. Չիլինկիրեանի մասնագիտութիւնը կ’ընդգրկէ հասարակագիտութիւն, սփիւռքագիտութիւն, եկեղեցաբանութիւն, ինքնութեան եւ մշակոյթի հարցեր եւ հիմնախնդիրներ:
Ըստ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, այս նորարար նախագիծը նոր փուլ մըն է Արեւմտեան թեմի յանձնառութեան մէջ` խորացնելու հաւատքը, մշակութային ժառանգութիւնը եւ առաւել արդիւնաւէտ կերպով ծառայելու մեր համայնքներուն: Սա ընտրանքային ձեռնարկ մը չէ, այլ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն անհրաժեշտ պատասխան մը, որ ասիկա կը պահանջէ հաւաքական եւ անհատական լայն շրջանակներու համագործակցութիւնը:
* ՓԱՐԻԶ – Համացանցէն կ’իմանանք, որ Փարիզի մէջ կեանքէն հեռացած է ֆրանսահայ երաժշտահան, խմբավար, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի երկարամեայ ղեկավար, մայեսթրօ Կարպիս Ափրիկեանը: Հայ երգի եւ երաժշտութեան երախտապարտ սպասարկուն մեծապէս նպաստած էր Եւրոպայի մէջ Կոմիտասի, Կանաչեանի, Ալեմշահի գործերուն ծանօթացումին: Ան իր տաղանդով ու վարպետութեամբ հայ երաժշտութեան երկնակամարին վրայ դարձած էր եզակի անուն մը: 57 տարի Սփիւռքի ծանօթ պայմաններուն մէջ ոչ միայն իր ուսերուն վրայ կրած էր «Սիփան-Կոմիտաս»-ը (անշուշտ առանց ուրանալու իրեն թիկունք կանգնած անձերու վաստակը), բայց նաեւ հասցուցած էր անհամար երգիչներ, յօրինած էր երգեր, եկեղեցական շարականներու ստեղծագործութիւններ (օրաթորիօներ):
* ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ – Ըրվայնի «Կրէյթ» զբօսայգիի վարչութիւնը ընդունած է զբօսայգիին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը տեղակայելու առաջարկը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ այդ գաւառին հանրային վայրերէն մէկուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կանգնեցնել։ Յուշարձանը կը ներկայացնէ թէ՛ հայութեան կրած ահաւոր կորուստը եւ թէ՛ վերապրելու կամքը, իր նորածինը գրկած մօր մը արձանին ընդմէջէն։ Համալիրին մէջ պիտի ըլլան հայութեան այլ խորհրդանիշներ, ներառեալ՝ հայրենիք վերադառնալու կարօտը մարմնաւորող կրունկը եւ անմոռուկ ծաղիկը։ Ծրագրուած է յուշարձանին բացումը կատարել 2028-ին։
* ԴԱՄԱՍԿՈՍ – Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Մ.-ի գայլիկ-արծուիկները այցելեցին Պետական թանգարան՝ «Մաթհաֆ Ալ-ուաթանի»։ Անոնք գաղափար առին թանգարանի պատմութեան եւ ծանօթացան թանգարանի տարբեր մասերուն մէջ ցուցադրուած հնութիւններուն մասին:
* ՍԹԱՆՊՈՒԼ – Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»-ն է յուշողը: Այնտեղ կը կարդանք, թէ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմէն տոքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան պարգեւատրուած է Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքի ձեռամբ «Երիտասարդ գիտնականներ» մրցանակով, որուն տուչութիւնը տեղի ունեցած է Սթանպուլի յոյներու համընդհանուր դաշնութեան կազմակերպութեամբ՝ ի յիշատակ 19-րդ դարու կարեւոր բժիշկներէն՝ Մարքօ Փիցիփիոս փաշայի։
* ՓԱՐԻԶ – Ayk Page կայքէջէն տեղեկացանք, որ Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը 27 Հոկտեմբերին դարձած է 15 տարեկան: Հասարակական-քաղաքական, գրական մեր գործընկեր օրաթերթը լոյս կը տեսնէ 2009 թուականի Հոկտեմբերէն 84 տարուայ ընդհատումէ ետք։ Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք:
* ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, 26 Հոկտեմբերին, նշանաւորուած է Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի աշակերտներուն եւ ուսանողներուն մասնակցութեամբ:
Հանդիսութեան նախաձեռնողը եւ անոր ոգեշնչող տօնախմբութեան վերածողը եղած է վարժարանի ուսուցչուհին՝ բանաստեղծուհի դոկտ. Անուշ Նաքքաշեանը իսկ երաժշտական բաժնով՝ Արմէն Ամիրխանեանն ու Գէորգ Պատալեան:
Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի աշակերտները սաղիմահայ ներկաներուն կարդացեր են Թարգմանչաց վարդապետներուն մասին եւ ասմունքած՝ Սիամանթոյի ու Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
Սրտի խօսքը փոխանցեր է Տէր Գէորգ վրդ. Հայրապետեանը, իսկ հանդիսութեան խորհուրդին մասին պատգամ փոխանցեր՝ Տէր Թէոդորոս եպս. Զաքարեանը:
«Հայր Մեր»-ով փակուած է Թարգմանչաց տօնը: