Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը 10 Նոյեմբերին, Ժընեւի Սեն Փիեռ տաճարին մէջ, Հայաստանի համար աղօթքի օր պիտի կատարէ:
«ԵՀԽ-ն կը հրաւիրէ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկը 10 Նոյեմբերին՝ Ատրպէյճանի մէջ COP29 գագաթաժողովի մեկնարկէն մէկ օր առաջ, միանալ Հայաստանի համար աղօթքին՝ յանուն խաղաղութեան, փախստականներուն աջակցութեան եւ գերիներու ազատ արձակման»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Միջոցառումը պիտի կազմակերպուի հայ համայնքին հետ համագործակցութեամբ: