ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ` «ՍԻՐՈՅ, ԿԵԱՆՔԻ, ԱՆՍԱՍԱՆ ՈՒ ՄԱՔՈՒՐ ԵՐԳԻՉԸ»
ՄԱՀՈՒԱՆ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ (1 Օգոստոս 1917 – 2 Նոյեմբեր 2019)
ԲԱՐԵԳԱԼՈՒՍՏ
Բարե՛ւ ու արե՛ւ տարասփիւռ ափերու հայերուն։
Որոնք հատ-հատ թէ երամ-երամ գաղթեր են հոս ու հոն, հալածական՝ անորակելի ձեռքէ մը, մթին ու ցրտին հովէ մը, այս ու այն դառն ափերուն հիւսելու նոր բոյներ:
Նո՛ր բոյներ – քանի՜երորդ անգամ ըլլալով… Ամերիկայէն մինչեւ Աւստրալիա . . .
Նո՛ր բոյներ… Շինեցէ՛ք, շէնցուցէ՛ք, շողացուցէ՛ք հայկական անքանդելի այն կամքով, որ Մասիսի ժայռերէն եւ ուժէն կոփուած մուրճ մըն է ստեղծագործ։
Բայց անոնք ըլլան հա՛յ բոյներ . . .
Հա՜յ բոյներ… Ուր հայկակ թռչնիկները հայերէն գեղգեղեն, ուր հայ բառը ադամանդի պէս պաղպաջէ սեւահեր ու սեւաչեայ հայկուհիներու կոյս բերնին վրայ, ուր ալեւոր եւ մագաղաթեայ Մեսրոպը միշտ դալարի հայկազուններու աւիշով ու աւիւնով:
Շէնշող հա՛յ բոյներ… Ուր ձիւնաւոր Արարատը միշտ կանաչ մնայ հայրենավառ սրտերու կարօտով ու առաւօտով, ուր Լուսաւորչի կանթեղը միշտ ճաճանչէ անոնց հայրենաձիգ յոյսով ու հաւատքով։
Որովհետեւ – հպարտօրէն գիտցէ՛ք – Հայութիւնը հարուստ ժառանգութիւն մըն է:
Զայն ամո՛ւր բռնեցէք՝ բացառիկ աւարի մը պէս։ Մի՛ կորսնցնէք՝ գեղեցիկ գանձի մը պէս։ Գուրգուրացէք վրան` ինչպէս մէկհատիկ հարազատի մը։
Մեզի համար, մե՛զ հարստացնելու համար, զայն մեզի հասցնելու համար, ցայգօրէն ճգներ, այգօրէն տքներ, դարերով յոգներ են մեր հայ հայրերն ու մեր հայ մայրերը։ Զոհեր են քրտինք եւ արիւն, զոհաբերեր են միտք ու սիրտ, զոհաբերուեր են Աւարայրէ Աւարայր ու Տէր-Զօրէ Տէր-Զօր, որպէսզի հայ սիրտը չդադրի տրոփելէ եւ հայ շրթունքը չկասի երգելէ, որպէսզի հայ հողը միշտ արշալուսէ ծաղիկներով եւ հայ տունը միշտ ճրագէ ջահուն հայրերով ու ճաճանչուն մանուկներով:
Մենք ի՞նչպէս պարտական չըլլանք անոնց, երբ անո՛նցն է մեր արիւնը, մեր լեզուն, մեր հաւատքը։ Օ՜, ի՜նչ հարստութիւն՝ ձրիաբար մեզի հրիտակուած, մե՛րը դարձնելու համար ։ Օ՜, ի՜նչ վսեմ պերճանք մեր մտքին եւ ի՜նչ ազնիւ պարծանք մեր սրտին… Որովհետեւ՝ մեր հայրերը կոչուեցան Սուրբ Գրիգոր, Սուրբ Մեսրոպ, Սուրբ Վարդան եւ մեր օրօրոցները եղան Էջմիածին, Աւարայր, Տէր-Զօր… Որովհետեւ՝ մեր մկրտութեան աւազանը եղաւ Աստուածաշունչը երկնաճաճանչ . . .
