Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

November 2, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

 

Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ շտապ օգնութեան ոլորտի աշխատակիցներուն դէմ յարձակումներու բազմացումին առնչութեամբ, կոչ ուղղելով զանոնք զերծ պահելու թիրախաւորումներէն:

Իսրայէլեան թշնամական գործողութիւններու սաստկացումին լոյսին տակ, մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստներուն զուգահեռ մտահոգութիւն կայ նաեւ Պեքաայի եւ Հարաւի պատմամշակութային հարստութեան վտանգումին վերաբերեալ: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատարը ահազանգեց Պաալպաքի եւ Սուրի հնութիւններուն դիմագրաւած վտանգներուն մասին: «Լիբանանի մշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ դառնայ այս կործանարար հակամարտութեան հերթական զոհը», ըսաւ ան:

Հըզպալլա եւս շարք մը հաղորդագրութիւններով յայտարարեց իսրայէլեան սահմանամերձ բնակեցումի վայրերն ու զինուորական կուտակումները ռմբակոծելու մասին: Իսկ Հըզպալլայի արձակած անօդաչու թռչող սարքերը հասան իսրայէլեան ծովեզերեայ Հայֆա քաղաքի հիւսիային արուարձանները՝ խուսափելով հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերէն: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլայի հրթիռներուն պատճառով Քարմայիլ բնակավայրին մէջ վիրաւորուած է առնուազն 9 մարդ՝ ներառեալ ծանր պարագայ մը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, միայն Հոկտեմբերին Կազայի եւ Լիբանանի ճակատներուն վրայ մահացած է 88 զինուոր եւ քաղաքացի: Իսկ Հըզպալլա նշեց, որ ցամաքային գործողութեան սկիզբէն ի վեր մահացած իսրայէլացի զինուորներուն թիւը 95 է, իսկ վիրաւորները՝ 900, կործանուած 42 հրասայլի եւ հինգ անօդաչու սարքի կողքին:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԲԱՆԱԿՑԵԼԷ ԱՌԱՋ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ

Next Post

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

Next Post
ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.