Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿՑԵԼԷ ԱՌԱՋ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ

November 2, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԲԱՆԱԿՑԵԼԷ ԱՌԱՋ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ

 

Մինչ լուրեր կը տարածուին հաւանական զինադադարի մը նախնական նշոյլներուն մասին, իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ հարաւի եւ Պեքաայի շարք մը շրջաններու համատարած կործանումը՝ Հըզպալլայի զինամթերանոցները եւ կեդրոնները կործանելու պատճառաբանութեամբ: Հարաւի մէջ, իսրայէլեան օդուժը երէկ վերստին ծանրօրէն հարուածեց Սուր քաղաքը եւ մօտակայ Զրարիէ եւ Մաժտալ Զուն գիւղերը: Իսկ ծանրագոյն հարուածները հասան Եունինին, ուր մահացաւ առնուազն 7 մարդ:

Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ Պաալպաք եւ Հըրմէլ գաւառներու բազմաթիւ գիւղերու ռմբակոծութեան հետեւանքով մահացած է առնուազն 10 անձ, իսկ վիրաւորներուն թիւը հատած է 30-ը: Իսրայէլեան հարուածները կեդրոնացան թէ՛ Պաալպաք եւ Հըրմէլ քաղաքներուն, թէ՛ մերձակայ Պազալիէ, Թարայա, Խըտըր, Սահիտէ, Ռաս էլ-Այն, Պաուատի, Իհաթ, Պըտնայէլ, Հատաս, Հարապթա եւ Շարաունիէ շրջաններուն վրայ: Իսկ Պաալպաքէն Լապուէ ճամբուն վրայ գտնուող գիւղերէն Ամհազի մէջ ինկաւ 12, իսկ մօտակայ Քասրնապայի մէջ՝ երկու զոհ: նախանցեալ գիշեր ու երէկ արեւածագին իսրայէլեան օդուժը ծանրօրէն ռմբակոծած էր Պէյրութի հարաւային արուարձանները եւ Պաապտա գաւառի մերձակայ շրջաններ, Քամաթիէ գիւղին մէջ պատճառելով երեք զոհ:

Ցամաքային գործողութիւններու ծիրին մէջ, իսրայէլեան յարձակումները կեդրոնացան արեւելեան Խիամ աւանին վրայ, ուր իսրայէլեան կողմը նոյնիսկ լուսանկար հրապարակեց ենթադրաբար խորհրդարանի նախագահի օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի  բնակարանէն: Խալիլ սակայն հաւաստիացուց, որ իսրայէլացի զինուորները տակաւին նոյնիսկ չեն կրցած տիրապետել Խիամին, հետեւաբար նաեւ մուտք չեն գործած իր բնակարանը: Անոր խօսքով, իսրայէլացի զինուորները ծանր դիմադրութիւն կը դիմագրաւեն քաղաքի մուտքերուն եւ ունեցած են կորուստներ:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼՔ

Next Post

ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

Next Post
ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.