Ա՛յսչափ գանձերով ի՞նչպէս հայ չապրինք՝ ես ու դուն ու մենք։
Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայատրոփ» հատորի յառաջաբանէն
(Սփիւռք 1970, Տպարան Շիրակ – Պէյրութ)
Ժագ Յակոբեան – Հայ բանաստեղծ, մշակութային գործիչ, դաստիարակ եւ մտաւորական:
Ծնած է Երուսաղէմ, ատափազարցի Ստեփան Յակոբեան եւ երուսաղէմցի Սրբուհի ամոլէն: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանայ յաջորդաբար՝ Բիւզանդ-Ալիս Վարժապետեան մանկապարտէզէն ներս (1922-24), Գալուստեան Ազգային Վարժարանէն ներս (1924-29), Պէրպէրեան Գոլէժէն ներս (1929-34) եւ «Collège Des Frères»-էն ներս (1935-37): Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Faculté Française de Médecine – École de Pharmacie-ի մէջ (1937-39)։
1939-ին կը ծագի Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմը, որուն պատճառաւ կը ստիպուի իր ուսումը շարունակել Գահիրէի պետական համալսարանի «School of Pharmacy»-ին մէջ (1939-42), ուր կ’աւարտէ իր դեղագործական ուսումը 1942-ին եւ ձեռք կը ձգէ դեղագործական վկայականը 1944-ին:
Այնուհետեւ, իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ Վերին Եգիպտոսի մէջ (1944-46):
1947-ին կ’ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, որ թոռնուհին էր Վռամշապուհ Արք. Քիպարեանի (առաջնորդ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի՝ Զօրավար Անդրանիկը պսակողը եւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ին «ղարիպ տէրտէր»ը):
Երկու տարի ետք նորապսակ զոյգը կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպուրն): Տարի մը ետք կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ’աշխատի որպէս դեղագործ զանազան դեղարաններու մէջ։ 1956-ին տիկնոջ եւ երեք անչափահաս զաւակներուն հետ կը գաղթէ Պէյրութ, Լիբանան, ուր կայք կը հաստատէ, եւ ուր կը ծնի իր չորրորդ զաւակը:
1957-էն 1965 կը պաշտօնավարէ Կենաց Երկրորդական Վարժարանին մէջ (Տպպայա), որպէս ուսուցիչ հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ ազգային պատմութեան:
1965-ին երկրորդ անգամ կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպուրն):
1967-ին կը գաղթէ Ամերիկա վերջնականապէս եւ բնակութիւն կը հաստատէ Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ, ուր ամբողջ 21 տարի (1967-88) աշխատած է որպէս քիմիագէտ դեղորայքի գործարանի մէջ՝ «Life Laboratories» (Sun Valley):
Իր դեղագործական ասպարէզին կողքին, իր ուսուցչական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանը (1988-2000):
Կարճ ժամանակ մը ան եղած է նաեւ հայ գրականութեան դասատու Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ:
Իր ասպարէզին կողքին, կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ Գահիրէ-Հելիոպոլիս (1951-1953) եւ Էնսինօ, Գալիֆորնիա (2003-2009):
Գիրքերու կողքին, ան հրապարակ հանած է նաեւ հոգեշունչ եւ հայաշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւ այլն):
Երկու տարբեր առիթներով, ան կը պարգեւատրուի Կաթողիկոսական շքանշաններով՝ ձեռամբ Գարեգին Բ.-ի եւ Արամ Ա.-ի: Ան արժանացած է «Համազգային»ի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին:
