Պատերազմական օրերուն, Լիբանանի մէջ տարածուած է նաեւ հեռաձայնով կեղծ ահազանգներու երեւոյթը, որ սարսափի կը մատնէ քաղաքացիները: Նորագոյն օրինակը երէկ առաւօտեան Անթիլիասի հայաշատ թաղամասերուն մերձակայ «Մարոնի բնակարանային համալիր»էն էր, ուր կեղծ ահազանգ տարածուեցաւ մանկամսուր մը թիրախաւորելու իսրայէլեան մտադրութեան մասին: Տարաձայնութիւնը սարսափ յառաջացուց շրջանի բնակչութեան մօտ, մինչ կեդրոնի տնօրէնութիւնը արագօրէն տարհանեց երեխաները դէպի քաղաքացիական անվտանգութեան մօտակայ կեդրոն՝ սպասելով ծնողաց ժամանումին: Նման կեղծ լուրեր տարածողները տակաւին կը սպասեն իրենց արժանի պատիժին: