Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇԵՇՏԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

October 31, 2024
in Գաղութային
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇԵՇՏԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

 

 

Կրթական բնագաւառը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող մարզը եղած է միշտ: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց թեմ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Հայրապետը հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն թելադրեց առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ կրթական կեանքին։

Այս ծիրէն ներս, Պոսթընի մէջ, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ին, համայնքի նուիրեալ ընտանիքներէն՝ Կիւզէլեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցան Վեհափառ Հայրապետը եւ գաղութի զաւակներէն ոմանք։ Հանդիպման նպատակն էր Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ամէնօրեայ վարժարանին ընդլայնման ու արդիականացման ամբողջական ծրագիրը ներկայացնել ու ստանալ պոսթընահայութեան զօրակցութիւնը։ Հանդիպման աւարտին, Կիւզէլեան ընտանիք ներկայացուց վարժարանին յիշեալ ծրագիրը եւ յոյս յայտնեց, որ Պոսթընի հայութիւնը թեւ ու թիկունք կը կանգնի ծրագրի իրականացման։ Նշենք, վարժարանի պատասխանատուները առանձին հանդիպում ունեցան Նորին Սուրբ Օծութեան հետ՝ իմանալու համար անոր տեսակէտը ծրագրին շուրջ։ Հայրապետը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայնեց անոնց, միաժամանակ թելադրելով՝ փուլային կերպով վարժարանը մինչեւ երկրորդական կարգի հասցնելու ծրագիր ունենալ։

Աւելի ուշ, Տիթրոյթի մէջ, Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, նախաձեռնութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, կազմակերպուեցաւ յատուկ հաւաք մը՝ սատարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին առաքելութեան։

Ընթրիքի ընթացքին ներկաները դիտեցին Դպրեվանքի առօրեային առնչուած կարճ տեսերիզ մը։ Յաջորդաբար խօսք առին երեկոյի հովանաւոր Ռաֆֆի Քիւրէճեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ քհնյ. Գէորգեան, որոնք ընդգծեցին Դպրեվանքին օժանդակելու հրամայականը։

Աւարտին, ներկաներուն իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Կաթողիկոսը։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքը սովորական վայր մը չէ, ուր աշակերտներ կը յաճախեն սովորական ուսում ստանալու համար. Դպրեվանքը մարդակերտման, մա՛րդ պատրաստելու դարբնոց է: Այս սիրոյ սեղանին շուրջ գտնուող բոլոր հոգեւորականները անցած են Դպրեվանքէն, հոն թրծուած ու վերամարդացած են՝ երթալու եւ իրենց ծառայութիւնը մատուցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Դպրեվանքին նպատակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական ոգին դրոշմել մարդուն մէջ, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը:

Կարեւորութեամբ յիշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական բոլոր այցելութիւններու ընթացքին, շեշտեց գաղութներուն մէջ կրթական կեանքը վերակազմակերպելու կարեւորութիւնը՝ հայ դպրոցը նկատելով եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը՝ հայ կեանքէն ներս հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ամրապնդման նուիրուած։

 

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՈՒՇԱԴԻՐ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԵՂԾ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ»

Next Post

ՎԵՐՅԻՇԵՆՔ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ

Next Post
ՎԵՐՅԻՇԵՆՔ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ

ՎԵՐՅԻՇԵՆՔ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.