Ունեցած է բեղուն գրական աշխատանք։ Բանաստեղծութիւններ գրած է կանուխ տարիքէն։ 1938-ին, «Գաղտնի ճամբան» անդրանիկ իր հատորով՝ գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի գրական «գիւտ»ը կը դառնայ: Հետեւող տասնամեակին, փոխնիփոխ անոր կը յաջորդեն երեք ուրիշ գործեր՝ քնարերգական եւ հայրենասիրական։ 1950 թուականէն ետք հոգեկան վերիվայրումներու ենթակայ, կ’արտադրէ աւելի կրօնաշունչ գործեր, որոնց կողքին պարբերաբար՝ հայրենասիրական էջեր։
Հրատարակած է երեք տասնեակէ աւելի գիրքեր եւ գրքոյկներ, բանաստեղծութիւն եւ արձակ, որոնցմէ՝ «Գաղտնի ճամբան» (1938 Գահիրէ), «Մեղրալուսին» (1943 Գահիրէ), «Մեսրոպաշունչ» (1946 Գահիրէ), «Մասիսածին» (1963 Պէյրութ), «Յիսուսաբոյր» (1965 Պէյրութ, 1994 ԱՄՆ), «Հայատրոփ» (1970 Պէյրութ), «Կռունկը կը կանչէ…» (թատերախաղ) (1986 ԱՄՆ), «Հողաշնչում» (1991 ԱՄՆ), «Տէր-Զօր դեղին» (1991 ԱՄՆ), «Քրիստոս Յիսո՞ւս, թէ՞ Christian Dior» (2007 ԱՄՆ), «Մշտափաց պատուհանները երկինք» (2016), «Փախչիլ չկայ քեզի, ո՛վ թուրք» (2017) եւ այլն: Իր գործերէն ոմանք արժանացած են Առաջին Մրցանակի:
Գեղեցիկ հայերէնով մը արտայայտուած իր ազգայնաշունչ հոգին եւ վառ հաւատքը կը հիւսեն թէ՛ իր ներաշխարհը եւ թէ՛ իր գրաշխարհը: Իր գործածած գրական-գեղարուեստական լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ շքեղ եւ ճոխ բառապաշարով:
Ժագ Յակոբեան հեղինակած է նաեւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը, որ արժանացած է հարիւրէ աւելի ներկայացումներու Սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ:
Հայերէնի կողքին, ան գրած է նաեւ ֆրանսերէն քերթուածներ, որոնցմով ան մասնակցած է ֆրանսական գրական մրցումներու (Jeux Floraux du Languedoc, 1936, Toulouse):
Ժագ Յակոբեան 2017-ի Օգոստոսին դարձաւ 100 տարեկան։ Այս առթիւ ան գրած է հետեւեալ տողերը.
Սրտի խօսք. «Ես` Ժագ Ս. Յակոբեանս, ծնած պատմափայլ Երուսաղէմի մէջ` 1 Օգոստոս 1917-ին, այսօր` 1 Օգոստոս 2017-ին, Աստուծոյ կամքով, Աստուծոյ շնորհով, Աստուծոյ ողորմութեամբ ողջ-առողջ կ’ողջունեմ իմ գոյութեանս 100-րդ տարին: Այս գերերջանիկ դէպքին համար, իմ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի անունով, ծնկաչոք ու բազկատարած` փառք կու տամ Տէր Աստուծոյ եւ բազմապատիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սրտագինս Իրեն, ինծի` անարժանիս, Իր պարգեւած ու շռայլած ամէն տեսակի օրհնութիւններուն, շնորհներուն ու բարիքներուն համար, զորս վայելեր եմ, եւ որոնց շնորհիւ հարիւրամեակիս հասեր եմ: Աղօթքս է, որ Իր` ինծի պարգեւած այս հարիւր տարիները, Ի՛ր փառքին ծառայած ըլլան իմ սիրելի եւ փայլուն ազգիս կեանքին ու ծառայութեան մէջ:»
Հաւատաւոր քարոզիչ, բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեան իր մահկանացուն կը կնքէ Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2019-ին, 102 տարեկան հասակին:
ՄԵ՛ՆՔ…
Մե՛նք…-Մենք՝ բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան՝
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,
Մենք՝ դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
Մենք՝ սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.
Մենք՝ մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ…
Մենք՝ գի՜ւտ Մեսրոպի… Մենք՝ քնա՜ր լեզու,
Ուր կը վիպերգէ Հոգի՛ն Հայկական.
Սայաթ-Նովայի մենք սա՛զ սիրածու.
Մենք՝ խորախորհուրդ Նարեկի՛ խորան.
Դարերէն հոսող մենք երգի՛ Արաքս,
Ուր կը գլգլայ գինին Կոմիտաս…
Մենք՝ վարդանայա՛ղթ Աւարայրամարտ,
Մեր ձեռքին մէջ զէ՛նք եւ խա՛չ՝ մեր հոգւոյն.
Մենք՝ Էջմիածնի հաւա՛տք ժայռարմատ,
Ուր փուլ կը փշրի ծովը դարերուն.
Մենք՝ աշխարհասփիւռ Ա՛ստղ Լուսաւորչի,
Որուն դէմ խաւարն ի զո՜ւր կը բախի:
Մենք՝ սրախողխող Ապրիլ Քսանչո՛րս,
Մենք՝ միլիո՜ն շիրիմ, հողմացրի՜ւ տերեւ.
Ապրիլեան սուգին եւ մոխրին վրայ գօս,
Մենք՝ Քսանեւութ Մայիսի՜ արեւ.
Մենք՝ պանդուխտի՛ թուղթ, մենք՝ անբո՜յն կռունկ,
Մենք՝ հայրենապիշ կարօտի՜ արցունք…
Այս ամբո՜ղջն ենք մենք…Ու դե՜ռ՝ հերոսի
Եւ մարտիրոսի անմա՛շ Պատմութիւն,
Շուշա՜ն Սրբութիւն, Մշակո՛յթ ոսկի,
Որոնց էջերն են փորուած ժայռերուն
Եւ արեա՛մբ գրուած… Մենք լոյսի՛ ժառանգ
Եւ մութ դարերուն յոյսի՛ հրիտակ…
Օ՜, մենք՝ ոսոխի աչքին փո՛ւշ երկաթ…
Օ՜, մենք՝ աշխարհի անարդար ու խուլ
Խիղճը խարանող արդարութեա՛ն խայթ.
Կեղծ դաշինքներու թաւիշ ու խարխուլ
Սեղանը ռումբի պէս սարսող, թակող,
Արդար պահանջի բըռո՛ւնցք վրիժադող:
Եւ մենք, վա՛ղը, մենք՝ յաղթութեա՛ն բոմբիւն,
Յաղթ ու բամբ կոփի՛ւն կուռ հողին վրայ մեր,
Մենք՝ Նաւասարդի առաւօ՛տ ծիծղուն,
Մենք՝ ռմբեղ հեռով հըրաբխա՛ծ Մհեր
Եւ շղթայազեղծ ծարա՜ւ Արտաւազդ.
Մենք՝ պատեանէն դուրս սրածո՛ղ Եփրատ,
Մենք՝ աշխարհակալ անկա՛խ Արարատ…
ՊԱՏԿԵՐ
Ո՞վ պրպտէ, պեղէ պիտի
Ստորերկրեայ Ողբերգութիւնը Սփիւռքի,
Որ դուրսէն պերճ դամբարանի
Մարմարակերտ գեղը ունի,
Նե՞րսը սակայն . . .
Ներսը` ա՛լ սիրտ մը կայ առկայծ,
Գուցէ շիջած:
Ալ դո՛ւք տուէք անունը ճիշդ՝
Այս անշունչին,
Որ շնչելու կու տայ պատրանք,
Բայց որ միայն կ’ապրի վերջին
Շունչին արարը վերջնագոյն։
Քսաներորդ դարը կարծես
Կը պատրաստէ
Անոր թաղման պաղ թափօրին
Մահաքայլերգն յուղարկաւոր,
Որով պիտի
Գլորէ վիհը ժամանակի՝
Հին ազգի մը կէսը յամառ,
Որ դեռ ճամբա՛յ կ’ուզէ քալել,
Ու հոգեվարք՝ բայց կը քալէ՜….
Միւս կէսն` անոր կողակից,
Շատ չի՜ տեւեր – կը հետեւի՜
Անոր բախտին,
Եւ կը թաղուի՜ն…
Քարտէսէն ա՛զգ մ’ալ է պակսեր,
-Այսինքն ի՞նչ …